ԱՆԿԱՐԵԼԻՆ ԿԱՐԵԼԻ ԸՆՈՂ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԸ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կան դէմքեր, որոնք իրենց ազդեցութեամբ կը տարբերին ուրիշներէ. դէմքեր՝ որոնք կը մարմնաւորեն այն պայքարի ոգին, որ հայը իր գոյութիւնը պահպանելու դարեր շարունակ կոփած ու ձեւած է: Դէմքեր՝ որոնք ճգնաժամի դիմաց սարսափելու եւ տագնապելու փոխարէն եղած են փարոսը ամբողջ ժողովուրդին, մարմնաւորելով այն վերածնունդի ուժը, որ հայը բազմիցս փաստած է պատմութեան զանազան շրջաններուն: 

Նման քանի՞ դէմք կը ճանչնաք՝ չենք գիտեր, սակայն, եկած ենք անոնց վրայ նոր մը աւելցնելու. Սահակ Կաթողիկոս Խապայեան։ Համեստ ու նուիրեալ այս Վեհափառ Հայրապետը մեծղի հատորներու հեղինակ չէ. ո՛չ երաժշտագէտ է եւ ո՛չ ալ մեծ համալսարաններու շրջանաւարտ մը, սակայն, ամէ՛ն բանէ առաջ եւ վեր ՀԱՅ է։ Ծերունազարդ այս վեհափառը աւելիով սիրել սկսայ, երբ կարդացի 1930-ական թուականներուն գրած «Սրտիս կսկիծը» խորագրեալ նամակ-գրութիւնը։ Յիշեալ գրութիւնը գրած ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը 88 տարեկան էր։ Ան իր բառերուն ու արտայայտութիւններուն մէջ պարզ ու համեստ է. ո՛չ բառարանին մէջէն կորսուած բառեր դուրս բերելու զաւեշտալի դրութեան մէջ կը դնէ ինքզինք եւ ո՛չ ալ բանախօսութիւն կամ ուղերձ կը կարդայ։ Ան կը խօսի հայուն հետ. նամակ-գրութեան առաջին տողերը ինքնին բաւարար են ծերունազարդ կաթողիկոսի դժբախտ կեանքի ընթացքը հասկնալու. «Ութսուն ութ երկարաձիգ տարիներու ահագին բեռան ներքեւ կքած ու ճնշուած, ակնարկ մը կը նետեմ անցնող տարիներու շղթային վրայէն եւ այդ շղթայի վերջին 34 օղակներն - կաթողիկոսութեանս դաժան տարիներն - իրարու ագուցուած են վշտի ու ցաւի, տառապանքի ու արհաւիրքի, սարսափի ու սոսկումի դժնդակ դէպքերով եւ խորունկ կսկիծով մը կծկած են սիրտս»։ Շատեր պիտի մտածեն, որ այդ ժամանակաշրջաններուն գրեթէ բոլո՜րը «կսկիծ» ունէին։ Հաւանաբար այո, սակայն, Սահակ Կաթողիկոսի «կսկիծ»ը ամբողջութեամբ կը տարբերէր ուրիշներէ. ան իր սեփական անձին համար չէ՛ր, որ մտատանջութեան կը մատնուէր։ Մտահոգութիւնը տարբեր էր. դարերու կեանք ունեցող Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերջին կաթողիկոսը ի՞նք պիտի ըլլար. պատմութիւնը իր օրօ՞ք պիտի արձանագրէր մահը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան. ան իր տողերուն մէջ կը գրէ. «Մահացնող կսկիծ մը զիս կը կրծէր, Կիլիկիոյ 800 տարուայ կաթողիկոսութեան ՎԵՐՋԻՆ կաթողիկոսն պիտի ըլլայ, այն կաթողիկոսութեան»։ Այդ իսկ պատճառով ամէն գնով պարտաւոր էր ապրեցնել կաթողիկոսութիւնը։ Վերապրեցնելու համար, սակայն, կը պակսէին շա՜տ հիմնական կարիքներ. առաջուան երիտասարդը չէր. յառաջացած այդ տարիքին քանդուած ամէն բան սկիզբէն սկսիլը յոգնութիւն էր. ի՛նք պատրաստ էր այդ յոգնութեան տոկալու. հոգին յօժար էր՝ սակայն մարմինը տկար: Մարմնական առողջութենէն անդին կը պակսէր նաեւ գումար. Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Սահակ Հայրապետի օրօք նոյնիսկ ցեղասպանութենէն առաջ նիւթապէս թշուառ վիճակի մէջ կը գտնուէր. տակաւին Սիսի մէջ գտնուած ժամանակ Սահակ Կաթողիկոս ստիպուած եղած էր հայկական վարժարանը փակել. «Կիլիկիոյ կաթողիկոսաց պատմութիւն»ին մէջ այդ աղքատութիւնը կը նկարագրուի հետեւեալ տողերով. 

«Հանգուցեալ կաթողիկոսի օրով, ինչպէս միաբանութեան քանակը, նոյնպէս սնունդը յայտնի չէ, որովհետեւ ինքը Սիսի մէջ երկար մնացած չէ, որով վանք եւ վանականք դէպքին ու բախտին մնացած են, բայց 1895-էն վերջը բոլորովին խեղճութեան մատնուեր են, այնքան որ նախնի դարերու անապատականներէն աւելի ժուժկալութիւն ունեցած են։ Տարի եղած է, որ պանիրի երես տեսած չեն` ագարակը միշտ ձեռքերնին ըլլալով հանդերձ։ Տարի եղած է, որ ամիսներով գարիի հացով կշտացեր են»։ Պատմութիւնը կ՚ըսէ, որ նոյնիսկ անմիջական պարագաներու պակասը ունեցած են. ինչպէս օրինակ՝ դգալ, պնակ: Սիսի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցին կանգուն պահել փորձող ծերունի կաթողիկոսը դէմ յանդիման էր շատ աւելի վտանգաւորին՝ առ յաւէտ կորսուելուն։ Ծերունազարդ կաթողիկոսը այդ զգացումը կ՚ամփոփէ հետեւեալ տողերուն մէջ. «Ժողովուրդիս հետ մորմոքեցայ, ժողովուրդիս հետ լացի, ժողովուրդիս հետ վերադարձայ հայրենիք եւ ժողովուրդիս հետ երկրորդ անգամ տարագրութեան ցուպը ձեռքս առի, քաղաքէ քաղաք շրջեցայ»։ Այս բոլոր տառապանքներէն ետք տեսնել Անթիլիասը, տեսնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ու չսքանչանալ նման մարդու մը նկարագրով... անկարելի է. եթէ այդ կառոյցները շատերու համար պարզապէս «շէնք» ու «քար» են, ապա կ՚առաջարկենք նուազագոյնը անգամ մը կարդալ «Սրտիս կսկիծը» գրութիւնը, հասկնալու եւ տեսնելու համար այն բոլոր զոհողութիւնները, որոնք եղած են թշուառութեան ծայրայեղ վիճակին մէջ։ Մուրացկան ըլլալու գնով՝ Սահակ Կաթողիկոս իր շուրջ հաւաքելով նուիրեալ մի քանի եկեղեցականներ անկարելին դարձուած է կարելի, որպէսզի գաղթական հայ ժողովուրդը ունենայ եկեղեցի, ունենայ դպրոց, ունենայ դպրեվանք։ Այսօր եւս շատեր հոգի կու տան այս կամ այն շինութիւնը ընելու՝ պարզապէս որպէսզի իրենց անունը գրուի այդտեղ, սակայն, Խապայեան Կաթողիկոս այդ մանրուքներով զբաղելու «բախտաւորութիւն»ը չունէր. անոր համար եկեղեցի շինելը ո՛չ թէ իր անձին փառք էր, այլ ժողովուրդի մը ապագան փրկելու մեծագոյն փորձ մը: 

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Վատութիւններէն ստորնագոյնը ծնողի ու հայրենիքի յիշատակներու անարգանքը հանդուրժելն է: Ազգերը կը սկսին մեռնիլ այն օրէն, երբ կամաց-կամաց կը մոռնան այս գերագոյն ճշմարտութիւնը:

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2026