ՄԱՐԴ, ՈՐ ԽՕՍԵԼՈՒ ՏԵՂ ԳՈՐԾԵՑ
Ազգ մը միայն իր բանակով, իր սահմաններով, իր մշակոյթով ու արժէքներով չէ՛, որ իր գոյութիւնը կ՚ապահովէ։ Անոր գոյութեան մէջ դեր կ՚ունենան նաեւ անձեր, որոնք շատ անգամ կը մնան անանուն։ Իրականութեան մէջ անոնց անուններն ալ գիտնալու կարիք չկայ, որովհետեւ անոնք նուիրեալներ են եւ նուիրեալ մը կ՚անմահացնէ ո՛չ թէ իր անունը՝ այլ գործը. նուիրեալներ՝ որոնք իրենց անձնական հանգիստը կը զոհեն, որպէսզի հասարակութիւնը շահի: Անկասկած այդ նուիրեալներէն մէկն է նաեւ արդէն իսկ մոռացութեան յանձնուած Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը: Անձնուէր այս երիտասարդին անունը կը յիշուի թէ ոչ՝ պատմութիւնը պիտի պատասխանէ, սակայն, իւրաքանչիւր հայ անպայմանօրէն պէտք է յիշէ այն նշանաբանը, որ Ինճէճիկեան իր կեանքի օրինակը դարձուցած էր. «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»:
Տկարութիւն չճանչցող այս երիտասարդը իր ուսումը կատարելագործելու համար կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, սակայն, այդտեղ կը նկատէ շատ կարեւոր բացթողում մը. իր ապրած շրջանին մէջ հայկական դպրոց գոյութիւն չունէր եւ երիտասարդներ կամայ-ակամայ օտար վարժարաններ կը յաճախէին։ Ինճէճիկեանի համար աւելի քան երբեք պարզ ու յստակ էր, որ նման պարագաներու մէջ սերունդներու կորուստը վերջաւորութեան կ՚ըլլայ անխուսափելի: Շատ շատեր կը հաւատային ու կը մտածէին, որ սփիւռքի մէջ հասակ առնող նոր սերունդը հայ պահելու համար անհրաժեշտ է դպրոց ունենալ։ Բոլորը կը մտածէին, սակայն, Ինճէճիկեանի տարբերութիւնը այն էր, որ ո՛չ միայն կը մտածէր ու կը հաւատար՝ այլ գործելու պատրաստակամութիւնը ունէր: Եթէ միայն թուականները մեր աչքին դիմաց ունենանք, ապա շատ աւելի յստակ պիտի ըլլայ անձնուէր այս հայուն նուիրումը։ Ինճէճիկեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ դպրոց բանալու առաջարկը կը բարձրացնէ 1955 թուականին. 1960 թուականին կը սկսի իրական գետնի վրայ իր ուսումնասիրութիւններն ու ծրագիրները կազմել. զանազան դժուարութիւններ յաղթահարելով 1964 թուականին 12 հայ աշակերտներով յաջողած է բանալ առաջին ամենօրեայ դպրոցը։ Անշուշտ, այստեղ թուականները յիշելով ուշադրութեան արժանի է, որ Ամերիկայի հայահոծ շրջաններէն մին իր ամենօրեայ դպրոցը ունեցած է ցեղասպանութենէն մօտաւորապէս կէս դար՝ 49 տարիներ ետք: Իրականութեան մէջ այս մէկը պէտք է տեղի ունեցած ըլլար գաղթի առաջին իսկ օրերուն։ Շատեր իրենց տեղահանութիւնը ժամանակաւոր ըլլալ կը կարծէին։ Գաղթականներու առաջին սերունդը (մեծամասնութեամբ) կը կարծէին, որ պիտի վերադառնան իրենց ծննդավայրերը եւ գուցէ այդ է պատճառը, որ այնքան անհրաժեշտ չէին նկատած հայկական դպրոցի մը գոյութիւնը։ 1964 թուականին այդ պէտքը շատ աւելի զգալի էր, որովհետեւ առաջին սերունդի յաջորդող երրորդ, չորրորդ սերունդի երիտասարդութիւնը արդէն իսկ օտարանալու վտանգին դիմաց կը գտնուէր:
Այսօր մեր հայկական իրականութենէն ներս ունինք գաղութները «կառավարող» ղեկավարներ, որոնք այդ բոլորը կը կատարեն զոհողութենէ աւելի որպէս աշխատանք՝ նիւթական այս կամ այն ակնկալիքներուն դիմաց, սակայն, Գաբրիէլ Ինճէճիկեան ո՛չ թէ նիւթական շահեր չէր հետապնդեր, այլ նոյնիսկ իր սեփական միջոցներէն զոհողութիւն կը կատարէր։ Իր նորաբաց դպրոցին մէջ ան թէ՛ ուսուցիչ, թէ՛ տնօրէն եւ թէ բանուոր էր։ Անոր նպատակը մէկն էր. ընել կարելին, որպէսզի գոյատեւէ հայ դպրոցը: Ընդամէնը 12 աշակերտներով սկիզբ առած Ինճէճիկեանի դպրոցը տարիներու ընթացքին աճելով կը հասնի հարիւրաւոր աշակերտներու եւ այս մէկը կը դառնայ նախաշաւիղը Ամերիկայի մէջ բացուող մի քանի տասնեակ դպրոցներու։ Ինճէճիկեանի այս ձեռքբերումը հայելին է հայկական այն դժբախտութեան, որ մեր ժողովուրդը գործելէ աւելի կը սիրէ խօսիլ։ Օրուան մամուլին մէջ կարելի է բազմաթի՜ւ քննադատութիւն գտնել Ինճէճիկեանի այս աշխատանքին մասին, որովհետեւ շատեր կը հաւատային, որ անհատ մը իր ջանքերով, իր զոհողութեամբ չի կրնար յաջողիլ նման դպրոցի մը շինութիւնը ձեռնարկել։ Այդ ալ հայերու յատուկ հիւանդութիւն մըն է. մի քանի հոգի ձեռք ձեռքի տալով երազ մը իրականացնելու փոխարէն հեռուէն կը դիտենք. կը քննադատենք ու կը սպասենք, որ այլոց երազները չիրականանան՝ որպէսզի ըսենք, թէ «գիտէինք»՝ չըսելու համար անտարբերութեամբ հանդիսատես էինք միայն…
Այս բոլորին մասին գրելու ժամանակ կը նկատենք, որ ամէն ժամանակէ աւելի այսօր կարիքն ունինք Ինճէճիկեանի նման մարդոց, որոնք խօսելու փոխարէն կը գործեն. որոնք հայ սերունդի կործանումը լալու փոխարէն իրական գետնի վրայ լուծումներու կը դիմեն։ Ինճէճիկեանի հիմնած դպրոցն ու դպրոցները մինչեւ օրս կը շարունակեն իրենց յարկին տակ ընդունիլ բազմաթի՜ւ հայորդիներ, որոնք կը պայքարին օտարութեան մէջ իրենց ինքնութիւնը, իրենց հայութիւնը պահել։ Այսօր բողոք կը պատճառէ Ամերիկայի մէջ ապրող հայ սերունդներու մայրենիի չիմացութիւնը, սակայն, միւս կողմէ պէտք է հպարտութիւն պատճառէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ մինչեւ օրս հայերէն գիտցողներէն շատ շատեր իրենց հայութիւնն ու ինքնութեան պահպանումը կը պարտին Ինճէճիկեանի:
Ամերիկա ապրող հայ երիտասարդներէն քանի՞ն գիտէ Ինճէճիկեանի անունը՝ չենք գիտեր, սակայն, դրական կարծիք մը չունինք։ Մեր ազգը իր այս ներկայ վիճակէն փրկելու եւ դուրս բերելու համար մեզի անհրաժեշտ են Ինճէճիկեաններ, որովհետեւ ազգը միայն բանակով չէ՛, որ կը փրկուի։ Ապագայ սերունդները հայ պահելը հիմնական պատերազմին մէջ յաղթական դուրս գալ կը նշանակէ:
Լուսահոգի մայրենիի ուսուցիչս բոլոր գրողներուն համար կ՚ունենար հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Ան իր կեանքը որպէս զոհ եւ ընծայ նուիրաբերած է հայ գրականութեան զոհասեղանին»։ Ինճէճիկեան տարբեր չէ անոնցմէ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ժողովուրդը
իրեն մօտեցող գործիչներուն մէջ ամենէն առաջ բարոյական արժէքները կը փնտռէ, եւ եթէ անոնք չկան, եթէ չկայ մաքրութիւն, շիտակութիւն, անձնուիրութիւն, ո՛չ մի խելք, իմացականութիւն չի կրնար շահիլ ժողովրդեան սիրտը:
ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան