ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԷՋ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն աշակերտներ վերջին օրերուն մասնակցեցան TAZOF-ի կողմէ կազմակերպուած մտախաղերուն։ Շիշլի գաւառակի վարժարաններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս մրցոյթը, որու ծրագրին վրայ ընդգրկուած զանազան խաղերու գծով դպրոցի աշակերտները դարձան դափնեկիր։

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը ներկայացուցին՝ Ռալֆ Պուրակ Թիրեաքի, Լուսին Չաղլը, Ալին Աթաքեր, Արէս Մուսայիլօղլու եւ Թէյֆիք Չնար Քափ։ Խումբը վերահսկեցին՝ մտախաղերու ուսուցչուհիներ Այլին Աւաճեան եւ Սէլին Տեմիրճիօղլու։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2026