ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ. ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Վերյիշում հինգ հաստատութիւններու» խորագրեալ ձեռնարկը երէկ երեկոյեան կրկնուեցաւ Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի դահլիճի երդիքին տակ։ Գեղարուեստական խնջոյքի մը մթնոլորտին մէջ հերթական անգամ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որուն հետեւեցան համայնքային հաստատութիւններու վարիչներ եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։ Այս նախաձեռնութիւնը պսակուած է փայլուն յաջողութեամբ, իբր այդ առաջին ներկայացումէն վերջ կրկնուած է զանազան անգամներ։ Երէկուանը արդէն վերջին ներկայացումն էր, որու ընթացքին հերթական անգամ շեշտուեցաւ համայնքային հինգ հաստատութիւններու պարագան։

Ինչպէս ծանօթ է, համայնքային վերջին ընտրութիւններուն ժամանակ հաստատուած դրութեամբ՝ հինգ հաստատութիւնները ձեւով մը կորսնցուցին իրենց առանձնայատկութիւնը եւ սա կը համարուի իրաւունքի կորուստ մը։

Երէկուան ներկայացման աւարտին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Հինգ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներն ալ արտասանեցին սրտի խօսքեր։

Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան ծաղկեփունջ մըն ալ ստացաւ իր սաներուն կողմէ։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2026