ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՈՒՍԵՐԸ
Ծխախոտիս մնացորդը ջուրին մէջ նետեցի եւ այն պահ մը լողաց փրփուրին վրայ, ապա կորսուեցաւ մոլեգնած խելագարութեան մէջ: Ես ուրիշ ծխախոտ մըն ալ վառեցի՝ դիտելով, թէ ալիքները ինչպէս փրփուրը կը տանին պատերուն, ապա պարտուած կը նահանջեն՝ դարձեալ խորակուելով ջուրին մէջ ու անհետանալով: «Մոռցի՛ր այս ամէնը… Դատարկ կեա՞նք մը ապրիլ կ՚ուզես Ապու Սալիմին պէս: Անիմաստ անհեթեթութիւն…»: Սեղանին դիմաց մարդ մը կար, որ նոր աւարտեց իր ճաշը, կանգնեցաւ հեռանալու համար, մէջքին յենուեցաւ, ակռաներուն մէջ փոքրիկ փայտէ ձողիկ մը մտցնելով, ըսաւ. «Դուն ուրախ ես պարզապէս այն պատճառով, որովհետեւ փոխեցիր, ո՛չ թէ որովհետեւ հեռացար…»: Մարդը ծափ տուաւ, որով Ապու Սալիմը վազելով իր մօտ եկաւ ու սկսան հաշուակցիլ: «Մի՞շտ այսպէս կը պատահի: Գաղափար մը ետեւ եւ գաղափար մը առջեւ… Ի՞նչն է արգելքը, որ ես միւսներուն պէս ըլլամ»: Պահ մը պատկերացուցի, թէ վերադարձայ անոր մօտ, անոր գրասեղանին առջեւ կանգնեցայ ափերս փորիս վրայ դրած. «Ահաւասիկ, ես շունի մը պէս վերադարձայ»: Ո՛չ, ասիկա երբեք պիտի չպատահի…:
Ծխախոտին մնացորդը պատուհանէն նետեցի, որով փրփուրը զայն դէպի պատը տարաւ, ապա ծալեց զայն… եւ ձեռքս դարձեալ ծխախոտի տուփին տարի:
-Պրն. Րիատ, լաւ կ՚ըլլայ, որ նոր մը չվառես, որովհետեւ ուտելիքդ հասաւ…:
Ապու Սալիմը ժպտալով ըսաւ այդ, ապա չորս կողմս դարձաւ եւ պատուհանէն նետեց հացի պզտիկ կտորներ, որոնք ուրիշ սեղանէ մը վերցուցած էր, եւ ցած ձայնով բան մը ըսաւ, ապա սկսաւ ամանները դասաւորել:
-Ապու Սալիմ, ի՞նչ ըսիր:
-Ներողութիւն, ձեզի հետ չէի խօսեր, ձուկերուն հետ կը խօսէի…:
- Ձուկերո՞ւն,- զարմացած հարցուցի եւ դարձայ, որպէսզի անոր դէմքը տեսնեմ ու դարձեալ հարցուցի,- ճի՞շդ լսեցի, ըսիր, թէ ձուկերուն հե՞տ կը խօսէիր:
Պարզութեամբ պատասխանեց.
-Այո…:
-Եւ ի՞նչ ըսիր հիմա ձուկերուն…:
Շարունակեց ամանները դասաւորել, ապա բաղարջ մը երկարելով ինծի, ըսաւ.
-Ըսի՝ «բարիք ըրէ… ու ծովը նետէ…»:
Ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ արդէն իրեն համար սովորական դարձած էր նմանատիպ հարցումներ պատասխանել, այդ պատճառով ալ իր առոգանութիւնը համոզում ու պարզութիւն կը կրէր իր մէջ, առանց այն տպաւորութիւնը ձգելու, թէ նոր բան մը կ՚ըսէ…:
-Ձուկերուն մի՞շտ հաց կը նետես:
-Յաճախորդներու սեղաններուն վրայ մնացած փշրանքները… Ձուկերը ատոր աւելի արժանի են, քան աղբամանը… Քսան տարիէ ի վեր ձուկերը կը կերակրեմ…:
Անոր ձայնին մէջ պարծանքի հեռաւոր հնչողութիւն մը կար, բայց ան ինծի չնայեցաւ: Ատոր փոխարէն, ան սրբիչ մը առաջարկեց, թոյլ գլուխը շարժեց եւ ուրիշ սեղանի մը մօտեցաւ…:
Պատառ մը կերայ…, սակայն, անոր յայտնած միտքը ուղեղիս մէջ կը դառնար: Ոտքի կանգնեցայ, պատուհանէն նայեցայ ալիքներուն դրացիութեամբ երկու ժայռերու կազմած խաղաղ լճակին, որու մակերեսին վրայ հացի մաշուած կտոր մը կը տատանուէր, նաեւ կրնայի տեսնել արծաթէ ձուկերը, որոնք այդ կտորին շուրջ կը դառնային…:
Նստայ, որպէսզի շարունակեմ ճաշս, սակայն չէի կրնար միտքէս հանել Ապու Սալիմին ինքնավստահ դէմքը, որով ան քսան տարիներէ ի վեր իր գործը կը կատարէր. այդ հանգամանքը ինծի անհանգստութիւն պատճառեց. «Բարիք ըրէ ու ծովը նետէ…»: Ապշելու չափ տարօրինակ է… Քսան տարիներ եւ ան բարիք կը գործէ ու ծովուն մէջ կը նետէ: Եթէ դադրի ձուկերուն հաց նետելէ… բան մը պիտի կորսնցնէ՞:
-Ապու Սալիմ…:
Յանկարծ ձայն տուի անոր: Մօտեցաւ եւ ձեռքին դատարկ աման մը կար եւ դէմս կանգնեցաւ:
-Ապու Սալիմ, բայց միլիոնաւոր ձուկեր կան… Դուն չես կրնար բոլորը կերակրել…:
Զարմացած նայեցաւ ինծի, կարծէք ան կ՚ենթադրէր, թէ ես ձուկերու պատմութիւնը մոռցած պէտք է ըլլամ…: Քիչ մը երկարեցաւ, որպէսզի դատարկ ամանը միւս սեղանին վրայ դնէ եւ ապա կռթնեցաւ դիմացի աթոռի կռնակին.
-Ինչքան որ կարենամ, պրն. Րիատ, ինչքան որ կարենամ… Ես զանոնք բոլորը կերակրելու պատասխանատու չեմ… Ես չեմ կրնար զանոնք բոլորն ալ կերակրել…, սակայն այս բոլորը աղբամանէն աւելի լաւ է, այդպէս չէ՞:
Դատարկ ամանը վերցուց եւ նախքան հեռանալը դարձաւ դէպի ինծի, գլուխը շարժեց ժպտալով… Այս ամէն ինչը, սակայն, ինծի համար անհանգստութիւն պատճառեց:
Արագ-արագ շարունակեցի ճաշս, սակայն, չէի կրնար իրերը իրենց անուններով կոչել… Կանչեցի Ապու Սալիմը, պարզութեամբ եկաւ եւ երկարեց ինծի հաշիւիս թուղթը… Անոր դէմքը խաղաղ էր, հպարտ անդորրութեամբ, որ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ իր դիմագիծի մասնիկներուն խառնուած է. հակառակ ամէն ինչին, ինքզինքս ստիպուած գտայ, ըսելու.
-Ապու Սալիմ, պէտք է դադրիս ձուկերուն հաց նետելէ…:
Ծերուկը հանգիստ մնաց եւ ապա հարցուց.
-Ինչո՞ւ դադրիմ ձուկերը կերակրելէ:
Անոր հարցումին մէջ սուրբ եւ խորունկ քմծիծաղ զգացի, բայց ինքզինքս զսպեցի.
-Դուն չե՞ս գիտեր, որ հացը կը սպաննէ ձուկերը…:
Իր ձեռքը թեթեւութեամբ կողքին դրաւ, ապա անհանգիստ կերպով հարցուց.
-Ձուկերը կը սպաննէ՞: Հացը ձուկե՞րը կը սպաննէ: Ինչպէ՞ս:
Հանգիստ զգացի: Սուտիս մէջ քայլ մըն ալ յառաջացած էի:
-Ձուկը հացը կը սիրէ, այդ պատճառով արագօրէն կու գայ, որպէսզի ուտէ զայն, սակայն, հացին անոր պզտիկ ստամոքսին հասնելէն քառորդ ժամ ետք կը սպաննէ զայն…:
Պահ մը ծովուն նայեցաւ, ապա կռթնեցաւ մօտիկ սեղանի անկիւնին եւ իր փոքրիկ աչքերը կը դեղային:
-Բայց ինչո՞ւ:
Յոգնած ձայնով մը հարցուց, մինչ իր մատները կը քաշուէին, կը պրկուէին ու կ՚առանձնանային սեղանի ծածկոցին վրայ:
-Ինչո՞ւ: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ…: Սակայն, հեռու անցեալին այս մասին դպրոցը սորվեցանք. հացը ձուկերը կը սպաննէ:
Ապու Սալիմը իր չորս կողմը նայեցաւ, ապա իր փոքրիկ աչքերով ուղղակի աչքերուս նայեցաւ ու ըսաւ.
-Բայց ձուկը հաց կ՚ուտէ…:
-Այո՛…, ձուկը հաց կը սիրէ, սակայն, հացը ձուկերը կը սպաննէ…:
-Կը սպաննէ՞ զայն:
Հարցուց, առանց գիտնալու, թէ ինչպէս պիտի շարունակէ, որով գլուխս շարժեցի, մինչ ան մատները կը պրկէր սեղանի ծածկոցին վրայ ու ջուրին կը նայէր: Անոր փոքր աչքերուն մէջի տխրութիւնը զգացի եւ ափսոսանքը շփոթած ու պրկուած մատներուն վրայ…:
-Նախապէս ո՛չ ոք ըսած էր ինծի ատիկա…:
-Այդ մէկը միայն համալսարանի ուսանողները գիտեն…:
-Հացը ձուկերը կը սպաննէ՞:
-Այո՛…:
Յաճախորդ մը հեռուէն ծափ տուաւ ջղայնացած, սակայն, Ապու Սալիմը ուշադրութիւն չդարձուց անոր: Ինքզինքիս ըսի. «Քսան տարիենրու ընթացքին թերեւս ասիկա առաջին անգամն է, որ կը պատահի»:
Զայրացայ. մինչ Ապու Սալիմը կը շարունակէր տխուր մնալ, կը նայէր ինծի, ապա ջուրին, ապա կը զբաղէր գետնին նայելով…
-Ամբողջ քսան տարիներ ձուկերուն հաց կը նետէի…:
-Քսա՞ն տարիներ:
Տխրութեամբ գլուխը շարժեց.
-Այո՛…, ամէն օր, ամէն օր, քսան տարիներէ ի վեր…:
Աման մը առաւ կողքի սեղանէն, իր համազգեստին ծայրով սրբեց զայն, ապա դէմքը մռայլեցաւ ու սկսաւ ինքն իրեն փսփսալ.
-Կը կարծէի, թէ ձուկերը հաց կը սիրեն… զիս ալ կը սիրեն…:
Ափսոսալով գլուխը շարժեց, մինչ յաճախորդը կրկին անգամ ծափեց, այս անգամ աւելի կոշտ:
-Քսան տարիներ, ամէն օր, ամէն օր…:
Գլուխը բարձրացուց, որով երեւցան փայլող արցունքները, որոնք կամաց-կամաց կը մտնէին իր կոշտ ու կարճ մօրուքին մէջ…:
-Ուրեմն այդպէս…, այդպէս…
-Ի՞նչ:
-Քսան տարիներու ընթացքին ձուկերը կը սպաննէի…:
Գլուխս շարժեցի՝ շրթունքներս ամուր իրարու սեղմելով, ապա սեղանին վրայ ճաշիս գինը նետեցի, եւ դարձեալ փողոց դուրս եկայ…:
(«12-րդ անկողինին մահը»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 2 եւ վերջ
Վաղարշապատ