ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԾԱՆՕԹԱՑԱՆ ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս իրականացուցին շրջայց մը, որու շնորհիւ հնարաւորութիւն ունեցան մօտէն ծանօթանալու արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի անդամներու գործերուն։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի գլխաւորութեամբ, տղաքը Իսթանպուլի թէ՛ Ասիական եւ թէ Եւրոպական ափերուն ուղեւորութիւն մը իրականացուցին՝ աւելի լաւ պատկերացնելով Պալեան գերդաստանի ժառանգութիւնը։

Պտոյտի ծրագիրը ընդգրկեց Գալֆաեան տան այժմու շէնքը, որ մինչեւ այսօր կրթական նպատակի կը ծառայէ համայնքային կեանքէն ներս։ Բաց աստի, տղաքը տեսան՝ Տոլմապահչէի եւ Չըրաղանի պալատները, Օրթագիւղի մզկիթը, Պէյլերպէյիի պալատը, Քուլելիի նախկին զինուորական լիսէի շէնքը, Գուրուչէշմէի մէջ Կալաթասարայի կղզին, Եըլտըզի պալատը, Աքարէթլեր թաղամասը, Իսթանպուլի թեքնիք համալսարանի շէնքը, Տոլմապահչէի մզկիթն ու յարակից ժամացոյցի աշխարակը, ինչպէս նաեւ Սելիմիէի պատմական զօրանոցը։

Պալեանակերտ կոթողային շէնքերը իրերայաջորդ տեսած ըլլալով՝ տղաքը իսկապէս վառ տպաւորութիւններ ունեցան այս շրջայցէն։

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026