Շաբաթ 4, Ապրիլ 2026
ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՔԱՅԼԵՐ
Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը (PSYK) 2026-ի առաջին յատկացումները կատարեց նպաստընկալներուն համար։ Ս. Զատկի տօնի սեմին, եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու մօտ արձանագրուած 803 կարիքաւոր ընտանիքներուն օգնութեան ծրարներ բաժնուեցան։ Սա 2026 թուականի առաջին օժանդակութեան տրամադրումն էր։ Այս ծիրին մէջ լիցքաւորուեցաւ 735 առեւտուրի քարտ, նաեւ բաշխուեցաւ 68 պարէնի տուփ։
Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր բոլոր կամաւորներուն եւ բարերարներուն։
Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2026