ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒԱԾ ՀԱՆՃԱՐԸ

Մեր պատմութեան ամենէն մռայլ հանգրուաններուն հայ ժողովուրդը միայն ողբերգութիւններով չէ, որ պատասխանած է ճակատագրին։

Յաճախ այդ հանգրուաններուն է, որ ժողովուրդը ծնունդ տուած է այնպիսի դէմքերու, որոնք իրենց մտքով, ստեղծագործ ուժով եւ վաստակով աշխարհին առջեւ վերահաստատած են հայի անմար գոյութիւնը։ 

Այդ անուններուն մէջ բացառիկ տեղ ունի պոլսահայ բիւզանդագէտ, արուեստաբան, հայագէտ Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանը (1896-1989թթ.) հայ առաջին կին գիտնականներէն մէկը, որ իր անխոնջ աշխատասիրութեամբ նուաճեց միջազգային ակադեմական աշխարհը եւ հայ արուեստի պատմութիւնը հասցուց համաշխարհային գիտութեան սեղանին։

Մեծ դէմքերու կազմաւորումը միշտ ալ կը սկսի անտեսանելի վայրերէ։ 

Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանի պարագային այդ առաջին աշխարհը Պոլսոյ մէջ էր՝ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի տունը։ Այդ տունը պարզ բնակարան մը չէր, այլ մտքի, գիրքի, հաւատքի եւ ազգային պատասխանատուութեան կեդրոն մը։ Ձեռագիրներու, գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու մէջ Օրմանեան Սրբազանը մտաւոր ներկայութիւն մըն էր։ Իր խուցին լռութեան մէջ ծնած են հատորներ, գաղափարներ եւ ազգային մտածողութեան ուղեցոյց դարձած աշխատութիւններ։ 

Այդ նոյն յարկին տակ փոքրիկ Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանը բացած է իր նայուածքը աշխարհի վրայ եւ առաջին անգամ զգացած՝ գիտութեան հանդէպ այն սէրը, որ պիտի դառնար իր կեանքին ճակատագիրը։

Այսօր կը ներկայացնենք յուշագրական բացառիկ վկայութիւն մը՝ գրուած պոլսահայ նշանաւոր գրագիտուհի Անայիսի կողմէ եւ տպագրուած 1947 թուականին՝ «Անահիտ» հանդէսին մէջ։ 

Անայիսի գրութիւնը կենսագրական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ եւ կենդանի պատկերներով կը վերակենդանացնէ այն միջավայրը, ուր կերտուած է ապագայ մեծ գիտնականը։ Անայիսի նուրբ եւ պատկերաշատ գրիչը մեզ կը տանի Օրմանեանի աշխատասենեակէն մինչեւ Ժընեւի լսարանները, Սորպոնի սրահները եւ վերջապէս Հարուըրտի ակադեմական բարձունքները։

Այս յուշագրական էջերը նաեւ երկու տաղանդաւոր մտաւորական պոլսահայ կիներու հոգեւոր հանդիպումն է տարիներու հեռաւորութենէն անդին․ մէկը՝ Անայիսը, որ գրիչով կը փրկէ յիշողութիւնը մոռացութենէ եւ միւսը՝ Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանը, որ գիտութեամբ կը վերականգնէ ազգի պատմական յիշողութիւնը։ Մէկը կը գրէ կեանքը, միւսը՝ կը մեկնէ քաղաքակրթութիւնը։

Ուստի, այս յօդուածը յարգանքի տուրք մըն է հայ կնոջ մտաւորական ուժին եւ այն սերունդին, որ զրկանքի ճամբաներէն անցնելով՝ կրցաւ վառ պահել հայ մշակոյթի ջահը աշխարհի չորս ծագերուն։

ՕՐԻՈՐԴ ՍԻՐԱՐՓԻ ՏԷՐ-ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ

ԱՆԱՅԻՍ

Լուսաճաճանչ մտքի մը ճառագայթներովը արփիաւէտուած էր այն տունը, ուր փոքրիկ աղջնակը իր առաջին բառերը թոթովեց։

Մուտքի դռնէն մինչեւ ձեղնայարկը տպաւորութիւնը այն կ՚ըլլար, որ սովորական բնակարան մը չէր ան․ հակառակ պարզ կահաւորումին, հոն կը ծածանէր չեմ գիտեր որպիսի շունչ մը, որ համակրանք ու երկիւղածութիւն կը սփռէր. երկիւղածութիւն ո՛չ միայն բարձր եկեղեցականի դիրքին, այլ մտքի իշխանին հանդէպ։

Օրմանեան Սրբազանին տունը․ (Սրբազանին հետ կը բնակէին իր երկու քոյրերը, կրտսերը ամուսնացած Պր. Միհրան Տէր-Ներսէսեանին հետ, պատուական հայրը Օր. Սիրարփիին):

Երկրորդ յարկին վրայ կար սրահ մը նեղ ու երկայն, որուն մէջէն դուռ մը կը բացուէր եւ կը տեսնուէր խուցը փոքրիկ. լայն, խոշոր գրասեղան մըն էր անոր ամէն զարդը, ամէն ճոխութիւնը եւ պատերուն երկայնքին գրադարաններ: 

Այդ խստատեսիլ գրասեղանին առջեւ, դէզ դէզ թղթերուն վրայ հակած էր միշտ գլուխ մը պատկառելի, ճակատ մը ներքին բոցարձակումէն քիչ մը խորշոմած, ուր ամփոփուած էր անսպառ ուժ մը ստեղծելու, ուսումնասիրելու, բաղդատելու, ուր հզօր իմացականութիւնը իր գերիշխանութեան դրոշմը դրած էր խորշոմներուն մէջ:

Տարիներէ ի վեր հոն, այն անշուք անկիւնին մէջ, արտադրուած էին հոյակապ աշխատութիւններ. պզտիկ խուցը գերագոյն երկերու արձագանգը կարծես հաւատարմօրէն պաշտումով կը պահէր եւ թղթի դէզերը իրենց ծոցին մէջ հազիւ կրնային պարփակել բոլոր այն զմայլելի խոհանքներուն, պրպտումներուն մեծիմաստ արտայայտութիւնները:

Առաջին քայլին այցելուն կանգ կ՚առնէր ակամայ, շունչը կը բռնէր, չխանգարելու համար ինչ որ հոն կը ծնէր վսեմ ու գեղեցիկ, աստուածանուէր ու անսահման, ինչ որ հոն կեանք կ՚առնէր անցնելով սրբատեղիներէ, խունկերու բոյրին մէջէն, ոգեկոչելով բոլոր հաւատքին եւ աստուածաբանութեան չնաշխարհիկ խորհուրդները, որոնք իրենց անցքէն նուիրական ծուէններ ձգած էին:

Ուսերու շարժում մը եւ ժպիտ մը, վերադարձ դէպի սովորական կեանքը, ժպիտը անկեղծ ու արտաբաց: Իսկոյն ճիգին ստեղծած կնճիռները կ՚անհետանային ու Օրմանեան կը դառնար զուարթ հիւրընկալ մը, սրամիտ, հաճելի, միշտ գտնելով նիւթեր քաղցրահամ: 

Այդ խցիկը Սրբազանին՝ անմոռանալի մնացած է իր բարեկամներուն. հոն էր բազմահմուտ եկեղեցականին բնական միջավայրը, հոն էր, որ ինքը ինքն էր։

Անոր շուրջը կարծես ամէն ինչ մտաւորական էր, նոյնիսկ ընտանեկան սեղանը թէյի, որուն ան յաճախ կը նախագահէր. ոչինչ կար խստամբեր, ո՛չ ալ պոռոտախօս, սակայն այնքա՜ն հաճելի էր մթնոլորտը, որ ան գիտէր ստեղծել, այնքա՜ն քաղցր մտերմութիւնը։

Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան օրօրոցէն շնչած էր այդ շունչը մտաւորական, իր ծծած կաթին հետ սնած էր անով, իր մանկական առաջին բառերը արձագանգ գտած էին այդ երանելի տան, այդ լուրջ եւ զուարթ շրջանակին մէջ։

Սակայն օր մը ճակատագիրը անողոք ահռելի հարուած մը իջեցուցած էր աղջնակին գլխուն, ան որբ մնացած էր մօրմէն հազիւ վեց տարեկան։ 

Բոլոր գուրգուրանքը որով շրջապատած էին զինքը, բոլոր ջանքերը օրօրելու իր վշտակոծ քնքոյշ հոգին, չէին յաջողած ամոքելու ցաւը պզտիկ սրտին։ Ան ամէն բանի համար կ՚առարկէր, ամէն խնամքի, ամէն հոգատարութեան դէմ. 

-Մայրիկը այսպէս չպիտի ընէր։

Եւ իր աչքերը, իր աղուորիկ սեւ աչքերը արցունքէ աւելի կարծես ընդվզումի արտայայտութիւն մը կ՚առնէին: Ընդվզում ընդդէմ ճակատագրին։

Ու եկաւ տարիքը ուսանելու․ Սիրարփի մեծ երջանկութիւն մը զգաց ուսանողական կեանքին մէջ, հոն գտաւ ինչ որ իր հոգին կը պահանջէր։ Եսայեան վարժարանին գրասեղաններուն առջեւ վտիտ աղջնակի մը կարող մտքին առաջին բողբոջները տուաւ։ Ամէն մրցանակ Սիրարփիին էր։ 

Յետոյ իր անուշիկ քրոջը հետ յաճախեց անգլիական Հայ-Սքուլը, Պոլսոյ աղջկանց վարժարաններուն լաւագոյնը, ուր ուսման հետ, սրտի, հոգիի դաստիարակութիւն կը տրուէր, ուր աւելի լայն հորիզոններ կը բացուէին ուսանողուհիներու նորաբողբոջ մտքերուն առջեւ։

Մատաղատի Սիրարփին սիրեց ուսանիլ ինչպէս առհասարակ իրեն տարեկից աղջիկները կը սիրեն զուարճանալ, խաղալ, երգել, պարել։ Սակայն այդ սմսեղուկ պզտիկը տխուր չէր բնաւորութեամբ, ան ժպտուն էր եւ կը ծիծաղէր, արծաթիկ ծիծաղով մը երբ Սրբազան մօրեղբայրը իրեն հետ կատակաբանէր: Բայց սրտին խորը ամէն վայելքէ վեր էր իր դասի ժամերուն վայելքը։

Երջանիկ օրերը անցան (1908-1914)։

Յանկարծ հով մը փչեց չարագործ, Պոլիս ահաբեկութեան մատնուեցաւ, տեղահանութեան սեւ սպառնալիքը։ Օրմանեան պատշաճ դատեց իր նորահաս քեռաղջիկները իր ամուրի քրոջ հետ ղրկել Զուիցերիա։ Անդորրաւէտ տունը մնաց հեռուն, իր երազներով, իր յոյսերով, իր խայտանքներով, սրտաբեկ. ու ճակատնուն վրայ անթառամ օրհնութեան պսակը ալեհեր Սրբազան մօրեղբօր, աղջնակները գացին դէպի հիւրընկալ ափերը կապոյտ Լեմանին։

Սիրարփի այդ երկրին մէջ, որ մտաւոր զարգացումի գործարան կը կոչէին այն ատեն, յաճախեց Ժընեւի Քոլէժը, մինչեւ 1917-ը։ Իր անօրինակ ընդունակութեան կը հիանային ուսուցիչները։ Յետոյ 1919-ին նոյն քաղաքին Համալսարանը մտաւ. այլեւս գծուած էր իր ուղին: Արդէն նորատի աղջկան միտքը հրդեհուած էր գիտութեան վիթխարի բոցերով։

Դժբախտաբար, պատերազմին պատճառով խզուած էին յարաբերութիւնները Թուրքիոյ եւ օտար երկիրներու միջեւ եւ երկու Օր. Տէր-Ներսէսեանները իրենց անձնուէր մօրաքրոջ հետ բաւական դժուարին կացութեան մատնուած: Օրմանեան արդէն աքսորուած էր, իրենց հայրը մեռած, իրենք առանձին օտար հողի վրայ, ուր ի վերջոյ իրենց մօրաքոյրն ալ կորսնցնելու դժբախտութիւնը ունեցան, եւ մնացին աննեցուկ: Սակայն հոգեկան կորովը եւ ուսանելու սէրը, ինքնավստահութիւնը մեծապէս օժանդակեցին իրենց անցընելու այդ դժնդակ օրերը իբրեւ ճշմարտապէս արիասիրտ հայ տոկուն ցեղին զաւակները:

Յետոյ Փարիզ, լոյս քաղաքը, Օր. Տէր-Ներսէսեանին ամենէն արդիւնաշատ ուսման տարիները, այն անստգիւտ քաղաքին մէջ, ուր մանաւանդ լոյս փնտռող միտքերը կը գտնեն հրաշագեղ ջահը, որ զիրենք պիտի առաջնորդէ արփիափայլ շաւիղներէն. նորահաս աղջիկը գտած է յագուրդը իր բացառիկ մտաւոր կարողութեան, ձգտումներուն կատարելագործումին ամէն կարելիութիւն: Ան շուտով ստացած է Լիսանսիէ էս Լէթրի տիտղոսը, անկից վերջը արժանացած է բարձրագոյն ուսմանց վկայականի (պատմութիւն, աշխարհագրութիւն)։ 1936-ին Սորպոնէն Տոքթէօր էս Լէթր եղած էր։

Այդ ուսման նուիրուած աղջիկը, թէեւ մատաղատի, սակայն Փարիզի ամէն հրապոյրներուն, ամէն հմայքներուն, զգլխիչ զբօսավայրերուն, չնաշխարհիկ ցուցափեղկերուն, վայելչագեղ արտադրութիւններուն՝ նախընտրած է Սորպոնը, անոր խստամբեր երեւոյթը, փրոֆէսէօրներուն լուրջ ու խորիմաստ դասախօսութիւնները եւ մթնոլորտը խոնաւ, հնամենի, լեցուն գիտութեան աստուածային շունչովը։

Օր. Տէր-Ներսէսեան պատմութեան նուիրական ծոցին մէջ թափառելու հաճոյքէն կախարդուած, նախընտրած է այդ ճիւղը։ Իր թափանցող միտքը անցեալ դարերուն մէջ փնտռած է հին տառապանքները, հին ազգերու տրտունջները, աղօթքները, անձկութիւնները, ողբերը, ընդվզումի ճիչերը եւ անէծքները, հերոսներու հոգիները, արքայական դամբարաններու մեծ լռութեան խաղաղութիւնը, եւ հոն գտած է թերեւս խորին անդունդներու ողբերգութիւններուն փոթորիկները։ Ընդնշմարած է առաջին ճառագայթումը քաղաքակրթութեան, կեանքը՝ որ սկսած է ծնիլ քարերուն, մարմարներուն ծոցէն, անջնջելի կեանքը արձանագործութեան, ճարտարապետութեան, մանրանկարչութեան եւ այլն, հոն որոնած եւ գտած է դրոշմը հայ արուեստին, հայ ոճին, հայ հանճարին եւ հայ քաղաքակրթութեան:

Հուսկ, յետոյ կանգ առած է հոյակապ Բիւզանդիոնի մէջ, վերապրեցնելով հոն իրեն ազգակից կայսրերն ու կայսրուհիները, որոնց ուրուանկարները եկած անցած են իր պատմագէտի աչքին առջեւէն:

Բիւզանդիոն, հրաշալի յաջորդութիւնը անմոռանալի գեղեցկութիւններու, քաղաքը ինքնատիպ, ուր ամէն բարքերը իրար կը խառնուէին, ուր առաքինութիւններն ու մոլութիւնները քով քովի կ՚ընթանային, ուր նոր պաշտամունքը (քրիստոնեաներուն) հին աստուածներուն մեհեաններուն մէջ տեղի կ՚ունենար, ուր անցեալը կը տարրալուծուէր եւ ապագան կ՚ուրուագծուէր, ատկից օր մը թերեւս պիտի ծնունդ առնէին մեծութիւնը եւ ազնուականութիւնը վերջին դարերու: Եւ այս ամէնուն մէջէն, տիրապետող կերպարանքը քնքոյշ ու անգութ, պերճաղիճ Օկուսթային, լարախաղաց աղջկան, որ ոսկեճամուկ գահին վրայէն Կայսրութեան, իր փոքրիկ ձեռքերով կը խաղար երկիրներու ճակատագրին հետ ու աւազանին կը դողացնէր իր առջեւ, զազրելի ու չնաշխարհիկ Թէոդորային։

Օր. Տէր-Ներսէսեան, խորապէս ուսումնասիրած պատմութեան ամէն մէկ շահեկան էջը, Փարիզի մէջ ըրած է բանախօսութիւններ, որոնք ալեծաղիկ գլխով գիտուններու ուշադրութիւնը գրաւած են եւ զմեզ արտակարգօրէն հպարտացուցած։

Վերջէն Նիւ Եորքի Ուէլսլի Քոլէճին մէջ, Շիրման Շիֆին մօտ, Օրիորդը հրաւիրուած է բարձրագոյն ուսմանց վարժարանին մէջ բանախօսելու։ Քիչ յետոյ կարգուած է պետ (շէֆ) արուեստից պատմութեան Լիպար Բիրաքսթ Մարկան համալսարանին մէջ դասախօսելու ազատ վարժարանին բարձրագոյն ուսմանց դասընթացքին, միշտ Նիւ Եորքի մէջ։ 1946-ին Բիւզանդեան արուեստին եւ արքէոլօժիին ուսուցիչ կարգուած է Տէմպարթօն Օքս Հարուըրտ համալսարանին մէջ։ Առաջին անգամն է, որ կին մը պետ եղած է Ամերիկայի մեծ արուեստներու պատմութիւն աւանդող հաստատութեան մը։

Օր. Տէր-Ներսէսեան հրատարակած է շատ շահեկան, իրենց տեսակին մէջ լուրջ ու ինքնատիպ երկասիրութիւններ.

«Իլլիւսթրասիոն տիւ ռոման տը Պարլաամ է Ժոազաֆ», երկու հատոր (ուսումնասիրութիւն 11-րդ եւ 14-րդ դարու ձեռագիրներու)։ Մրցանակ Ֆուլտ։

Ունի նաեւ երկասիրութիւն մը «Հայ ձեռագիրներ 13-րդ եւ 14-րդ դարերուն», երկու հատոր, Փարիզ հրատարակուած 1946-ին։ Յունական Ուսումնասիրութեանց միութեան մրցանակով պսակուած։

Իսկ վերջինը «Արմենիա էնտ տհը Պիզանթիոն» 1945, հրատարակուած Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կողմէ։ (Մրցանակ Ժեներալ Պոէմոն)։

«Հայաստան եւ Բիւզանդիոն» գրքին յառաջաբանը գրած է հանրածանօթ բիւզանդագէտ Հանրի Կրեկուար։ Այդ յառաջաբանին մէջ պատմագէտը խոր հիացումով ու ոգեւորութեամբ կը խօսի հայ ժողովուրդին հեռաւոր անցեալին մէջ ունեցած մշակոյթին մասին եւ կը զմայլի հեղինակուհիին զայն ներկայացնելու բարձր կարողութեան, ինչպէս նաեւ անոր ոճին, կուռ, անսեթեւեթ ու խորահմուտ։

Այս աշխատութիւններէն զատ Օրիորդ Տէր-Ներսէսեան գրած է շարք մը յօդուածներ, հայերէն՝ «Հայաստանեայց Եկեղեցի» Նիւ Եորք հրատարակուող ամսօրեայ հանդէսին մէջ, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն, ֆրանսական եւ ամերիկեան զանազան հանդէսներու մէջ, բիւզանդական եւ հայկական արուեստներու մասին։ 

Իր Փարիզ վերջին այցելութեան պահուն, ան ըրաւ ուշագրաւ բանախօսութիւններ, առաջինը՝ ՀԲԸՄ-ի մատենադարանին մէջ, միւսները՝ Սորպոնը։

Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան, եթէ չեմ սխալիր, առաջին հայ կինն է, որ պատմական ուսումնասիրութիւններու մասին հատորներ գրած է եւ գնահատուած անգլիացի, ֆրանսացի եւ հայ պատմաբաններէ։ 

Հարազատ զաւակը մայր հայրենիքին, հոգին զեղուն պաշտումով, ջանացած է ընկրկել դարերը եւ շողշողացնել անոր հնամենի փառքը, ինչպէս նաեւ երկիրներ լուսաւորող անոր քաղաքակրթութիւնն ու արուեստները, ճիշդ անոր հրաշալի վերածնունդին պահուն։

Հայ կնոջ փառապսակին ամենէն թանկարժէք գոհարն է Օր. Տէր-Ներսէսեան, եւ ինչ որ անհունօրէն հրապուրիչ է իր մօտ, իր բարձր արժանիքներուն հետ, իր շնորհագեղ պարզութիւնն է։

1947 թ․

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026