ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ

Կեդրոնականի ընտանիքը այս տարի եւս կազմակերպեց՝ իր անմոռանալի սաներէն՝ աշխարհահռչակ անմահ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած լուսանկարչութեան աւանդական մրցոյթը: Իր նմաններու շարքին տասնչորրորդն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր՝ մասնակցութեամբ շուրջ տասնհինգ վարժարանի: «Դարաւոր լիկէոններու» մասնակցութեամբ նախատեսուած այս մրցոյթի նպատակն է՝ լիսէական երիտասարդներու աչքով ընկալուած Իսթանպուլը բիւրեղացնել: Առաջին իսկ տարիէն ի վեր այս մրցոյթի նիւթն է Իսթանպուլ քաղաքը: 

Երէկ, Կեդրոնական վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան մրցոյթի եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Դպրոցի պատմական սրահին մէջ ոգեւոր մթնոլորտ մը ստեղծուած էր՝ բազմաթիւ հիւրերու ներկայութեամբ: Այսպէս, մրցոյթի մասնակից վարժարաններէն աշակերտներ եւ կրթական մշակներ հիւրընկալուեցան Կեդրոնականի ընտանիքին կողմէ: Ներկաներու շարքին էին Արա Կիւլէրի թանգարանի պատասխանատուներէն Եասեմին Էօզիւյէ եւ Թեմէլ Եըլմազ:

Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, Կեդրոնականի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, կրթական մշակներն ու աշակերտութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները: 

Հանդիսութեան բացման ողջոյնի խօսք մը արտասանեց դպրոցի փոխ-տնօրէն Արմէն Սարուխանեան: Ներկաները հետեւեցան Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած տեսանիւթի մը, որով զգացումներու տարափ մը ստեղծուեցաւ սրահէն ներս: Ապա արտայայտուեցաւ Սիլվա Գույումճեան, որ ուրախութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան հերթական անգամ յաջողութեամբ պսակուած ըլլալուն համար:

Մրցոյթի դատակազմին մէջ էին՝ Չաղլա Սարաչ, Տայք Տանձիկ, Հիւրիւ Էօզլիւք, Գրիգոր Սահակօղլու, Ռեֆիք Պիւլենտ Աքյիւզ եւ Սեչքին Թերճան: Դատակազմի այն անդամները, որոնք ներկայ էին սրահին մէջ, արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը: Ելոյթ մըն ալ ունեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան: Մկրտիչ Արծիւեան, որ կը գլխաւորէ Կեդրոնականի նկարչութեան ակումբի աշխատանքները, ներկաներուն հետ բաժնեց իր զգացումները:

Արա Կիւլէրի թանգարանին ներկայացուցիչներն ալ արտասանեցին սրտի խօսքեր՝ մանաւանդ, որ դափնեկիր աշակերտներուն համար բերած էին յիշատակներ: 

Այս տարուան մրցոյթին շուրջ հարիւրյիսուն դրուագ առաջադրուած էր լիսէական աշակերտներու կողմէ: Դատակազմը բծախնդիր արժեւորում մը կատարած էր անոնց պարագային: Արդիւնքին, մրցոյթի այս տարուան դափնեկիրները հանդիսացան հետեւեալները. 

Առաջին՝ Այշէ Պայ (Գերմանական լիսէ), երկրորդ՝ Գարէն Թիլտա Ապաճը (Սահակեան-Նունեան լիսէ) եւ երրորդ՝ Քաան Սավէր (Իտալական լիսէ): 

Մանսիոնի արժանի դասուած էին՝ Արման Պարլաք (Կեդրոնական), Զէյնէփ Նշան (Սեն-Պէօնուա ֆրանսական լիսէ) եւ Այշէ Պայ (Գերմանական լիսէ): 

Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին Կեդրոնականի սաները հանդէս եկան նաեւ դաշնամուրի նուագներով, որոնք տարբեր խորք մը վերագրեցին ձեռնարկին՝ վառ տպաւորութիւն գործելով ներկաներուն վրայ:

Հանդիսութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլոր դափնեկիրները շրջապատուեցան ջերմօրէն, ընդունելով շնորհաւորանքները:

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026