ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ ԴԱՏԵԼԷ…

«Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ, որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով, որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած ալ անով պիտի դատէ ձեզ…». (ՄԱՏԹ. Է 1-2):

Եկեղեցւոյ ուղին չի՛ կայանար մէկը յաւիտենապէս դատապարտելու մէջ, այլ Աստուծոյ բարեգթութիւնը սփռելու մէջ, զայն անկեղծ սրտով խնդրող բոլոր անձերուն վրայ, քանի որ միշտ անարժան ենք իսկական եղբայրսիրութեան, քանի ան առանց պայմանի եւ ձրի է։ Ուստի, զգուշանալո՛ւ է այն դատողութիւններէն՝ որոնք զանազան կացութիւններու բարդութիւնը նկատի չեն առներ։

Հարկ է նկատի ունենալ այն պայմանները եւ կերպերը՝ որոնց համեմատ ապրելով՝ մարդիկ կը չարչարուին։ Հարկ է նաեւ ներընկալել այն բոլորը, իւրաքանչիւրին օգնելով, որ կարենայ եկեղեցական հասարակութեան մաս կազմելու իր կերպը գտնել՝ որպէսզի ան ինքզինք «առանց իր արժանիքին, առանց պայմանի եւ ձրի բարեգթութեան մը» առարկան զգայ։

Ո՛չ ոք պէտք է ցմիշտ դատապարտել, որովհետեւ Աւետարանին ըմբռնումը ասիկա չէ՛։ Խօսքը՝ ընդհանուրին մասին է, ի՛նչ կացութեան մէջ ալ գտնուին անոնք։ Անշուշտ, մէկը երբ առարկայական յանցանքի մը ցուցադրութիւնը կ՚ընէ, իբր թէ այս յանցանքը քրիստոնեայ գաղափարականին մաս կը կազմէ եւ կամ երբ Եկեղեցւոյ դաւանածէն տարբեր բան մը կ՚ուզէ պարտադրել, անշուշտ, թէ այսպիսի մէկը պէտք չէ յաւակնի քրիստոնէականի դասեր կամ քարոզ տալ. երբ բան մը կայ, որ զինք հասարակութենէն կը բաժնէ. (ՄԱՏԹ. ԺԸ 17)։

Հա՛րկ է կրկին ունկնդրել Աւետարանի դարձի գալու հրաւէրին եւ քարոզին։ Սակայն, նոյնիսկ այս անձին համար կերպ մը ըլլալ հասարակութեան կեանքին թէ՛ ընկերային ծառայութեան, թէ՛ աղօթքի հաւաքներուն մասնակցելու, կամ թէ՛ ալ ասիկա իր նախանձախնդրութեամբ թելադրութիւնը ըլլար, համաձայնաբար հոգեւոր հովիւին։

Իւրաքանչիւր մերձաւորը Աստուծոյ աչքերով դիտելը եւ անոր մէջ Քրիստոսը ճանչնալը՝ հոգեւոր խորունկ փորձառութիւն մըն է։ Ասիկա կը պահանջէ ձրի տրամադրելիութիւն մը, որ կը ծառայէ իր արժանապատուութիւնը արժեւորելու։ Կարելի է ուրիշին լրիւ մօտիկ ըլլալ, եթէ մարդ ինքզինք տայ առանց յետին նպատակի եւ մոռնալով իր շուրջ գտնուող ամէն ինչ։ Սիրուած անձը՝ այսպէս կ՚արժանանայ ամբողջական ուշադրութեան առարկան դառնալու։ Առ այս՝ Յիսուս տիպար մըն էր, քանի որ երբ մէկը Իրեն կը մօտենար խօսելու համար, Իր ակնարկը անոր կը սեւեռէր եւ զայն սիրալիր կը դիտէր. (ՄԱՐԿ. Ժ 21)։ Անոր դիմաց ո՛չ ոք ինքզինք անտեսուած կը զգար, քանի որ Անոր խօսքերը եւ շարժուձեւերը արտայայտութիւնն էին հետեւեալ հարցումին. «Ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ քեզի». (ՄԱՐԿ. Ժ 51)։ Ասիկա կարելի է ընտանիքին առօրեային մէջ ապրիլ՝ ուր կը մտաբերենք, թէ մեզի հետ ապրող անձը ամէն լաւ բանի արժանի է, քանի որ ան անսահման արժանապատուութիւն մը ունի, առարկան ըլլալով Հօր անհո՜ւն սիրոյն։ Այսպէս կը ծնի գուրգուրանք մը՝ որ կարող է ուրիշին մէջ սիրուած ըլլալու ուրախութիւնը հրահրել։ Ան յատկապէս կ՚արտայայտուի անվերապահօրէն մերձենալով ուրիշին սահմանափակումներուն զգուշութեամբ եւ նրբութեամբ, մանաւանդ երբ անոնք բացայայտ են։ Արդարեւ, ընտանեկան շրջանակը, Ս. Հոգիին մղումով, իր ծոցին մէջ կ՚ընդունի ո՛չ միայն կեանքը, որուն ծնունդ կու տայ, այլ նաեւ բացուելով՝ ինքզինքէն դո՛ւրս կու գայ, իր բարիքը ուրիշներուն վրայ կը սփռէ, զանոնք պաշտպանելով եւ անոնց երջանկութիւնը փնտռելով։

Այս բացուածութիւնը կը գտնուի մանաւանդ հիւրընկալութեան մէջ, քաջալերուած Աստուծոյ այն թելադրիչ Խօսքով, թէ պէտք չէ՛ մոռնալ հիւրասիրութիւնը. (ԵԲՐ. ԺԳ 2)։ Մարդիկ ուրիշին կը մօտենան հիւրասիրութեա՛մբ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 30, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026