ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Բարեկամ» ընկերային զօրակցութեան խումբի ներկայացուցիչները, որոնք Գումգաբու փութացած էին շնորհաւորելու համար Ս. Զատիկը։ Զրոյցը առիթ հանդիսացաւ՝ անդրադառնալու համար «Բարեկամ»ի գործունէութեան վերջին նորութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2026