ԵՂԵՌՆ՝ ՈՐ ՍՊԻՏԱԿ Է
Հայերէնը աշխարհի բոլոր լեզուներուն մէջ ամենէն լաւն ու արժէքաւորն է: Մենք մեծ ժողովուրդ ենք, ստեղծագործ ժողովուրդ ենք. թիւի շատութեան մի՛ հաւատաք, մրջիւններն ալ շատ են…
Երեւանի փողոցներուն վրայ իր շուրջը մի քանի տասնեակ երիտասարդ հաւաքած այսպէս կը խօսէր Յովհաննէս Շիրազ, որ ունեցած էր բախտաւորութիւն ի տարբերութիւն շա՜տ շատերու, իր կենդանութեան գնահատուիլ եւ ճանչցուիլ որպէս «ժողովուրդին բանաստեղծ»ը։ Շատերու համար գուցէ չափազանցութիւն թուի, սակայն, մեծ մտաւորական Աւետիք Իսահակեան կը հաւատար, որ 1917 թուականէն ետք հայ գրականութեան ամենէն մեծ ու քնարերգակ բանաստեղծը Շիրազն է։ 1936 թուականին «Անահիտ» հանդէսին մէջ նման արտայայտութիւն մը կ՚ունենայ Արշակ Չօպանեան ու Շիրազի մասին կը գրէ. «Ան Երեւանի եւ ամբողջ աշխարհի հայ բանաստեղծներուն մէջ ինքնուրոյն տեղ մը գրաւելու արժանի ներշնչեալ հմայիչ քնարերգակ մըն է»:
Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ, որ գրեթէ նոյն ժամանակաշրջանին կ՚ապրէին Պարոյր Սեւակ, Եղիշէ Չարենց, Խաչիկ Դաշտենց եւ բազմաթիւ այլ անուանի գրողներ. բոլորն ալ սիրուած էին ժողովուրդին կողմէ, սակայն, կար տարբերութիւն մը Շիրազին ու միւսներուն միջեւ. Շիրազ Հայաստանի սահմաններէն դուրս, արեւմտահայ հանրութեան կողմէ ալ սիրուած բանաստեղծ մըն էր։ Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ այդ ժամանակաշրջանին սփիւռքի մէջ հրատարակուող մամուլներուն ու հանդէսներուն մէջ գրեթէ մնայուն ներկայութիւն էր Շիրազ. անոր ստեղծագործական ծնունդը շատեր կ՚որակէին որպէս «հայ բանաստեղծութեան գարնանամուտ»: Արեւմտահայերու կողմէ սիրուած Շիրազը անսահման սէր ունէր սփիւռքի մէջ ապրող հայուն հանդէպ։ Անոր ամենօրեայ մտածումը այն էր, որ հայը անպայմանօրէն պէտք է վերադառնայ հայրենիք՝ օր մը անկախութեան ցնծութեան մասնակից ըլլալու համար։ Երեւանի մէջ հանդիպած սփիւռքահայ յօդուածագիր մը մեծ բանաստեղծին հետ հանդիպումը հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ.
«Շատ սրտագին եղաւ մեր ողջագուրումը: Հսկայի մը թեւերուն մէջ կը կարծէի, թէ ոչնչացած էի: Շիրազը ինչպիսի՜ կարօտով ու ջերմութեամբ կը համբուրէ պանդուխտ հայը, ո՛վ որ ալ ըլլայ ան. իրեն համար անծանօթ հայ չկայ. անծանօթը, խորթը միայն ան է, որ կը խօսի օտար լեզու»:
Որպէսզի ժողովուրդին Յովհաննէս Շիրազի հանդէպ ունեցած սիրոյ չափն ու տարողութիւնը աւելի յստակ ըլլայ, ըսենք հետեւեալը. 1964 թուականին Յովհաննէս Շիրազի նոր աշխատութիւնը կը հրատարակուի քսան հազար օրինակով։ Երկու օր ետք փողոցով անցած ժամանակ կ՚ուզէ սփիւռքահայու մը իր աշխատութիւնը նուիրել. կը մտնէ ամենէն մօտիկ գրախանութներէն մին, որպէսզի այդտեղէն հատ մը առնելով նուիրէ. գրատան պատասխանատուն կը շուարի ինչպէս բացատրէ… քսան հազար օրինակ հրատարակուած գիրքը երկու օրուան ընթացքին սպառած էր:
Սփիւռքը տարօրինակ ձեւով կապուած էր Շիրազի հետ. նոյնիսկ աշակերտներ աշխարհի չորս կողմէն մեծ բանաստեղծին նամակներ կը գրէին եւ շատ անգամ մեծ բանաստեղծը ուրախութեամբ պատասխան նամակներ կը գրէր հայորդիներուն։ Նման նամակ մը հրատարակուած է «Սփիւռք» շաբաթաթերթի 15 օգոստոս 1964 թուականի թիւին մէջ (Զ. տարի, թիւ 32). Շիրազ կը պատասխանէ Յովիկ անունով պատանիի մը նամակին եւ կը գրէ.
«Հոգիս թունդ հանեցին ձեր սուրբ ընտանեաց հայկական անունները. Վարդան, Տարօն, Սասունիկ եւ Յովիկ… ասել է մեր ազգը երբեք մահ չունի, երբ հայրենիքէն դուրս ալ Հայոց շունչն է խնկարկում»։ Ցաւալին ա՛յն է, որ նոյն հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը պիտի չկարենար ապրիլ մեծ բանաստեղծը՝ եթէ ապրէր մեր օրերուն՝ ուր արդէն գրեթէ փոքրամասնութիւն դարձած են Տարօնները, Սասուններն ու Վարդանները՝ տեղ տալով «զարգացած» հնչող եւրոպական անուններու:
Մի քանի յօդուած առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ գրեցինք Շիրազի հայրենադարձութեան կոչին մասին։ Շիրազի բոլոր նամակները ուղղուած սփիւռքին տունդարձի կանչ մըն են։ Անշուշտ, այս բոլորը խօսելով պէտք է նկատի ունենանք նաեւ ժամանակաշրջանը։ Շիրազի գրչեղբայրներէն շատ շատեր բանտարկուած էին հայրենասիրական կանչերու պատճառով։ Շիրազ ականատես եղած էր, թէ ինչպէս գրողներ իրենց այս կամ այն բանաստեղծութեան պատճառով դատապարտուած են աքսորի եւ նոյնիսկ մահուան… սակայն, Շիրազ կը գրէր, թէեւ Շիրազ եւս անմասն չէր մնար «հալածանքէ»։ Անոր լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մէկը եղող «Հայոց Տանթէականը» աշխատութիւնը կը հրատարակուէր բազմաթի՜ւ կրճատումներով, սակայն, Շիրազ կը շարունակէ գրել։
Հայոց Տանթէական աշխատութեան ամենէն կարեւոր բաժինը առաջին բանաստեղծութիւնն է՝ «Սպիտակ եղեռն»։ Հայոց լեզուն պաշտող բանաստեղծը այդտեղ կը գրէ.
«Երբ չեն պաշտում հայ սերունդներն հայ լեզուն՝
Ինձ թւում է հայոց բոլոր դարերի
Անմահներին իմ երգի հետ կը թաղեն
Լեզուաբահերն օտարի…»:
Այսօր այդ լեզուաբահերուն զոհը կը դառնայ թէ՛ նոր սերունդը եւ թէ հայ լեզուն եւ աւելի քան երբեք «Սպիտակ եղեռն»ը իրականութիւն կը դառնայ՝ որ իր էութեամբ աւելի վտանգաւոր է՝ քան կարմիրը: Կարմիրէն աւելի սպիտակը պէտք է մեզ այսօր տառապեցնէ, որովհետեւ ներքին կործանումը արտաքինէն շատ աւելի վտանգաւոր է:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մարդիկ կարծում են, թէ իրենք ամենազօր արարածներ են. իրենք են շարժում աշխարհն ու կեանքը: Մինչդեռ աշխարհն ու կեանքն են շարժում մարդկանց:
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան