ՄԵՐ ՕՐԵՐՈՒ ԽՈՆԱՐՀ ՀԵՐՈՍԸ

Մեր օրերուն, երբ մեծութիւնը յաճախ աղմուկով, ցուցադրականութեամբ եւ արտաքին յաջողութիւններով կը չափուի, հազուադէպ է հանդիպիլ այնպիսի անձերու, որոնց արժէքը կը հաստատուի լռութեան մէջ, ներքին ամբողջականութեամբ եւ անխախտ նուիրումով։ Այս իրողութեան մէջ, բնականաբար կը ծագի հարցում մը, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ հարուստ կենսագրութիւն, բազմակողմանի գործունէութիւն եւ ստեղծագործական վաստակ ունեցող անհատ մը խոնարհ եւ պարզ մնայ։

Այս հարցումին պատասխանը մարմնաւորուած է բժշկապետ Վահան Արծրունիի (1857-1947թթ.) արժանաւոր ժառանգ, հայ մշակութային գործիչ, երգահան, երգիչ, երաժիշտ ու բժիշկ Վահան Արծրունիի մէջ, որ իր ծննդեան 60-ամեակը կը նշէ այս տարի: Արծրունին, իր գործով, արուեստով, ստեղծագործական ներկայութեամբ եւ մարդ տեսակով կու գայ հաստատելու, թէ իսկական մեծութիւնը ո՛չ թէ աղմուկի ու ցուցադրութեան մէջ է, այլ՝ խորունկ, ներքին եւ զուսպ պահուածքի ու գործունէութեան մէջ:

Այսօրուան արժեչափերով գրեթէ անկարելի է պատկերացնել, որ նման բազմաբնոյթ եւ բազմակողմանի հետաքրքրութիւններ ունեցող անձ մը, իրապէս կրնայ պահպանել խոնարհութիւն, որովհետեւ այսօր նոյնիսկ պզտիկ իրագործում մը կատարողը երբեմն այնպիսի տպաւորութիւն կը ստեղծէ, թէ ինք արդէն մեծութիւն մըն է եւ ինքնաբաւ իրականութիւն մը։

Սակայն, Վահան Արծրունի այդ պատկերացումէն դուրս է։ Ընդհակառակը, իր հարուստ կենսագրութեամբ, իր անցած երկար եւ բազմաշերտ ճանապարհով, ան կը ներկայանայ որպէս խոնարհ մեծութիւն մը, որուն համար արուեստը, մշակոյթը եւ երաժշտութիւնը ո՛չ թէ սովորական զբաղում մը կամ նախասիրութիւն մըն են, այլ՝ կենսակերպ եւ ներքին անհրաժեշտութիւն։ Ան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ պարզ կատարող մը չէ, այլ անոնց կենդանի մարմնաւորումն է, որովհետեւ իր ամբողջ էութեամբ կ՚ապրի ու կը շնչէ իր արուեստը, ինչպէս նաեւ ապրիլ ու շնչել կու տայ նաեւ իր հանդիսատեսին։

Վահան Արծրունի, արդարեւ, այն հազուադէպ արուեստագէտներէն է, որ հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու, անտեսումներու եւ խոչընդոտներու, երբեք չի՛ գիտեր յուսահատիլ եւ չի՛ գիտեր նահանջել։ Իր մէջ կայ ներքին ամրութիւն մը, որ զինք կը պահէ ուղղահայեաց, նոյնիսկ այն պահերուն, երբ պայմանները անյաղթահարելի կը թուին։ Աւելի՛ն, երբ իր դէմ յատուկ կերպով արգելքներ կը յարուցուին կամ փորձ կը կատարուի սահմանափակել իր գործունէութիւնը, ան չի՛ համակերպիր պարտադրուած իրականութեան, այլ՝ կը շարունակէ իր ուղին ստեղծագործական աւելի մեծ յամառութեամբ եւ ներքին ազատութեամբ։

Արծրունի երգահանն ու ստեղծագործ երաժիշտը իր արուեստով դրականօրէն կը ներգործէ հասարակութեան վրայ՝ առանց աղմուկի, առանց ցուցամոլութեան, բայց խոր ազդեցութեամբ։ Իր ստեղծագործական աշխատանքը կամուրջ մըն է՝ անցեալի ու ներկայի միջեւ, ազգային արմատներու եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներու միջեւ։ Այսպիսով, ան մարդոց կը յիշեցնէ իրենց մշակութային ինքնութիւնը եւ անոնց կը պարգեւէ արուեստ մը, որ կը դառնայ հոգեւոր ու մտաւոր փորձառութիւն եւ ներքին ապրում։

Տակաւին, հակառակ այն իրողութեան, որ թէ՛ անցեալի եւ թէ ներկայի իշխանութիւնները ո՛չ միայն չեն աջակցած Վահան Արծրունիին, այլ երբեմն նաեւ խոչընդոտներ ստեղծած են անոր գործունէութեան դիմաց, ան երբեք չէ՛ ընկրկած եւ իր սկզբունքները չէ՛ զոհած յանուն «փառքի» ու «շահի»։ Ընդհակառակը, այդ բոլոր դժուարութիւնները զինք դարձուցած են աւելի ամուր, աւելի հետեւողական եւ աւելի ստեղծագործական իր ընտրած ուղիին մէջ, որովհետեւ իրեն համար իր արուեստը եւ ընդհանրապէս արուեստը ենթակայ չէ՛ եղած ու պէտք չէ՛ ըլլայ արտաքին ճնշումներու կամ ժամանակաւոր հանգամանքներու։ 

Այս բոլորէն մեկնած՝ Վահան Արծրունի կը ներկայանայ որպէս արուեստագէտ մը, որ իր կեանքով եւ գործով կը հաստատէ, թէ իսկական մեծութիւնը աղմկոտ չէ, ինչպէս նաեւ իսկական ուժը ցուցադրական չէ։ Ան կը շարունակէ իր ուղին լուռ հաստատակամութեամբ՝ իր դրօշակը պահելով բարձր, ո՛չ թէ արտաքին փառքի համար, այլ՝ ներքին հաւատարմութեամբ իր արժէքներուն, իր մշակոյթին եւ իր ժողովուրդին հանդէպ։

Ամփոփելով՝ Վահան Արծրունիի կերպարը կը ներկայանայ որպէս կենդանի վկայութիւն մը այն ճշմարտութեան, թէ մեծութիւնը նախ եւ առաջ ներքին որակ մըն է, ո՛չ թէ արտաքին ցուցադրութիւն։ Ան իր կեանքով, իր գործով ու իր արուեստով կը սորվեցնէ ու կը վկայէ, որ խոնարհութիւնը ո՛չ թէ տկարութիւն է, այլ՝ բարձրագոյն ուժի, հաստատուն կամքի եւ տոկունութեան արտայայտութիւն։ Իր անցած ուղին կը հաստատէ, թէ ճշմարիտ արուեստագէտը կը մնայ հաւատարիմ իր կոչումին՝ անկախ ժամանակի փորձութիւններէն ու դժուարութիւններէն։ Աւելի՛ն, Վահան Արծրունիին օրինակով կարելի է վերարժեւորել լռութեան մէջ ծնած մեծութեան եւ նուիրումին մէջ կոփուած ուժի տիպարը։ Այսպիսով, Արծրունին մարդկութեան համար եւ ի մասնաւորի հայութեան համար ո՛չ միայն արուեստի նուիրեալ սպասաւոր մըն է, այլեւ՝ հոգեւոր, մտաւոր ու մշակութային կենդանի ուղեցոյց մը։ 

Մեծ եւ խոնարհ Վարպետին քաջառողջ օրերու բարեմաղթանքով, յուսանք, որ ան տակաւին երկար տարիներ շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ իր ստեղծագործ ոգիով լուսաւորէ նոր սերունդներու մշակութային ճամբաները եւ հասարակութեան հոգեւոր ու գեղարուեստական կեանքը հարստացնէ նոր արժէքներով։

*

Այստեղ ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Վահան Արծրունիին դեռ եւս 2014 թուականին տուած հարցազրոյցներէն հատուած մը, ուր հետեւեալ հարցումը ուղղուած է իրեն Կոմիտաս վարդապետի մասին.

Մենք օրէ օր Կոմիտասէն կը հեռանանք: Ցաւալի է, բայց հայը կրնայ ռատիոյով Կոմիտաս լսել ու անմիջապէս ռատիոյին ալիքը փոխել: Ի՞նչն է պատճառը»:

Կոմիտասը աւելի լայն հասկացութիւն է, որ կը խորհրդանշէ որոշակի արժեհամակարգի կարգավիճակ մը: Ան հայու որոշակի տեսակ է, կենսակերպ, ինչ որ ես կը համարեմ ու կ՚անուանեմ մշակութային հայու տեսակ: Կոմիտասի օրինակով կարելի է հսկայական քանակի հարցումներու պատասխաններ գտնել: Այդ հարցումներէն է ձեր հարցումը: Սա զգայարաններու եւ արժեհամակարգի բացակայութեան կորուստ է: Շատերը Կոմիտաս կը լսեն եւ չեն կրնար տեղաւորել զայն իրենց աշխարհայեացքին մէջ: Այն հոգեւոր տարածքը, ուր պէտք է մարդու ներաշխարհին մէջ որոշակի հոգեւոր գործընթացներ յառաջացնէր, այդ տեղը հանրութեան մեծամասնութեան մօտ, ցաւօք, զբաղուած է ռապիզով, արաբական, թրքական երաժշտութեամբ: Ի սկզբանէ այդ մարդոց մօտ հոգեւոր տարածքը այնքան ալ մեծ չէ, փոքր է ու եթէ աղբով լեցուած է, պատկերացնել, որ այդ աղբափոսին մէջ յանկարծ կը յայտնուի որեւէ արժէքաւոր բան, հաւանականութիւնը չնչին է:

Ատոր պատճառով ալ մենք ունինք այն, ինչ այսօր ունինք: Պատկերացուցէք, եթէ 20 տարիներու ընթացքին լրատուամիջոցները զբաղած են մարդոց հոգեւոր տարածքը աղբ լեցնելով, այդ մարդիկ ի՞նչ կրնան ընել կամ ես ու դուք: Այստեղ, արդէն անձնական հոգեւոր փորձառութեան խնդիր է, որովհետեւ իրմէ բացի՝ այդ հոգեւոր տարածքը ո՛չ ոք կրնայ ազատել: Մարդը ինք պէտք է գիտակցի, որ այդ տարածութիւնը անհրաժեշտ է մաքուր պահել, որպէսզի ան արժէքաւոր նիւթով լեցուի եւ ինքզինք անբաժան մասնիկը զգայ մեր մշակոյթին, մեր պատմութեան, հայու արժեհամակարգին: Կոմիտասը տիեզերական ընկալումներու մարմնաւորման այն տեսակն է, որ իրական պատկերացումը կու տայ հայկական մշակութային մարդու մասին: Այսինքն՝ ո՞վ է հայը իր տեսակով՝ մշակութային դաշտին մէջ, ո՞վ է հայը՝ որպէս բարոյական էութիւն, ապա նաեւ՝ քաղաքացի: Եթէ դուն կը մերժես արժեհամակարգդ, դուն չե՛ս կրնար ընկալել զայն, ինչ որ իրականին մէջ կը համապատասխանէ էութեանդ (www.168.am):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

2 մայիս 2026, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026