ԱՆՈՐՈՇ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆ

Իրան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կ՚ընթանան դէպի պաղ պատերազմ մը: Իսլամապատի բանակցութիւնները փակուղիի մէջ դրած են Ուաշինկթընն ու Թեհրանը, որոնք չեն յաջողիր լուծում մը գտնել: Փաքիստանի միջնորդութեամբ օրեր առաջ տեղի ունեցաւ՝ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի պատուիրակութիւններուն միջեւ երկրորդ հանդիպումը։ Ճիշդ է, որ ռազմական գործողութիւններու տարողութիւնը առաջուան համեմատ բաւականին նօսրացած է, սակայն, թէ՛ ԱՄՆ-ի եւ թէ Իսրայէլի աղբիւրները կը յայտնեն, որ պատերազմի նոր փուլը սարերու ետին չէ, այլ շատ մօտ է եւ կրնայ ունենալ ծանրագոյն հետեւանքներ։

Պատերազմը կորսնցուցած է իր առաջուան փայլը՝ այն իմաստով, որ ԱՄՆ-ի համար՝ յատկապէս երեւելի սկսած է դառնալ, որ օդային հարուածներու ճամբով անկարելի է գետնի վրայ եղանակ փոխել կամ, առհասարակ, Իրանը վերջնականապէս ընկճել։ 

Ասոր կողքին նաեւ կայ միտք մը, թէ շրջանառութեան մէջ դրուած է Սպիտակ տան ներքին սենեակներու վարագոյրներու ետին: Այսպէս, անհնար է, որ ամերիկացիք ինչ-որ առումով բեկումնային իրավիճակ մը առաջացնեն, եթէ տեղի չունենայ ցամաքային միջմատութիւն. բան մը, որմէ կը սարսափի ամերիկեան վարչակազմը՝ ինչ-ինչ տրամաբանական պատճառներով։

Այս բոլորը, անշուշտ, կը յանգեցնէ այն գաղափարին, թէ այսօրուայ պայմաններով, ԱՄՆ-Իրան նոր գործարք մը կնքելը դարձած է անհնար, ռազմական-ցամաքային գործողութիւն մը իրականացնելը անկարելի, կողմերը պարտաւոր են գործել պաղ պատերազմի վիճակներով։ Թէ ի՞նչ կը նշանակէ պաղ պատերազմը այս պարագային՝ մանաւանդ, որ խօսքը առաջին հերթին ծովային պաղ պատերազմի մը կրնայ վերաբերիլ… 

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ ներկայ պայմաններով հրադադարի երկարաձգումը կը թուի աւելի շատ քաղաքական քայլ մը ըլլալ՝ քան ռազմավարական իրական փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ լարուածութիւնը կը շարունակէ աճիլ, իսկ ամերիկեան հակասական կեցուածքներն ու իրանական կոշտ պատասխանները կը բանան բարդ բանակցային ուղիներու եւ երկարատեւ սրացումներու դուռը։ Արդէն յստակ է, որ հրադադարի երկարաձգումը ամբողջովին միջնորդներու ճնշումներու արդիւնքը չէ, այլ քաղաքական ելք մը՝ նախագահ Թրամփի համար՝ պատերազմական փակուղիէն դուրս գալու նպատակով։ Միջազգային դերակատարներու՝ մասնաւորապէս Փաքիստանի միջնորդութիւնը, Թրամփին հնարաւորութիւն տուած է վերադասաւորելու իր դիրքաւորումը եւ դիմելու դիւանագիտական ուղիի՝ նուազեցնելու համար նահանջի գինը։ Այս մօտեցումը կը բխի բաւական ամրապնդուած այն գիտակցութենէն, թէ Իրանի հետ նոր բախում մը կրնայ ունենալ լայնածաւալ հետեւանքներ՝ ազդելով տարածաշրջանին, ամերիկեան տնտեսութեան եւ համաշխարհային տնտեսական համակարգին վրայ։ Սակայն, այս քայլը տակաւին չի նշանակեր, թէ ամերիկեան ռազմավարութիւնը փոխուած է։ Ընդհակառակն, Ուաշինկթըն կը շարունակէ կառչած մնալ ծովային շրջափակման քաղաքականութենէն, ինչ որ կը թունաւորէ բանակցութիւններու մթնոլորտը եւ կը խորացնէ վստահութեան պակասը կողմերուն միջեւ։

Իրան, իր կարգին, արագ արձագանգած է այս հակասութեան՝ վերակազմաւորելով իր կեցուածքը եւ անգամ մը եւս շեշտելով Հիւրմիւզի նեղուցի ռազմավարական նշանակութիւնը։ Այս ջրանցքին փակումը կամ սահմանափակումը՝ կը դիտուի որպէս յստակ պատգամ, թէ ճնշումներու գինը պիտի չմնայ միակողմանի, այլ պիտի անդրադառնայ համաշխարհային տնտեսութեան եւ ուժանիւթի անվտանգութեան վրայ։ 

Յառաջիկայ հաւանական իրադարձութիւնները կարելի է դասաւորել երեք հիմնական ուղիներով։ Առաջինը՝ բանակցային կանոններու վերասահմանումն է, ուր հիմնական հարցը կը մնայ այն, թէ արդեօք ԱՄՆ պիտի շարունակէ՞ պահել իր կարծր դիրքորոշումներն ու լսելի դարձնել դժուարին պահանջները կամ պիտի անցնի աւելի իրատես մօտեցումներու։ Մինչեւ որ այդ մօտեցումը չփոխուի, երկխօսութիւնը մեծ հաւանականութեամբ պիտի մնայ մակերեսային եւ փակուղային։

Երկրորդ ուղին կը վերաբերի «քայլ՝ քայլի դիմաց» մօտեցումին, ուր կարելի է փոխադարձաբար թուլացնել ճնշումները. օրինակ՝ ծովային շրջափակման մեղմացում՝ փոխարէնը նեղուցի երթեւեկութեան սահմանափակումներու վերացում։ Թէեւ այս տարբերակը սահմանափակ է, սակայն, կրնայ ծառայել որպէս վստահութեան վերականգնման հիմք։

Երրորդ եւ ամենէն վտանգաւոր բեմագրութիւնը երկարատեւ մաշեցուցիչ վիճակն է՝ տեսակ մը ծովային պաղ պատերազմ, երբ ուղղակի մեծ բախումներ կրնան չըլլալ, բայց, լարուածութիւնը կը դառնայ մշտական՝ ազդելով առեւտրական նաւարկութեան, ուժանիւթի գիներու եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան վրայ։

Այս ամբողջին մէջ վճռորոշ դեր պիտի խաղան նաեւ ներքին քաղաքական հաշիւները։ Իրան պարտաւոր չէ շտապելու՝ համապարփակ համաձայնութեան հասնելու համար՝ նախընտրելով ժամանակ շահիլ եւ ճգնաժամը կառավարել իր սեփական պայմաններով։ Միւս կողմէ, ԱՄՆ եւ Իսրայէլ կը բախին ժամանակային ճնշումներու՝ ընտրական հանգրուաններու պատճառով եւ կը փնտռեն յստակ յաղթանակ մը, զոր կրնան ներկայացնել իրենց հասարակութիւններուն։

Վերջապէս, արագ եւ համապարփակ լուծում մը դժուար կը թուի։ Աւելի իրատես տարբերակը ժամանակաւոր համաձայնութիւնն է՝ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար՝ հիմնուած փոխադարձ քայլերու վրայ։ Թէեւ այս մօտեցումը չի՛ լուծեր ճգնաժամի խորքային պատճառները, սակայն, կրնայ ստեղծել անհրաժեշտ շունչ առնելու տարածք մը եւ նախապատրաստել յաջորդ՝ աւելի բարդ բանակցային փուլը՝ յատկապէս միջուկային թղթածրարին շուրջ։

Այժմ, անորոշ հաւասարակշռութիւն մը կը նկատուի՝ պաղ պատերազմի շեմին: Այս բոլոր իրադարձութիւնները ի յայտ կը բերեն, որ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ առկայ ճգնաժամը կը շարժի դէպի նոր՝ աւելի բարդ փուլ մը, ուր բացայայտ պատերազմը կը մնայ անկանխատեսելի, բայց, ոչ-անպայման մօտալուտ, մինչդեռ ամբողջական հաշտութիւնը՝ գրեթէ անհասանելի։ Երկու կողմերն ալ կարծես հասած են այն կէտին, ուր ո՛չ ռազմական վճռական յաղթանակը իրատեսական է, ո՛չ ալ դիւանագիտական արագ լուծումը՝ քաղաքականօրէն ընդունելի։ Ուստի, կը հաստատուի պաղ պատերազմի տրամաբանութիւն մը, որ կը դրսեւորուի ո՛չ թէ գաղափարական բեւեռացմամբ, այլ ռազմավարական մաշեցմամբ. ծովային ճնշումներ, տնտեսական սահմանափակումներ, անուղղակի բախումներ եւ մշտական լարուածութիւն։ Այս մթնոլորտին մէջ, յաղթանակի հասկացութիւնը կը փոխարինուի կառավարելի ճգնաժամով, ուր հիմնական նպատակը կը դառնայ ո՛չ թէ հակառակորդը պարտադրել, այլ զայն զսպել։ Սակայն, այս հաւասարակշռութիւնը խորապէս խոցելի է։ Ամէն սխալ հաշիւ, տեղային բախում կամ քաղաքական սխալ գնահատում կրնայ արագօրէն վերածուիլ լայնածաւալ սրացման՝ յատկապէս զգայուն կէտերու շուրջ, որոնց շարքին է Հիւրմիւզի ջրանցքը։ Հետեւաբար, ներկայ փուլը կարելի է բնութագրել որպէս՝ անորոշ հաւասարակշռութիւն մը, ուր խաղաղութիւնը կայ միայն այնքանով՝ որքանով պատերազմը կը մնայ չսկսած։

Ի վերջոյ, այս իրավիճակը ո՛չ թէ լուծումի սկիզբն է, այլ ժամանակի գնման գործընթաց մը կողմերուն համար՝ մինչեւ որ պայմանները հասուննան աւելի խորքային վերադասաւորման կամ նոր բախումի համար։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2026