ԲԱՐԵՆԻՇԸ…

Շատ յաճախ դասարանէն դուրս ելած պահուս չեմ նկատեր, որ կուրծքիս աջին թէ՛ ձախին մնացած կ՚ըլլան աշակերտներուն փակցուցած բարենիշները, որոնց հետ ալ ամբողջ օրը դպրոցին մէջ կը դառնամ։ Գործընկերներս կը ժպտան, բայց չեն հարցներ այլեւս, քանի որ գիտեն, մանուկներուն անկեղծ սիրոյ աստղերն են անոնք։ 

Թէեւ հակառակն է ընդունուածը, գիտէք, ուսուցի՛չը պէտք է իր աշակերտներուն բարենիշներ բաժնէ, իրենց գիրքերուն ու տետրակներուն մէջ փակցնէ զանոնք՝ առ ի գնահատանք անոնց աշխատանքին, բայց… 

Եկէք տեսէք, որ հակառակը կ՚ըլլայ իմ պարագայիս։ Դասի ընթացքին, իրենց հետ բարենիշներ ունեցող շատ աշակերտներ ինծի կը մօտենան։ Արդէն վարժուած եմ.

-Ո՞ր մէկը կ՚ուզէք, օրիո՛րդ, կը հարցնեն։ 

-Չե՛մ ուզեր, կ՚ըսեմ միշտ։ 

-Չ՚ըլլա՜ր… 

-Դո՛ւն ընտրէ, կ՚ըսեմ։

-Ո՛չ, դուք ո՞ր մէկը կը սիրէք։ 

Կը զարմանամ. անմեղութիւնը սիրտս կը ցաւցնէ։ 

Նոյն կացութեան մէջ եթէ գտնուինք, մենք՝ մեծերս, այս հարցումը կը հարցնե՞նք։ Երբե՛ք։ 

Թէեւ յստակ է պատասխանը եւ անվիճելի, բայց ըսեմ. մեր ամենաչսիրա՛ծը ուրիշին կու տանք։ 

Այդպէս չէ՞։ 

Այդպէս է։ 

Նոյնը չե՛ն մանուկները, հաւատացէք։ 

Եթէ կարենային չփոխուիլ…

Միշտ կը պնդեն անոնք, որ իմ սիրած բարենիշս ինծի տան, եւ չեմ կասկածիր, որ հաճոյաբանութիւն մը չ՚ըլլար ասիկա։ Իմ գոհունակութիւնս հայցելով, աւելի՛ բարձր նիշ ու գնահատանք մը բաղձալով ինծի բարենիշ չեն նուիրեր անոնք։ Երբե՛ք։ Անոնց շարժող ուժը սէրը կ՚ըլլայ միայն։ 

Շատ յաճախ, դեռ չաղաւաղուած մեր մանուկներուն զիրար ամբողջացնող ներսինն ու դուրսինը կը դիտեմ եւ ակամայ, անբացատրելիօրէն իրարմէ անջատուած մերիններուն հետ կը հանեմատեմ.

Սարսափելի կ՚ըլլայ արդիւնքը։ 

Մեզմէ քանի՞ տոկոսը որեւէ բանի համար պէտք ունեցած անձին չի փորձեր հաճոյանալ։ 

Այսօր տեղի եւ անտեղի աղուոր խօսքեր կը ցանես, վաղը չես գիտեր ի՛նչ կը հնձես։ Այսօր ասոր-անոր «փոսթ»երուն տակ լայք ու սրտիկներ կը ցանես, վաղը նոյները կը հնձես. գոհ պահեմ, որ գոհ մնամ։ Ահա մեզ շարժող ուժը։ 

Այսքանը գիտէի, նորութիւն չէր։ Գիտէի նաեւ, որ այսպիսի վարքը դիւանագիտութիւն կը համարեն իրենց քայլերը խորապէս ուսումնասիրող, գործը գիտցող, հեռուն մտածող խելացի մարդիկ… 

Չգիտցածս այն էր, որ այս որակի դիւանագիտութիւնը մարդոցմէ կրնայ անցնիլ պետութիւններուն։ Ճշդեմ՝ մեր պետութեան։

Լրատուական միջոցներուն մէջ տարածուեցաւ, որ եկող աշնան Հայաստանի մէջ պիտի կիրառուին նոր անձնագիրներ։

Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարուհին մեր վարչապետին ներկայացուց այդ անձնագիրներուն կազմուածքը, գոյնը, ձեւաւորումը, էջերուն վրայի պատկերները, հոն երեւցած կերպարները, խորհրդանիշները, եւ այլն, եւ այլն… 

«Մեր ինքնութիւնը, պատմութիւնն ու պետականութիւնը կը ներկայացնեն այս անձնագիրին էջերը», ըսաւ մեր վարչապետը։ Ճիշդ է, երեւի։ Հոն այբուբենը կայ, օրինակ, Մեսրոպ Մաշտոցին տարբերակով, որոշ տառեր յատկապէս ընդգծուած են՝ պետական ռազմավարական մեր ձգտումները խորհրդանշելու համար. Այբը ազատութիւն է եւ անկախութիւն, Է-ն՝ Աստուած, Ինին՝ ինքնիշխանութիւնն է, իսկ Քէն՝ Քրիստոսը։

Աւելին կայ, բարեկամնե՛ր, եռագոյն մեր դրօշին գոյները օգտագործուած են անձնագիրի զարդանախշերուն մէջ եւ հայատառ առաջին նախադասութիւնն ալ կայ հոն. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։

Այսքանով չի՛ սահմանափակուիր մեր ինքնութիւնն ու պատմութիւնը, անկասկած։ 

Իւրաքանչիւր մարզը խորհրդանշող պատկերներ կան. Գեղարքունիքէն Սեւանայ լիճը կայ, օրինակ, Լոռիէն՝ Լոռուայ բերդը, Շիրակէն՝ Կիւմրիին ֆայթոնը իսկ Վայոց Ձորէն՝ Ջերմուկին ջրվէժն ու եղնիկը։ 

Էջմիածնի Մայր տաճարն ալ կայ, չկասկածի՜ք, Էրեբունի ամրոցը, անոր սեպագիր արձանագրութիւնն ու մեր պետականութեան ժամանակակից խորհրդանիշները՝ Նախագահին նստավայրը, Կառավարութեան շէնքը, Ազգային ժողովն ու Սահմանադրական դատարանը։ 

Անցեալէն մինչե՜ւ ներկայ. դեռ ինչպէ՞ս կարելի է պատկերել հայկական մեր ինքնութիւնը։ 

Խոր Վիրա՛պն ալ կայ, բարեկամներ, պատկերուած առանց Արարատի։

«Խոր Վիրապը նկարահանուած է այնպիսի անկիւնէ, ուր արտացոլուած է Հայաստանի Հանրապետութեան բացառապէս ինքնիշխան տարածքը», բացատրեց մեր վարչապետը։ 

Պակաս այս նկարն ալ մեր ինքնութեան մէկ մասն է. ընդունինք։ 

Ի՞նչ պէտք կար Խոր Վիրապը անձնագիրին մէջ ընդգրկելու. կը հարցնեմ։ 

Ինքնութիւն հաստատող այսքան խորհրդանիշներուն մէջ ի՞նչ կ՚ըլլար, եթէ Խոր Վիրապը չըլլար։ 

Դարձեալ ու կրկին. որո՞ւն, ի՞նչ փաստած եղանք առանց Արարատի պատկերուած Խոր Վիրապով։ 

Յստակ չէ՞։

Անկախ որեւէ գիծ, սահման ու համաձայնութենէ, երբ կը վախնանք, քաջութիւնը չունի՛նք «մե՛րն է» ըսելու եւ մե՛ր գիտցած Խոր Վիրապին պատկերը տեղադրելու, ուրեմն ինչո՞ւ կը տեղադրենք, դարձեալ կը հարցնեմ։

Սոսկալի է պատասխանը։

Մեզ դիտարկող մեր «հակառակորդներուն» ցոյց չտա՞նք, թէ ինչպիսի խելօք, հլու, հնազանդ բարեկամներ ենք մենք։

Ինչո՞ւ այս պատկերը ընդհանրապէս անձնագրին մէջ չընդգրկել ու արժանապատիւ մնալ, երբ կարելի է մեր թշնամիներուն հաճոյանալ։ 

Հրահանգներ են անոնց պահանջները եւ պարտինք զանոնք կատարել, բայց… պէ՞տք է քծնիլ։ 

Գո՞հ են արդեօք մեզմէ։

Մեր ինքնութիւնը փաստող անձնագիրներուն մէջ Խոր Վիրապը առանց Արարատի դրինք. այս քննութիւնն ալ բա՜րձր թուանշաններով անցանք։ 

Ի՞նչ կ՚ըսէք, բարենիշ մը եւս առի՞նք մեր կուրծքին:

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2026