ԳՈՅԱՏԵՒԵԼՈՒ ՄԻԱԿ ԵԼՔԸ ԼԵԶՈՒՆ Է
Խաչատուր Աբովեանի այս խօսքերը գրուած են աւելի քան մէկ ու կէս դար առաջ… «Լեզուդ փոխի՛ր, հաւատդ ուրացի՛ր, էլ ընչո՞վ կարես ասիլ, թէ ո՞ր ազգիցն ես», գրուած է ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ ուր հայը հայ էր թէ՛ հաւատքով եւ թէ՛ լեզուով։ Անոնցմէ հեռացողներուն թիւը փոքրամասնութիւն էր. տակաւին գոյութիւն չունէր այսքան մեծ հայկական սփիւռք. մարգարէացո՞ւմ մըն էր արդեօք… Գաւառի մէջ ապրող հայը արդէն իսկ թրքախօս էր եւ այդ մէկը ինքնին բաւարար էր լեզուի կարեւորութիւնը շեշտելու համար, սակայն, մտաւորականներուն մօտ մտահոգութիւն առաջացուցած այդ երեւոյթը իր չափով ու տարողութեամբ այնքան մեծ չէր՝ ինչքան մերօրեայ սփիւռքն ու մայրենի լեզուին չտիրապետող երիտասարդութեան քանակը։ Հայը այսքան հեռացած չէր իր հաւատքէն:
Խաչատուր Աբովեան, Շահնուր եւ ուրիշներ լեզուի կորուստի մասին ահազանգ բարձրացուցած են այն ժամանակ, երբ տակաւին լեզուն այս աստիճան վտանգուած չէր։ Անշուշտ, եթէ անոնց ահազանգը լսուած ըլլար, գուցէ այս օրին չհասնէինք։ Հայ ժողովուրդէն բացի բազմաթի՜ւ ազգեր ունին մեծ սփիւռք, սակայն, չկայ ազգ մը, որ այսքան կորսուելու ենթակայ ըլլայ՝ քան հայ ժողովուրդը։ 1924 թուականին հրատարակուած հայկական մամուլը՝ եղեռնէն ընդհանուր ինն տարիներ ետք կը բարձրաձայնէր հայերէն լեզուի կորուստի վտանգը. ինն տարուան մէջ ե՞րբ հասաւ մեր գաղթական ժողովուրդը օտարանալ: Ահաւասիկ, Աբովեանի յորդորներէն մին. «Մէկզմէկու սիրենք, մեր լեզուն, մեր եկեղեցին էնպէս ղայիմ բռնենք, ինչպէս մեր երջանիկ նախնիքը»։ Ուզուածը երկու բան է. պահպանել լեզուն ու եկեղեցին. ներկայ վիճակը բաւարար է հասկնալու, որ մենք այդ ուզուած երկու բանը նոյնիսկ չենք յաջողած «ապահովել»:
Իր աշխատութեան մէջ հարցականի մը ճամբով Աբովեան կարծես կը գուշակէ մեր ներկան. ան որպէս խրատ կ՚ըսէ. «Մեր սո՛ւրբ լեզուն պէտք է հարամ լեզուի հետ փոխե՞նք. մեր սո՛ւրբ պատագարն ու ժամը թողանք, ազանի ձէնին անկանջ դնե՞նք. մեր սո՛ւրբ մեռոնը մոռանանք, մեր խաչ, աւետարանը մտքից հանենք, Ալուն, ղուռանին հետեւի՞նք»։ Եթէ այդ ժամանակ պատասխանը ո՛չ էր, ապա այսօր դժբախտաբար այո՛ է՝ որովհետեւ մենք թէ՛ մեր լեզուն մոռցանք եւ թէ եկեղեցիէն հեռացանք:
***
Եթէ տակաւին գոյութիւն ունին երիտասարդներ, որոնք կը մտածեն, թէ ինչպէ՞ս կրնան հայ ազգին օգուտ տալ. պատասխանը պարզ ու յստակ է. Հայերէն սորվեցէ՛ք ու սորվելու չափ եւ աւելի՝ հայերէն սորվեցուցէ՛ք. եթէ կ՚ուզէք բարիք ընել ձեր ազգին ու հայրենիքին, հայերէն կարդացէք եւ նոյնքան հայերէն կարդացուցէ՛ք։ Կարդացէ՛ք, որպէսզի համոզուիք, որ մեր գրականութեան մէջ կան այնպիսի գոհարներ, որոնք կրնան շուքի տակ ձգել ուրիշներու մեծարած օտարալեզու գրականութիւնը։ Կարդացուցէ՛ք, որովհետեւ գիր-գրականութեամբ թէ՛ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը եւ թէ լեզուամտածողութիւնը կը զարգանայ։ Հաւատացէ՛ք, որ Ահարոնեանի «Լռութիւն»ը, Նար-Դոսի «Սպաննուած Աղաւնին», Փոլատեանի եւ այլոց վէպերը բանով մը չե՛ն զիջիր աշխարհահռչակ Շէյքսփիրէն։ Բացէ՛ք հանրագիտարանները եւ փնտռեցէ՛ք, թէ անցեալին քանի՜ հայ գրողներու գործեր օտար լեզուներու թարգմանուած են։ Այս օրերուն մենք օտարինը կը թարգմանենք, սակայն, կար ժամանակ՝ երբ օտարը մերը կը թարգմանէր: Գիտցէ՛ք, որ իր բազմազան թերութիւններով հանդերձ մայրենին կոչուած է իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի կեանքին մէջ առաջնահերթ ըլլալ։ Ձեր հայերէն գիտնալով, բնականաբար, ձեր զաւակները եւս հայերէն պիտի գիտնան։ Գուցէ ձեր անոնց հայերէն սորվեցնելն ու տուած հայեցի դաստիարակութիւնը պատճառ ըլլայն, որ անոնց սերունդները եւս խօսին հայերէն։ Հայ երիտասարդին հայերէն լեզուի իմացութեամբ մի քանի տասնեակ տարիներ ու թերեւս աւելին, հայերէն լեզուն պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ։ Այնպէս մը չէ, որ յաջորդ սերունդը եթէ հայերէն լեզուին չտիրապետէ՝ անոնց յաջորդողները պիտի տիրապետեն։ Կորսուած սերունդ մը իր հետ կը բերէ առ յաւէտ կորսուած եւ հայաթափուած սերունդներ: Այսօր եթէ քսան հոգի կորսուի՝ հազիւ մէկ կամ երկու հոգի կը փրկուի։ Քսան կորսուողի դիմաց երկու փրկութիւնը իրականութեան մէջ մեր դժբախտութեան մեծութիւնը ցոյց կու տայ։ Մարդիկ ինչքան ալ ըսեն ծայրայեղութիւնը լաւ բան չէ, դուք ձեր հայրենասիրութեան մէջ եղէք ծայրայեղ՝ հասկնալով, որ ձեր հայրենասիրութեան պտուղը հայ ազգը պիտի քաղէ ո՛չ միայն ձեր, այլ ձեզի յաջորդող սերունդներու միջոցով:
Մամուլի մէջ լսուած է «պահեցէ՛ք ձեր հայութիւնը» արտայայտութիւնը. մենք այս կոչը կը փոխենք «ապրեցէ՛ք ձեր հայութիւն»ը կարգախօսով, որովհետեւ պահելը ինքնին իմաստ մը չունի, պէտք է ապրիլ ու ապրեցնել։ Հայրենիքին համար ձեր դրամէն, նոյնիսկ ձեր կեանքէն շատ աւելի վեր ու կարեւոր բան կրնաք տալ սերնդագործելով։ Աշխարհի բոլոր պետութիւնները տարուէ տարի իրենց բնակութեամբ աճ կ՚արձանագրեն. Հայաստան տարուէ տարի կը նուազի։ Արտագաղթող երեք անհատներէն երկուքը օտարութեան մէջ օտարացման ճակատագրին ենթակայ պիտի ըլլայ… Պատերազմի ժամանակ բանակ մը յաղթանակ կը տանի ա՛յն ժամանակ, երբ մարտի դաշտին վրայ նահատակուող բանակին վրայ կը յաջողի նորը աւելցնել, մեծ թիւով յարձակիլ. այդ թիւը մեր նոր սերունդը պիտի ապահովէ։ 1990-ական թուականներու Արցախի պատերազմը կրցաւ ապահովել թիւը, սակայն, թիւը չէ՛ որ յաղթեց։ Անոնք ունէին կամքը, ունէին հայրենասիրութիւն եւ պատրաստ էին սեփական ազգի համար անձնուիրաբար զոհուիլ. այդ բարիքը ըրէ՛ք. հայ սերունդներ կերտեցէ՛ք:
վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Լեզուն, կրօնը, բարքերը, պատմութիւնը, հողը, արենեցական կապը կենսական ազդակներ ըլլալով հանդերձ, ի զօրու չեն ազգ մը կերտելու՝ իւրաքանչիւրը առանձին առած: Այդ բոլոր ազդակներու միասնական գոյութեամբ եւ համադրութեամբ է, որ ազգը կեանք ու կերպարանք կը ստանայ:
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան