ԶԱՏԿԱԿԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ՝ ՍԷ՛ՐԸ
Եթէ ընտանիքը իր բոլոր անդամներով յաջողի Քրիստոսի մէջ կեդրոնանալ՝ Ան ալ ամբողջ ընտանիքը իրարու կը միացնէ եւ կը լուսաւորէ։ Ցաւերը եւ անձկութիւնները Տիրոջ Խաչին հետ կ՚ապրին, իսկ զայն համբուրելը՝ կարողութիւն կու տայ ամենավատ պահերուն տոկալու։ Ընտանիքին դժուարին օրերուն մէջ՝ «միութիւն» մը կայ լքուած Յիսուսի հետ՝ որ կրնայ օգնել, որպէսզի խզումէ մը խուսափինք։
Ընտանիքները հետզհետէ կը նուաճեն իրենց սրբութիւնը ամուսնական կեանքին ընդմէջէն՝ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ, ինչպէս նաեւ մասնակցելով Քրիստոսի Խաչին խորհուրդին, որ դժուարութիւնները, նեղութիւնները եւ տառապանքները «սիրոյ նուիրում»ի կը կերպարանափոխէ։ Ապա նաեւ ուրախութեան պահերը, հանգիստը կամ տօները, նոյնիսկ սեռայնութիւնը, կ՚ապրին, որպէս մասնակցութեան միջոց Իր Յարութեան լիառատ կեանքին։
Ամուսնացեալները, իրենց առօրեայ զանազան շարժուձեւերով կը գոյացնեն աստուածաբանական այն վայրը՝ ուր կարելի կ՚ըլլայ յարուցեալ Տիրոջ խորհրդական եւ փառաւոր ներկայութիւնը փորձարկել։ Արդարեւ, ընտանիքով միասնաբա՛ր կատարուած աղօթքը նախընտրեալ միջոց մըն է զատկական հաւատքը արտայայտելու եւ ամրացնելու համար։ Կարելի է ամէն օր քանի մը վայրկեան յատկացնել, կենդանի Տիրոջ առջեւ միացած ըլլալու, մեր մտահոգութիւնները ըսելու, ընտանիքին կարիքներուն, ինչպէս նաեւ տագնապ անցընողի մը, հիւանդի մը համար աղօթելու, իրար սիրելու համար օգնութիւն հայցելու, կեանքին լաւ կողմերը տեսնելով եւ լաւ բարի բաներուն համար փա՜ռք տալու, գոհութիւն յայտնելու, Աստուածամօրմէ բարեխօսութիւն խնդրելու՝ որ իր մայրական առաքինութեամբ պահպանէ մեզ։
Աղօթքի այս խորհրդաւոր պահերը, ահաւասիկ, կրնայ իր պարզ բառերով՝ մեծ բարիք բերել ընտանիքին։ Ժողովրդային բարեպաշտութեան զանազան արտայայտութիւնները հոգեւոր գանձեր են բազմաթիւ ընտանիքներու համար։
Միասին եւ համատեղ կատարուած աղօթքներու այս ուղին իր գագաթնակէտին կը հասնի Ս. Հաղորդութեան միատեղ մասնակցութեամբ, յատկապէ՛ս կիրակնօրեայ հանգիստի ընթացքին։ Քանի որ ամէն կիրակի Ս. Յարութեան յիշատակի օրն է՝ Տիրոջ օը։ Արդարեւ, Յիսուս, ընտանիքին դուռը կը թակէ, Իր «հաղորդական սեղան»ին մասնակից ընելու, մասնակցելու համար. «Ահա Ես դրան առջեւ եմ եւ կը բախեմ։ Եթէ մէկը Իմ ձայնս լսէ եւ դուռը բանայ՝ ներս պիտի մտնեմ եւ անոր հետ պիտի ընթրեմ, ան ալ՝ Ինծի հետ». (ՅԱՅՏ. Գ 20)։
Ամուսինները՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ կրնան հո՛ն զիրենք իրարու ցմիշտ միացուցած զատկական դաշինքը դարձեալ կնքել, ի՛նչ որ Աստուծոյ մարդկութեան հետ Խաչին միջոցով կնքած Դաշինքին արտայայտութիւնն է։ Ս. Հաղորդութիւնը, Ս. Հաղորդութեան ճաշակը եւ սնունդը ուժ եւ քաջալերանք է ամուսնական սուրբ եւ անջնջելի կապը ամէն օր իբր «առտնին Եկեղեցի» ապրելու եւ վայելելո՛ւ։
Եւ այս ուղղութեամբ, Ս. Պսակով սրբագործուած ամուսնութեան մէջ՝ նաեւ «մէկ անձ»ի մը լման պատկանելու իմաստը կ՚ապրուի։ Ամուսինները, այսինքն ամուսնացածները կը ստանձնեն միասին ծերանալու եւ միատեղ մաշելու մարտահրաւէրը եւ փափաքը, այսպէս պատկերացնելով Աստուծոյ հաւատարմութիւնը։ Կեանքի մը ոճը բնորոշող այս հաստատ որոշումը՝ ներքին պահանջք մըն է ամուսնական սիրոյ դաշինքին, քանի որ այն բանը, որ չէ՛ որոշած ցմի՛շտ սիրել եւ հաւատարիմ մնալ այդ սիրոյն, դժուար է զայն մէ՛կ օր իսկ իսկապէս սիրելը եւ հաւատարիմ մնալը այդ սիրոյն։ Արդարեւ, ճշմարիտ սէրը անխոնջ եւ անձանձրոյթ աշխատանք եւ անշահախնդիր զոհողութիւն կը պահանջէ։ Սէրը՝ սէ՛ր է, երբ փոխադարձութիւն չի սպասեր, եւ այդ պատճառով է, որ մահն իսկ չի վերջացներ ճշմարիտ եւ անկեղծ սէրը…
Բայց ասիկա հոգեւոր իմաստ պիտի չունենար, եթէ հարցը միայն համակերպուած ապրելու օրէնքի մը մասին ըլլար։
Ամուսնութեան սիրոյ մէջ հարցը՝ սրտի պատկանելիութեան հարց է, ինչ որ միայն Աստուա՛ծ կը տեսնէ. «Բայց ես ձեզի կ՚ըսեմ.- Ո՛վ որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկանալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ». (ՄԱՏԹ. Ե 28)։
Հաւատարմութեան այս ուխտը Աստուծոյ առջեւ կը վերանորոգուի, ամէն օր արթննալով եւ ամբողջ օրուան ընթացքին ի՛նչ ալ պատահի։
Մարդս քնանալէ ետք, վերստին արթննլով՝ կը յուսայ այս արկածախնդրութիւնը շարունակել, ինքզինք Աստուծոյ օգնութեան եւ խնամքին յանձնելով։
Այսպէս՝ ամէն ամուսին մէկը միւսին համար՝ նշան եւ գործիք է Տիրոջ մտերմութեան, մօտիկութեան, որ զինք երբեք մինակ չի՛ թողուր։
«Ահաւասի՛կ Ես միշտ ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վերջը». (ՄԱՏԹ. ԻԸ 20)։
Ա՛յս է ահաւասիկ բացարձակ, անկեղծ, ճշմարիտ եւ ազատ սիրոյ հոգեբանութիւնը՝ որ է անվերջ եւ անսպա՛ռ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 9, 2026, Իսթանպուլ