ԿԵԱՆՔԸ ՊԱՅՔԱ՛Ր ՄԸՆ Է
Եկեղեցական իւրաքանչիւր ծէս եւ արարողութիւն առիթներ են հաւատացեալներուն՝ յիշել եւ պատրա՛ստ ըլլալ կեանքի պայքարին։ Արդարեւ, առանց պայքարի յաղթանակ գոյութիւն չունի՛, ինչպէս՝ առանց աշխատանքի յաջողութիւն ձեռք ձգել կարելի չ՚ըլլար։ Կեանքը ընթացք մըն է՝ ուր միշտ պայքարի մէջ են մարդիկ. առօրեայ հացը ապահովելու, առողջութիւնը պահպանելու, ապրելու, նպատակի մը հասնելու, իրականացնելու, վերջապէս՝ կեանքը պահպանելու եւ տեւականացնելու անվերջ պայքա՛ր մը։
Բայց, այս բոլորէն աւելի կարեւոր է հոգեւոր կեանքի պայքարը, քանի որ մարդ միայն մարմին չէ, այլ՝ հոգի եւ մի՛տք։ Այս ուղղութեամբ՝ «պայքար» եւ մանաւանդ «հոգեւոր պայքար» չէ՛ միմիայն յիշել Յիսուսը, այլ նաեւ՝ ապրիլ զԱյն։ Իսկ Յիսուսը ապրիլ կը նշանակէ՝ հնազանդիլ Անոր եւ ապրիլ Անոր տիպարին համաձայն։
Ուստի, պայքարելու համար, պէ՛տք է միշտ արթուն մնալ՝ պատրաստ եւ հոգեւոր իմաստով սպառազինուած։ Եւ այս կերպով ահաւասիկ, կարելի է արժանավայել կրօնական սրբութեան հասնիլ։ Սակայն, բոլորին տրուած չէ այս տեսակ սրբութեան մը հասնիլ։ Անոնք՝ որոնք ատելութեամբ լեցուած, իրենց սիրտերէն հեռացուցած են սէրը։ Ուստի, կրկին մաքրութեան, սրբութեան հասնելով պէտք է սրտով՝ ներքնապէս մաքուր ըլլալ եւ այսպէս կրօնական սրբութիւն վայելել։ Սրբութեան տեսութիւնը, մաքուր սրտի ձգտումը շնորհք մըն է, որ կարելի է ձեռք ձգել հաւատքով։
Արդարեւ, հաւատքը, իր ամենալայն առումով՝ վստահութիւն կ՚ենթադրէ։ Բայց հաւատքը պէտք է գործի վերածել, քանի որ Յակոբոս առաքեալ իր ընդհանրական նամակին մէջ կ՚ըսէ.
«Ի՞նչ օգուտ է, եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ըսէ թէ հաւատք ունի եւ գործ չունենայ, միթէ հաւատքը կրնա՞յ փրկել զանիկա». (ՅԱԿՈԲ. Բ 14)։
Իսկ Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներու գրած նամակին մէջ հաւատքի մասին կ՚ըսէ.
«Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը եւ չերեւցած բաներուն ապացոյցն է». (ԵԲՐ. ԺԱ 1)։
Հաւատքի ամրապնդումը, արդարեւ, մարդս կ՚առաջնորդէ անտարակոյս, անապահովաբար եւ անկասկած գործելու, եւ մանաւանդ, պայքարի մէջ յաղթանակի հասնելու մասին հաստատ համոզում ունենալու։ Այս իմաստով, հաւատքը շնորհք մըն է. պայքարի կեանքի հիմն է ան։
Հաւատքը՝ հոգեպէս եւ մտապէս իւրացնել եւ միանալ է Սուրբ Գիրքի պատգամներուն՝ աստուածային պատուէրներուն։ Հաւատքի կեանքը ապրելու եղանակ մը, ապրելակերպ մըն է։ Եւ այս կեանքը խորհրդածելու, միշտ բարիին մասին մտածելու, հոգեպէս մաքրուելու, ամէն չարութենէ հեռանալու, եւ մանաւանդ փոխանակ ատելութեան՝ սիրտը սիրով լեցնելու, եւ ասոր համար տեւապէս հոգեւոր պայքարի մէջ ըլլալու բարեբեր կեանք մըն է։ Աստուծոյ մօտ ըլլալու միակ միջոցն է հաւատքի մաքուր կեանք մը ապրիլ եւ միշտ հոգեւոր պայքարի մէջ ըլլալ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 28, 2026, Իսթանպուլ