ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՕՐԸ

Եթէ հեթանոսները զայն արեգակի օր կը կոչեն, մենք ալ նոյնը կը դաւանինք սիրայօժար. որովհետեւ աշխարհի լոյսը այսօր ծագեցաւ, այսօր արդարութեան արեգակը յայտնուեցաւ, որուն ճառագայթները փրկութիւն կը սփռեն», կ՚ըսէ Ս. Հերոնիմոս։ Արդարեւ, Քրիստոսի Յարութեան օրը «շաբթուան առաջին օրը կը հանդիսանայ»՝ ի յիշատակ արարչագործութեան առաջին օրուան։

Անիկա միանգմայն «ութերորդ օրն է», որուն մէջ Քրիստոս, աւագ Շաբաթին Իր «հանգիստ»էն ետք, կը սկզբնաւորէ այն Օրը՝ «զոր Տէրը կ՚ընէ», «օր՝ որ չունի երեկոյ»։ Օրուան կեդրոնը՝ «Տիրոջ ընթրիքն է», որովհետեւ հաւատացեալներուն ամբողջ հաւաքոյթը հո՛ն է, որ կը հանդիպի յարուցեալ Տիրոջ, որ զիրենք Իր խնջոյքին կը հրաւիրէ. (ՅՈՎՀ. ԻԱ 12), (ՂՈՒԿ. ԻԴ 30)։

Կիրակին գերազանցօրէն ծիսական համախմբումին օրն է, ուր հաւատացեալները կը համախմբուին, որպէսզի ունկնդրելով Աստուծոյ Խօսքին եւ մասնակցելով Ս. Պատարագի խորհուրդին՝ յիշատակեն Տէր Յիսուսի չարչարանքը, Յարութիւնը եւ Փառքը, գոհութիւն մատուցանելով Աստուծոյ, որ զիրենք վերստին ծնաւ կենդանի յոյսի մէջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն Յարութեամբ։ Յարութեան նոր ժամանակը, մեկնելով զատկական եռօրեայէն՝ ինչպէս լոյսը իր ակունքէն, իր պայծառութեամբ կը համակէ ծիսական ամբողջ տարին։ Մերձ ընդ մերձ այս ակունքին եւ անոր հետ զուգորդաբար ընթանալով՝ տարին կը պայծառակերպուի ծիսակատարումով եւ իսկապէս կը հանդիսանայ «Տիրոջ շնորհքի տարին». (ՂՈՒԿ. Դ 19)։

Փրկչական տնտեսութիւնը կը գործէ ժամանակին շրջագիծին մէջ։ Սակայն, Յիսուսի Զատիկով եւ Սուրբ Հոգիին զեղումով իրագործուած անոր լրումէն ասդին, պատմութեան վախճանը կանխուած է «իբրեւ նախաճաշակ», իսկ Աստուծոյ Արքայութիւնը մուտք կը գործէ մեր ժամանակաշրջանին մէջ։ Ասոր համար՝ Զատիկը այլ տօներուն շարքին տօն մը չէ. ան «տօներուն Տօնն է». «հանդիսութիւններուն Հանդիսութիւնը, ինչպէս Ս. Հաղորդութիւնը սուրբ խորհուրդներուն սուրբ խորհուրդն է, Մեծ սուրբ խորհուրդը։ Սուրբ Աթանաս Աղեքսանդրացի զայն կը կոչէ «Աւագ Կիրակի», ինչպէս Սուրբ Շաբաթը կոչուած է «Աւագ Շաբաթ»։

Յարութեան խորհուրդը՝ որով Քրիստոս մահը ջախջախեց, իր հզօր ուժականութեամբ կը ներթափանցէ մեր հին ժամանակները, մինչեւ որ ամէն ինչ Անոր ենթարկուի։ 325 թուականին՝ Նիկիոյ ժողովին բոլոր եկեղեցիները համաձայն գտնուեցան քրիստոնեայ Զատիկը գարնան գիշերահաւասարին յաջորդող լիալուսնին՝ 14 Նիսան Կիրակի օրը տօնելու։

Բայց Զատիկին օրը Արեւմտեան եւ Արեւելեան եկեղեցիներուն մօտ միշտ միաժամանակ չի զուգադիպիր, 14 Նիսանը հաշուող մեթոտներու տարբերութեան պատճառով։ Ասոր համար սոյն եկեղեցիները համաձայնութիւն մը կ՚որոնեն Տիրոջ Յարութեան օրը նոյն թուականին տօնելու։

Ծիսական տարին զատկական միակ խորհուրդին զանազան երեւոյթներուն հոլովոյթն է։ Ասիկա կը զօրէ յատկապէս Մարդեղութեան խորհուրդին շուրջ շղթայուող տօնաշրջաններուն՝ Աւետումի, Ծնունդի, Յայտնութեան համար, որոնք կը յիշատակեն մեր փրկութեան սկզբնաւորութիւնը եւ մեզի Զատիկի խորհուրդին երախայրիքը կը հաղորդեն։

Յիսուսի Յարութիւնը Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատքին գագաթնակէ՛տն է, զոր քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը դաւանած եւ ապրած է իբրեւ կեդրոնական ճշմարտութիւն՝ զոր Աւանդութիւնը փոխանցած է իբրեւ «հիմնական գիտելիք», որ հաստատուած է Նոր կտակարանի վաւերաթուղթերով՝ որ Խաչին հետ միատեղ՝ քարոզուած է իբրեւ էական մաս զատկական խորհուրդին։ Արդարեւ, Քրիստոսի յարութեան խորհուրդը իրական իրադարձութիւն մըն է՝ որ պատմականօրէն ստուգուած յայտնումներ ունեցաւ, ինչպէս կը վկայէ Նոր կտակարանը՝ որ նոյնիսկ Ճշմարտութի՛ւնն է։ Առաքեալը կը խօսի Յարութեան կենդանի աւանդութեան մասին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 6, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2026