ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՍՆ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տասն Կուսանաց յիշատակութեան արարողութիւնը, որ Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր փուլերէն մին է։ Արարողութիւնը յատկանշական էր՝ այն առումով, որ վերջին անգամ Թոփգաբուի եկեղեցւոյ մէջ շուրջ յիսուն տարի առաջ տեղի ունեցած էր Տասն Կուսանաց արարողութիւնը։ Ուրեմն, այդ ընդհատուած աւանդութիւնը վերականգնելու բախտը վիճակեցաւ Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեանին։ Ներկայ էր նաեւ Միսաք սրկ. Չամեափան։

Թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտուհիները մասնակցեցան արարողութեան՝ արժանանալով տէր հօր օրհնութեան եւ բոլորի համակրանքին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2026