ԷԼԻԱՍ, ԷԼԷՆԱ, ՍԻՆԹԻԱ, ՔԼՕԷ

Սփիւռքահայ մամուլ մը Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով հրատարակեց սփիւռքահայ երիտասարդ-պատանիներու մտածումներ. կարեւո՛ր է լսել նոր սերունդին կարծիքը՝ հասկնալու եւ ճանչնալու համար այն ոգին՝ որով հասակ կ՚առնեն, որովհետեւ այդ ոգիին հիման վրայ է, որ ծնունդ պիտի առնեն իրենց յաջորդող սերունդները: Սակայն, այդ գրութիւններէն շատ աւելի ուշադրութիւնս գրաւեց այլ դժբախտութիւն մը… որ ոտնակոխ ըրաւ գոյամարտի եւ պայքարի ոգին: Ուզեցի աչքէ անցընել պահանջատէր հայորդիներու անունները. յուսախաբութիւն. Էլիաս, Էլէնա, Աննա Մարիա, Սինթիա, Քլօէ, Քլարիթա, Ալեքս, Ամանտա, Մակալի… միայն երկուքը՝ փոքրամասնութիւնը հայանուն՝ Կարէն եւ Արազ: 

Մարդ լոյս աշխարհ գալու ժամանակ իր անունը նախապէս ընտրելու «բախտաւոր»ութիւնը չունի, այդ իսկ պատճառով այս յօդուածը այդ երիտասարդներէն աւելի կը պատկանի իրենց ծնողներուն: Այս հարցը կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ շատեր կը կարծեն, որ անուանակոչութիւնը պարզապէս «ճաշակ»ի հարց է, սակայն, ճաշակէ աւելի տեղ մը ինքնութեան հանդէպ անտարբերութեան ու անփթութեան հարց է։ Այս մէկը շատ մեծ հաւանականութեամբ նոյնը պիտի ըլլար, եթէ Հրայր անուան տեղ կրէինք Օլիվըր կամ Լուքաս անունը։ Պատահական չէ, որ ժողովուրդներ կառչած կը մնան (գէթ կը փորձեն կառչած մնալ) որոշ անուններու, որոնք ազգային ինքնութիւն ցոյց կու տան, ազգային արժէք կը ներառեն եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը կը զարգացնեն։ Իւրաքանչիւր անուն իր հետ կը բերէ մշակութային ժառանգութիւն։ Անշուշտ, այստեղ հարկ է նշել, որ հայրենասիրութիւնը անուան հետ կրնայ ընդհանրապէս աղերս չունենալ։ Հայկական անուն կրող դաւաճաններ շա՜տ ունեցած է հայ ազգը. միւս կողմէ ունեցած է նաեւ օտարազգի անուններ կրող հայրենասէրներ՝ որոնք նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհած են հայրենիքի սիրոյն։ Անունը անձի մը հայրենասէր ըլլալ չըլլալը չի կրնար որոշել, որովհետեւ այնպէս ինչպէս մեր լոյս աշխարհ գալը, մեր ծնողները, նոյնպէս ալ մեր անունները մեր սեփական ընտրութիւնները չեն: 

Անուանակոչութիւնը շատ աւելի ինքնութեան խնդիր կը դառնայ սփիւռքի մէջ, որովհետեւ անունը այդտեղ կը ծառայէ որպէս ինքնութեան անձնագիր։ Պահանջատիրութեան, պայքարի կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ նաեւ ազգային արժէքներու պահպանումը, որովհետեւ հակառակը ինքնաբերաբար անտարբերութեան խորհրդանիշ կը դառնայ։ Այն ծնողքը, որ խնդիր չի տեսներ իր զաւակը օտար անուամբ մկրտելու, նոյնպէս ժամանակի ընթացքին խնդիր պիտի չտեսնէ որոշ երեւոյթներու պարագային, որ հակառակ է մեր ազգային ինքնութեան եւ մեր ազգային համոզումներուն։ Եթէ իւրաքանչիւր ծնողք կ՚ուզէ իր ՀԱՅ զաւակը սփիւռքի մէջ հայրենասիրութեան շունչով ու ոգիով մեծցնել, ամենէն դիւրին, ամենէն մեծագոյն զոհողութիւնն ու պարտաւորութիւնը, որ կրնայ ընել, զինք հայկական անունով մկրտելն է, որովհետեւ այդտեղէն սկիզբ կ՚առնէ ինքնութեան հանդէպ գիտակցութիւնը։ Ցաւ ի սիրտ, շատեր այս մէկը կը դիտեն որպէս «պարզ երեւոյթ»։ Մեր ազգին վիճակը մերօրեայ այս դժբախտ կացութեան հասաւ, որովհետեւ շատ մը երեւոյթներ «պարզ» կարծեցինք։ Հայ երիտասարդը իր մայրենին ձգելով օտար լեզուներ սորվելու միջամուխ եղաւ. այդ մէկը պարզ ու «անմեղ» կարծեցինք, առանց անդրադառնալու, որ ո՛չ թէ «սորվելու» միջամուխ եղած էր, այլ սեփականը մոռնալու ընթացքի մը մէջ կը գտնուէր: Մենք այդ «պարզ» միտքերով մեր Միջին Արեւելքի մէջ հասակ առած սերունդները «եւրոպականացնելու» հիւանդութեամբ տարուեցանք: 

Իւրաքանչիւր պետութիւն իր քաղաքացին այլ քաղաքացիներէն զատորոշելու համար անձնագիր կու տայ. այդ անձնագիրով է, որ անձը իր քաղաքացիութիւնը՝ այլ խօսքով իր պատկանելիութիւնը կը փաստէ ի դիմաց այլ պետութիւններու։ Անունի պարագան այդ անձնագիրէն տարբեր չէ, որովհետեւ անունն է, որ մեր ինքնութեան առաջին հայելին կը դառնայ։ Գացէ՛ք սփիւռք, գացէ՛ք Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս եւ հարցուցէ՛ք, թէ ո՞ր ազգին կը պատկանի Յակոբը. այո՛, ամէն Յակոբ չէ՛, որ հայրենասէր է. վերջին տասնամեակին Աստուած գիտէ քանի՜ Յակոբներ օտար ամուսնութեամբ իրենց ապագայ սերունդները յանձնեցին օտարին։ Անունը նկարագիր չի՛ կրնար որոշել, սակայն, ինքնութեան տեսանկիւնէն կարեւոր կը նկատենք: 

Կը հաւատանք, որ ճշմարիտ պահանջատիրութիւնը «կ՚ուզեմ» ըսելով, տարուան 365 օրերէն միայն մէկը յիշատակի օր նկատելով փողոց դուրս գալով չի վերջանար. պահանջատիրութիւնը եթէ իր մէջ կ՚ամփոփէ ամէ՛ն բան, կասկած չունինք, որ մամուլի մէջ հայատառ գրած այս մանուկներուն քով կը պակսի հայրենասիրութիւնը, սակայն, մեր հիմնական մտահոգութեան մաս կը կազմէ գրեթէ ամէն բան «պարզ» կարծելու հիւանդութիւնը։ Յովհաննէս Շիրազ սփիւռքէն եկած նամակները սիրով ու հրճուանքով կը կարդար՝ մա՛նաւանդ եթէ նամակի հեղինակները ունենային հայկական անուններ։ Եթէ այսօր մենք մեր զաւակները մկրտենք օտարին անունով, բնականաբար, իրե՛նք եւս այդ մէկը «պարզ» պիտի նկատեն ու այսպէս սերունդէ սերունդ «պարզ» չնկատողն ալ «պարզ» նկատելու պիտի սկսի եւ պիտի հասնի օր, երբ Յակոբ, Սարգիս եւ այլ անուններ պիտի վերանան։ Այս երեւոյթը կարելի է բացատրել միայն մէկ բառով. նահանջ. ճշմարիտ պահանջատիրութեան ոգին այս պահանջին դէմ դնելն է:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Կեանքը կռիւ է. մաքառում, ձգտում, բարձրացում. իւրաքանչիւր հանգրուանէ ետք՝ նոր բարձունք մը կը պարզուի մեր առջեւ: Պէտք է անվերջ կռուիլ եւ անվերջ առաջանալ՝ առանց ետ նայելու: Տկարները, տատամսողները, ուշացողները ոտնակոխ կ՚ըլլան: Կարեւորը մեր նուաճած հանգրուանները չեն, այլ այն պայքարը, որ կը մղենք նպատակի ճամբուն վրայ:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026