Չորեքշաբթի 1, Ապրիլ 2026
ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ 27-ՐԴ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՓՈՒԼԸ
Միջմիութենական 27-րդ գիտական մրցոյթի հինգերորդ փուլը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ։ Անցեալ տարուան առաջատարին՝ «Մարալ» միութեան նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուի այս տարուան մրցոյթը, որ գիտելիքները չափելու առումով բուռն մթնոլորտի մը մէջ տեղի կ՚ունենայ։
Հինգերորդ փուլի աւարտին մրցոյթի առաջատարներն են՝ Գարակէօզեանի, «Մարալ»ի եւ Կեդրոնականի ներկայացուցիչ խումբերը։
Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2026