ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարք Տ.Տ. Թաւատրոս Բ.-ը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Իսթանպուլ ուղեւորութեան շրջանակներէն ներս հիւր պատրիարքը այցելեց նաեւ Գումգաբու, ուր դիմաւորուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ զանգակներու զուարթ ղօղանջով։ Այս այցը յատկանշական էր Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ղպտի Ուղղափառ քոյր ու դաւանակից եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջագուրուեցաւ Տ.Տ. Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին հետ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Արամ արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ։

Ղպտի պատրիարքը Գումգաբուի մէջ դիմաւորուեցաւ աւանդական աղ ու հացով։ Ապա, Նորին Սրբութիւնն ու Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիսաւոր թափօրով, «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցան Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր կատարեցին իրենց աղօթքը եւ օրհնեցին ներկաները։ Տէրունական աղօթքէն վերջ պատրիարքները նոյնպէս թափօրով առաջնորդուեցան Պատրիարքարան, ուր դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ անոնց պաշտօնական հանդիպումը, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց Նորին Սրբութեան այցելութիւնը՝ վերյիշելով անոր նախորդին՝ երջանկայիշատակ Շենուտա Գ. Պատրիարքի հետ անցեալի հանդիպումները։ Ան խօսեցաւ միացեալ հաւատքի լուսաւոր վկայութիւններու մասին, որոնց դրսեւորումները կը սահմանեն գագաթնակէտեր, որոնք եկեղեցական յիշողութենէն ներս վերածուած են Քրիստոսի մէջ խոր միութեան նշանի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դրուատիքով խօսեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիներու սերտ յարաբերութեան մասին։ Ան կանգ առաւ նաեւ քաղաքիս միջեկեղեցական յարաբերութեանց վրայ։ Իր խօսքով՝ այդ յարաբերութիւնները չեն սահմանափակուած միայն երկխօսութեամբ, այլեւ դարձած են ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ արմատաւորուած կենդանի հաղորդութիւն։

Հիւր պատրիարքը ողջունելու ժամանակ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներուն դիմագրաւած առկայ տառապանքներուն։ Ան ըսաւ, թէ կ՚աղօթէ, որպէսզի Տէրը իմաստութիւնը շնորհէ ղեկավարներուն, մխիթարութիւն՝ տառապողներուն, նաեւ արդար ու մշտական խաղաղութիւն մը պարգեւէ տարածաշրջանին եւ համայն աշխարհին։

Իր կարգին, Տ.Տ. Թաւատրոս Բ. Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ջերմ ընդունելութեան համար՝ փոխանցելով Ս. Մարկոսի Աթոռին ողջոյնները։ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտ են թէ՛ Եգիպտոսէ ներս եւ թէ համայն աշխարհէ ներս։

Ողջոյնի խօսքերէն վերջ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

Նորին Սրբութիւնն ու Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարանի մուտքին ողջագուրուելով հրաժեշտ առին իրարմէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2026