ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Անոնք յայտագիրը գործադրեցին հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով՝ ծափահարութիւններու արժանանալով իրենց ներկայացուցած թատերակներով, պարերով, խմբերգներով եւ արտասանութիւններով։ Հանդէսին առթիւ դպրոցէն ներս ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Տատեանցի փոքրիկները բոլորի ջերմ վերաբերմունքին առարկայ դարձան՝ իրենց կրթական կեանքի առաջին քայլափոխին։

Ստեղծուած խանդավառ տրամադրութեան մէջ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը, որ բարձր գնահատեց փոքրիկներու տարուան մը աշխատանքին փայլուն արդիւնքը։ Միեւնոյն ժամանակ ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ այն կրթական մշակներուն մասին, որոնք այս ողջունելի արդիւնքը ապահոված էին իրենց նուիրեալ աշխատանքով։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին տղաքը համտեսեցի իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Շաբաթ, Մայիս 2, 2026