ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏՈՒԱՒ ՔՈՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ
Սուրբ Զատկի տաղաւարի շրջանին Պատրիարքական Աթոռը կը բաժնէ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր ուրախութիւնը։ Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան տօնական շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ Թուրքիոյ քրիստոնեաներու հոգեւոր առաջնորդներուն։ Վերջին երկու օրերուն Գումգաբուի մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունած էր շնորհաւորութիւններ, իսկ այս անգամ հերթը հասած էր անոնց փոխադարձելու։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Արամ արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան, Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները այցելեցին Ասորի կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր Օրհան Չանլը քորեպիսկոպոսին, որու կողմէ ընդունուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Աւելի վերջ անոնք այցելեցին նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանը, ուր պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմ արտայայտութիւններով շնորհաւորեց կաթողիկէ հայոց Սուրբ Զատիկը։
Բաց աստի, Տ. Արամ արք. Աթէշեան այցելեց նաեւ Քաղդէացի կաթոլիկ համայնքի առաջնորդարանը։ Յանուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, Նորին Սրբազնութիւնը յղեց շնորհաւորութիւններ։ Իրեն ընկերացաւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Նկատի ունենալով, որ վիճակաւորը հիւանդ էր՝ Տ. Արամ արք. Աթէշեան հիւրընկալուեցաւ Քաղդէացի կաթոլիկ համայնքի նախկին առաջնորդ Ռեմզի Կարպօ արքեպիսկոպոսին կողմէ։