Չորեքշաբթի 1, Ապրիլ 2026
Ս. ԶԱՏԿԻ ՍԵՄԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Մխիթարեան վարժարանին մէջ Սուրբ Զատկի ընդառաջ տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը։ Այս յայտագիրը մանկապարտէզի փոքրիկներուն կողմէ գործադրուեցաւ՝ դպրոցէն ներս ստեղծելով տօնական մթնոլորտ։ Հանդէսի ընթացքին փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց բազմաբնոյթ ելոյթներով։ Սուրբ Զատկի առընթեր, գարնանամուտն ալ փոքրիկներուն կողմէ ներկայացուած յայտագրին մէջ ունեցաւ իր տեղը։
Մխիթարեանի ընտանիքի վարիչներ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ այլ հիւրեր հետեւեցան մանկապարտէզի փոքրիկներու այս հանդէսին, որու եզրափակիչ փուլին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ Մխիթարեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։
Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2026