«ՄԻ՛ ԵՐԿՆՉԻՐ ՓՈՔՐԻԿ ՀՕՏ…»

«Մի՛ երկնչիր հօտ փոքրիկ զի հաճեցաւ Հայր ձեր՝ տալ ձեզ զարքայութիւն». (ՂՈՒԿ. ԺԲ 32)։

Հայ Եկեղեցին՝ որ հալածուած է շարունակ. «ի սուտ եղբարց». (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԱ 26), ունեցած է միշտ իրեն դէմ հակառակորդներ՝ սուտ եւ կեղծ ինքնակոչ եւ կարծեցեալ «եղբայրներ», եւ Աւետարանի խօսքով. «դուրսէն գառնուկներ եւ ներսէն գայլեր», որոնք իրենց նպատակին գործադրութեան յամառաբա՛ր կը տքնին, եւ պատմական փաստ եւ օրինաւոր միջոց եւ կրօնական ոգի ցոյց տալէ շատո՜նց հրաժարած են՝ ինչ որ կ՚ընեն, կ՚ընեն ի ցոյց մարդկան. զորս այլեւս իբր անբաւական միջոցներ կը համարին, եւ լուսաւորութեան տարածման պատրուակի տակ, կը ճգնին նորէն Հայ Եկեղեցին պառակտել, եւ իրենց գաղափարակիցները ստուարացնելու համար, «պզտիկ համայնքներուն մեծերէն կլլուելուն օրէնքը» կը յեղյեղեն։

Բայց անդին կայ աստուածային օրէնք մըն ալ, որ կը հաստատէ, թէ՝ «Տեառն է երկիր լրիւ իւրով, աշխարհ եւ ամենայն բնակիչք նորա»։

Ամբողջ աշխարհը իր բոլոր բնակիչներովը Տիրոջ կը պատկանի… բայց աւելի քան ասիկա Քրիստոս յանձնարարեց չերկնչիլ, եւ գօտեպնդեց Իր սակաւաթիւ հետեւողները. «Մի՛ երկնչիր հօտ փոքրիկ զի հաճեցաւ Հայր ձեր՝ տալ ձեզ զարքայութիւն». (ՂՈՒԿ. ԺԲ 32)։

Եւ եթէ բաւական չըլլայ աւետարանաշունչ այս մեծ պատգամը կ՚իրականանայ բազմաչարչար Հայ Եկեղեցիին վրայ՝ որ իր դարերու հալածանքներուն մէջ ալ միշտ կանգո՛ւն մնացած է։ Եւ Հայ Եկեղեցին երբ կանգուն կը մնայ եւ կը ներշնչէ վստահութիւն եւ կը հնչեցնէ հաճոյքով այն ոգիին փառքը՝ զոր նախնիներ, պապեր արտայայտած են շարունակ, օտարներուն կողմէ եղած մեղմեխ հրաւէրներուն եւ հրապոյրներուն որպէս պատասխան, Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողիմէոս առաքեալներու՝ եւ անոնց անմիջական յաջորդներուն արդիւնքը՝ զոր հաղորդեց Փրկիչը եւ զոր հաստատեց Միածինը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի եւ զաւակներուն բազմաքիրտն մէկ գործն է, զոր պահեց մինչեւ ցայսօր, եւ պիտի պահէ ցվախճան աշխարհի…

Կարելի չէ՛ ուրանալ մեծ եւ վեհ եւ հնաւանդ Հայ Եկեղեցին, եւ Սաղմոսերգուին հետ ուրախանալու ենք. «Ո՞վ պիտի պատմէ Տէրոջը մեծ գործերը։ Ո՞վ պիտի իմացնէ Անոր ամէն գովութիւնը… Որպէսզի Քու ընտրեալներուդ բարութիւնը տեսնեմ, Քու ազգիդ ուրախութիւնովը ուրախանամ, Քու ժառանգութիւնովդ պարծենամ։ Մենք մեր հայրերուն հետ մեղանչեցինք, անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն գործեցինք…». (ՍԱՂՄ. ՃԶ 2, 5-6):

Ուստի, գնահատելու, յիշելու, փառաբանելու, քնարերգելու ենք այն մեծահրաշ գործը՝ որ ոլոռն ոլոռն այնչափ քրտինք արժեց նախկին Լուսաւորիչներու՝ որոնք թէեւ Պօղոս առաքեալի պէս «Անծանօթին Աստուծոյ» Բագին մը իսկ չկրցան գտնել հոն տեղաւորելու Քրիստոսը, եւ ոչ ալ իմաստուն եւ աւետարանի սկզբունքներուն մօտէն հեռուէն վարժ միտքեր գտան հոն, բայց նաեւ քարանձաւ ժայռերու եւ անվարժ սիրտերու, խիստ ժողովուրդի մը վրայ ալ յաջողեցան ցոլացնել Աւետարանի շողը եւ լո՛յսը։

Ահաւասիկ, այդ առաքելութեան մեծ գործին յիշատակն է, զոր Հայ Եկեղեցին ցոյց կու տայ իր նախկին Լուսաւորիչներու անունով՝ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողիմէոս առաքեալներով, որոնց հետ միշտ պէտք է յիշել եւ դասել եւ տօնախմբել այն երջանկայիշատակ Հայրապետները՝ որոնք հաւատքի ամոլ երկու առաքեալի անմիջական առաջնորդներ եղան մինչեւ Սուրբ Մեհրուժան հայրապետ, նախորդներ հայոց երկրորդ լուսաւորչին Սուրբ Գրիգորի։ Բեղմնաւոր եղան այս երջանկայիշատակ սուրբերու արիւնները եւ որչափ ուժգին հեղուսեցին հայ ժողովուրդին մէջ քրիստոնէական ոգին։ Քրիստոսի շունչը ո՜ր աստիճան տաքցուց հայ քրիստոնեային սիրտը՝ որուն հաճեցաւ Աստուած եւս։ Այնպէս որ, երբ մարդ աչքի առջեւ կը բերէ պահ մը հայ քրիստոնեաներուն մինչեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ անկէ ալ ասդին՝ արտաքիններէն եւ ներքիններէն, թշնամիներէն եւ սուտ կարծեցեալ «եղբայրներ»էն, եւ նոյնիսկ սխալ դաստիարակներէ, եւ անուղղայ հրատարակութիւններէ յաջորդաբար քաշածները, առաջուընէ ջնջուած՝ անհետացած՝ անճետացած՝ սոսկ պատմական դարձած պիտի համարէր Հայ Եկեղեցին, Աստուծոյ փոքրիկ այս հօտը, եթէ Աստուած պահպանած չըլլար զայն, փրկած չըլլար գահավիժումէ, չնայելով անոր յանցանքներուն, որպէսզի ամէն դարերու մէջ հռչակ գտնեն իր անբաւ զօրութիւնը եւ գթութիւնը։

Թո՛ղ գթած եւ հզօր Աստուած պահէ Հայ Եկեղեցին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 8, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2026