ՄԻԱԿ ԵԼՔԸ ԼԵԶՈՒՆ Է

Ազգովին կը տառապինք օտարին ունեցած արժէքներուն նկատմամբ կոյր հիացմունք ունենալու հիւանդութեամբ. օտարին մշակոյթը, գրականութիւնը, մտածելակերպն ու բարքերը դիւթիչ կը թուին ըլլալ: Անշուշտ, այս հիւանդութիւնը մեր ազգին մէջ նոր տարածուած մոլութիւն մը չէ. մեր թուականէն 168 տարիներ առաջ գրուած «Վէրք Հայաստանի» աշխատութեան մէջ կը կարդանք. «Ուզում էի, շատ անգամ, մազերս պոկեմ, որ էս օտար լեզուքը աւելի էին սիրում, քանց մերը»։ 1850-ակամ թուականներուն եւս օրուան երիտասարդութիւնը ֆրանսերէնը, անգլերէնն ու գերմաներէնը շատ աւելի հրապուրիչ կը գտնէին՝ քան մայրենի լեզուն. քիչ չէր թիւը այն երիտասարդներուն, որոնք օտարին գրականութիւնը, օտարին մշակոյթն ու արուեստը աւելի բարձր կը սեպէին: Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենաք, որ այս յոռի երեւոյթին դիմաց Խաչատուր Աբովեան երիտասարդութենէն անկախ մեղաւոր կը նկատէ հայ մտաւորականութիւնը, որովհետեւ տասնամեակներ շարունակ հայ գրականութիւնը ստեղծագործած է եկեղեցւոյ, ազգի ու հայրենիքի մասին պատումներ ու բանաստեղծութիւններ, մինչ երիտասարդութիւնը նորութիւն կը պահանջէ. այս երեւոյթին դիմաց Աբովեան զարմացած հարց կու տայ. «Նարեկը թողած ախր ինչպէ՞ս էին նրանք էն գիրքերը հաւանում»: 

Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» աշխատութիւնը որպէս գրական ստեղծագործութիւն ինչպիսի՞ արժէք կը ներկայացնէ՝ դուրս կը մնայ մեր յօդուածի հիմնական նպատակէն, սակայն, այս գիրքը կարեւոր կը նկատենք այնքանով, որ կու տայ գոյատեւելու ամենէն անհրաժեշտ ու միակ միջոցը. լեզո՛ւն. ճառերու ընթացքին յաճախ կը լսենք, թէ մարդիկ բարձրաձայն կը հաստատեն. «ազգը կ՚ապրի իր երիտասարդութեամբ», «ազգը կը գոյատեւէ շնորհիւ բանակին» ու նման հազար ու մէկ լոզունգներ։ Այս բոլորին արժէքը ընդունելով հանդերձ՝ կը հաւատանք մէկ բանի. ազգ մը կը գոյատեւէ միայն ու միայն իր լեզուով: Մեր ազգին համար ամենէն մեծ բարիքը, որ մեր երիտասարդութիւնը կրնայ ընել՝ մայրենի լեզուին տիրապետելն ու զայն ամէն բանէ վեր, ամէն բանէ աւելի կարեւոր դասելն է։ Շատեր ազգին համար զոհողութիւն կը պահանջեն՝ նիւթական ու բարոյական, սակայն, մենք կը պահանջենք ամենէն դիւրինը, ամենէն պարզն ու նպաստաւորը: Մինչեւ որոշ ժամանակ համոզուած էինք, որ հոգեպէս հայ զգալը շատ աւելին կ՚արժէ քան հայերէն խօսիլը, որովհետեւ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս աշխարհը լեցուն է անհատներով՝ որոնք հայերէն գիտեն՝ սակայն, թշնամիէն չեն տարբերիր եւ կան հայեր, որոնք հայերէն չեն գիտեր՝ սակայն, հոգեպէս աւելի հայ կը զգան քան անոնք՝ որոնք գիտեն: Սակայն, ժամանակ մը ետք սկսանք համոզուիլ, որ հայերէն խօսիլը նոյնքան կարեւոր է եւ տեղ մը ա՛լ աւելի կարեւոր՝ քան հայ զգալը… ինչո՞ւ… բացատրենք.

Պատկերացուցէք երիտասարդ մը, որ Ամերիկայի մէջ կ՚ապրի. հայերէն լեզուին չի տիրապետեր, սակայն, ինքզինք հոգեպէս հայ կը զգայ։ Մայրենի լեզուին չտիրապետող այս երիտասարդը ապագային պիտի ըլլայ հայր կամ մայր եւ բնականաբար անոր զաւակը եւս կտրուած պիտի ըլլայ մայրենի լեզուէն (գուցէ այդ պատճառով է, որ արդէն մայրենի լեզու կ՚ըսենք… մօ՛ր պատկանող, մայրական լեզու)։ Հայերէն չգիտցող երիտասարդին յաջորդող սերունդը ինքնաբերաբար հայերէն պիտի չգիտնայ։ Վստահաբար, եթէ ո՛չ ինք, ապա երկրորդ սերունդը յաջորդող երրորդ սերունդը պիտի վերացնէ հայկական անունները. Սարգիսը, Յովսէփը պիտի դառնայ Ճէյմս կամ Ալեքս։ Լեզուի թերացումը ինքնաբերաբար զիրենք հեռու պիտի պահէ հայկական դպրոցներէ. օտար դպրոցներ յաճախելով պիտի ունենան ամերիկացի, եւրոպացի ընկեր-ընկերուհիներ։ Հայերէն լեզուի պակասը եւ մա՛նաւանդ հայկական շրջանակներէ հեռու ըլլալու դժբախտ իրողութիւնը օտարին մշակոյթը շատ աւելի «հարազատ» պիտի դարձնէ՝ քան սեփականը։ Այժմ կ՚ուզենք ընթերցողը ինք պատասխանէ. հայերէն չգիտցող երիտասարդի մը յաջորդող սերունդներէն քանի՞ն իրապէս հայերէն պիտի գիտնայ. քանի՞ն որպէս հայ պիտի ապրի… Այս իմաստով լեզուն ո՛չ միայն անհատին, այլ իրեն յաջորդող սերունդներուն մէջ եւս ներգործութիւն պիտի ունենայ. մէկ սերունդին հայերէն սորվեցնելով մարդ ապագայ մի քանի սերունդները հայութեամբ մկրտած կ՚ըլլայ եւ գոյատեւման հիմնական ուժն ու գաղափարը այդ է։ Պատահակա՛ն չէ, որ այսօր Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը շարունակէ կառչած մնալ իր մայր լեզուին։ Այդ մէկը հետեւանքն ու արդիւնքն է զանոնք կանխող սերունդներուն։ Անցեալին մեծահասակներ «յաջողութեան» հասնելու համար կը յորդորէին լեզու սորվիլ. վերջապէս յայտնի խօսք է. «ինչքան լեզու գիտես՝ այնքան մարդ ես»։ Սակայն, պատկերը ինչպէ՞ս այսքան յեղաշրջուեցաւ եւ «օտար լեզուն» սորվեցէքը դարձաւ՝ «մայրենի լեզուն սորվեցէք»ի: 

Խաչատուր Աբովեան կը հաւատար, որ ազգ մը կը գոյատեւէ իր լեզուով ու հաւատքով. արդէն իսկ մի քանի տասնամեակէ ի վեր լեզուն նահանջի մէջ է՝ մա՛նաւանդ սփիւռքի մէջ։ Անցնող հարիւրամեակին արեւելահայերէնը «ռուսականացած» է, իսկ արեւմտահայերէնը՝ կորսուելու դատապարտուած լեզու մը. վկայ ՄԱԿ-ի Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան հրատարակած «Աշխարհի վտանգուած լեզուներ»ու տուեալները: Հաւա՞տքը… Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին մի քանի տարիներու պետութիւն-եկեղեցի պայքարը բաւարար է հասկնալու անմխիթար վիճակը. ազգը կենդանի պահող երկու երեւոյթներ՝ որոնք միասնաբար վտանգուած են: 

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հայ լեզուն, որ արդէն իր կազմակերպման շրջանում բարդ է եղել, կրել է դարերի ընթացքին շատ զօրեղ ազդեցութիւններ դրսից. պարսկական, յունական, քրտական, վրացական, արաբական, թրքական, իսկ վերջերս նաեւ ռուսական լեզուները դրել են յաջորդաբար իրենց դրոշմը մեր խօսքի վրայ:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԱՉԱԶՆՈՒՆԻ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2026