ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԻՒ

Դատողութիւն եւ պատիւ կը նմանին ժամացոյցի, կարելի է ճշգրիտ եւ յարգի ժամացոյցներ ըլլալ՝ բաւ է, որ մարդ տեւական խնամք տանի անոր։ Արդարեւ, ամէն արժէք եթէ անշարժ մնայ՝ չաշխատի եւ չգործէ, որեւէ օգուտ քաղել կրելի չըլլար այդ արժէքէն։ Զոր օրինակ, ժամացոյցը օգտակար առարկայ մըն է եւ ո՛չ թէ՝ զարդ. ուստի, պէտք է աշխատի եւ որպսէզի աշխատի՝ հոգ եւ խնամք պէտք է տանիլ անոր։ Ամենէն ընտիր ժամացոյցն իսկ կրնայ որեւէ պատճառով խանգարուիլ, սխալիլ եւ մինչեւ իսկ գործելէ դադրիլ։ Ուստի, հա՛րկ է ուղղել զայն։ Ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ կը կորսնցնէ իր գործունէութիւնը եւ հարկ կ՚ըլլայ նորոգել եւ թարմացնել զայն։ Նո՛յնն է պարագան բոլոր բարոյական արժէքներու համար, ինչպէս՝ դատողութիւն եւ պատիւ։

Ինչպէս որ ժամացոյցին ամենէն ապահով եւ վերջնական ուղղիչը արեւն է, նոյնպէս երբ բարոյական արժէքներ եւ արարքներ դատելու ատեն մեր դատողութեան եւ պատիւի վճիռին մասին տարակոյս ունենանք, ի՛նչ որ ասիկա յաճախադէպ իրադարձութիւն մըն է խղճամիտ մարդու մը համար, այն ատեն պէտք կը զգանք արեւին դերը կատարող «դատաւոր»ի մը։ Արդեօք սխալած կրնա՞նք ըլլալ, երբ ըսենք, թէ Աստուած մարդուն մէջ դրեր է խիղճը՝ արեւին դերը կատարելու համար, երբ բարոյական մարդը իր ժամը կամ օրը կորսնցնելու վտանգին կ՚ենթարկուի կամ իր «ժամացոյց»ին ուղղութեան մասին տարակուսած ատեն կ՚ուզէ ուղղել արեւին հետ, վըստա՛հ ըլլալու համար, թէ իր ժամը սխալ չէ…

Մեր դատողութեան, պատիւին եւ խիղճին նմանութիւնը ժամացոյցին եւ արեւին հետ կրնայ ճիշդ չըլլալ ամէն կէտի մէջ, բայց կրնայ լուսաբանել մեր միտքը ասոնց յարաբերական արժէքի մասին։ Այն մարդը՝ որ կը վստահի լոկ իր դատողութեան, որ սխալ տուեալներու եւ ծանօթութիւններու պակասին հետեւանքով, կրնայ ուրիշ ուղղութիւն մը ցուցնել, եւ պատիւին՝ որ մարդու զգացումներուն, ըմբռումներուն, հաւատալիք եւ համոզումներուն, եւ գաղափարականներուն իւրակերտ ձեռագործն է, կեանքի մէջ պիտի հանդիպի մութ եւ խաւար անկիւնադարձերու, ուր աւելի՛ լոյսի պէտքը զգալի պիտի ըլլայ մեծապէս։

Եւ խիղճը սահմանուած է այդ մութ, խաւար եւ դժուարին անցքերը լուսաւորող լուսարձակին կամ արեւին դերը կատարելու։ Բայց այն խիղճը՝ որ ժամացոյցի նման ամէն օր կ՚ուղղուի արեւին միջոցով, եւ կը փորձուի ուղիղի եւ սխալի, բարիի եւ չարի, օգտակարի եւ վնասակարի ամէնօրեայ վարժութիւններու եւ մարզանքներու միջոցին, այն խիղճը՝ որ կեանքի կարեւոր քայլափոխներու ատեն անոր ամենէն մեղմ եւ քաղցր փսփուքներուն ալ անսալու սովորութիւնը եւ անոր մատնանշած ուղղութենէն քալելու իմաստութիւնը եւ հմտութիւնը ունի, եւ ո՛չ թէ այն խիղճը՝ որ ենթակային ապօրինի ընթացքներուն հետեւելով տարակոյսի մշուշներու մէջ կը կորսուի եւ անօգուտ կը դառնայ փնտռուած ուղղութիւնը ցոյց տալու համար, ինչպէս արեւը՝ որուն պայծառ շողերը կը մթագնին սեւ եւ խաւար ամպերու անթափանցելի քօղին ներքեւ։

Կեանքի մէջ, ուր բարոյական շինարար սկզբունքներու մասին ամէն տեղ, ինչպէս ժողովուրդներու իրականութեան մէջ, հանրային առողջ կարծիք մը, գաղափար մը անհրաժեշտ պահանջք մը, պէտք մըն է, այս լուսարձակը անփոխարինելի զէնք մը կը դառնայ, քանի որ երկնային լոյսով լուսաւորուած խիղճը՝ մաքուր խիղճը բաղձացուած խաղաղութեան եւ երջանկութեան մեծագոյն ազդակն է։

Ուստի, պզտիկ յաւելումով եւ բարեփոխութեամբ մը պիտի փափաքէինք ակնարկուած հարցին վերջաբանը ընել։

Նախ՝ գաղափարը՝ միտքը եւ դատողութիւնը, զօրացած մաքուր եւ լուսաւոր խիղճով շատ աւելի զօրաւոր է եւ ազդեցիկ քան ամէն զէնք։

Յետոյ կարենալ համարձակ ըսել.- Ես ունիմ իմ դատողութիւնս, հաւատալիքս եւ համոզումս. պատիւս եւ խիղճս՝ որոնց ցուցմունքին համեմատ կը գործեմ, կը շարժիմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին եւ չե՛մ շեղիր սկզբունքներէս, քանի որ համոզուած եմ անոնց ուղղութեան։

Որովհետեւ անհատներու եւ հաւաքկանութիւններու, ժողովուրդներու կեանքին մէջ հասարակաց դատողութիւնը, պատիւը եւ խիղճը միայն կը մատնանշեն ամենէն բարի, ամենէն օգտակար եւ ամենէն ապահով ուղղութիւնը։

Պատիւը մարդուս ինքնութեան կարեւոր մէկ բաղկացուցիչն է եւ պաշտպանութեան կը կարօտի ամէն վիրաւորանքի հանդէպ, եւ այս ուղղութեամբ ան արժանապատուութիւն է. ամէն մարդ՝ իր «մարդ» կոչումով ունի արժանապատուութիւն, որ պէտք է պաշտպանուի եւ պահպանուի։

Արդարեւ, պատիւը եւ դատողութիւնը մարդուն թանկագին ստացուածքներն են։ Մարդը՝ «մարդ» հանգամանքը կը ստանայ դատողութեան եւ պատիւի շնորհներով։ Դատողութիւնը լուսաւոր եւ պատիւը բարձր պահել մարդուն առաջնակարգ պարտքն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 6, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026