ԱՂՕԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

«Ուստի արթուն կեցէք եւ ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդու առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք». (ՂՈՒԿ. ԻԱ 36)։ Ներկայ Մեծ պահքի շրջանին՝ հաւատացեալին հոգեւոր արթնութեանը համար աղօթքի նշանակութեան գիտակցումը աւելի եւս կարեւորութիւն կը ստանայ։ Ո՛չ մէկ տարակոյս այս մասին։ Սակայն աստուածպաշտական աւանդութեան երկարատեւ ընդհատման եւ աշխարհային զբաղումներու ծանրակշիռ ազդեցութեան ներքեւ՝ այսօր շարք մը կարեւոր ընկալումներ ծածկուած կը մնան, նաեւ աղօթական գիտելիքներ։ Մեծ պահքի շրջանը առիթ մըն է ծանրանալու՝ աղօթքի գիտակցութեան եւ կարեւորութեան վրայ։ Աղօթքը, քանի որ ապրելակերպ մը, կեա՛նք մըն է։

Աղօթական կեանքի ճշմարիտ վկաները եղած են Սուրբ Հայրերը՝ որոնք խորապէս ապրած եւ ճանչցած են աղօթքի էութիւնը, իմաստը եւ ներքին օրինաչափութիւնները։

Ուստի, Սուրբ Հայրերու այդ ճանաչողութիւնը լուրջ հետեւողականութեամբ արտացոլուած է թէ՛ անոնց աղօթքներուն եւ թէ աղօթքի մասին խօսքերուն եւ ուսուցումներուն մէջ։ Ուստի եւ այս Մեծ պահքի շրջանին օգտակար է կարդալ աղօթքի մասին Սուրբ Հայրերու խօսքերը, քանի որ գիտակցաբար, իմաստը հասկնալով արտասանուած աղօթքը աւելի լսելի եւ ընդունելի կ՚ըլլայ։ Աղօթքը, արդարեւ հաւատքի խնդիր է, իսկ հաւատքը կը զօրանայ զայն հասկնալով, եւ փոխադարձաբար՝ ճիշդ հասնկալու համար պէտք է հաւատք ունենալ։

Արդարեւ, Աստուծոյ կողմէ պահանջուած եւ Անոր սուրբերուն կողմէ յորդորուած «սուրբ աղօթք»ը, այնքան ալ դիւրին չէ՛. ան կը պահանջէ լրջամիտ եւ ուշադիր մօտեցում։ Այս իմաստով, աղօթքի անմիջական եւ հեղինակաւոր ուսուցիչը Սուրբ Հոգին է։ Սակայն, հաւատարիմ ըլլալ պէտք է Սուրբ Հոգիին. ճանչնալ եւ հաւատա՛լ Սուրբ Հոգիին աստուածային Անձին։

Սուրբ Հոգին, արդարեւ, կարելի է անինքնախաբ ճանչնալ՝ միայն Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերու աւանդած ժառանգութեան լոյսի տակ դիտելով մեր հոգիի կերտուածքը։ Որովհետեւ, Աստուծոյ Հոգին առաւել յստակ եւ լիարժէք ներգործած է սրբուած եւ ընտիր «անօթներ»ու մէջ, որոնք ամէն գնով ջանացին չտրտմեցնել զԱյն՝ ստանալով խորը, ներքին ուսուցանութիւն եւ ճշմարիտ հոգեւոր փորձառութիւն։ Մեծ է եւ փառաւոր այդ փորձառութեան նշանակութիւնը այսօր բոլոր անոնց համար՝ որոնք կը ձգտին մերձենալ իրենց Տիրոջ եւ Փրկչին։

Սուրբ Գիրքէն եւ Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերէն, անոնց խրատներէն, յորդորումներէն նախ կը սորվինք, թէ Տէր Յիսուս Քրիստոս Ի՛նք կը սորվեցնէ ճանչնալ ճշմարիտ աղօթքը, նենգափոխող գործօնները եւ անոնցմէ հրաժարուելու կարեւորութիւնը։ Եւ Սուրբ Հայրերը, հաւատարմօրէն հետեւելով Յիսուսի խօսքին. մշտապէս կը զգուշացնեն եւ թէ զգուշացուցած են աղօթքի մարմինը ապականող փարիսեցիական եւ հեթանոսական խմորներէն։

Եթէ նախապէս անձը չզգուշանայ աղօթքի թիւր եւ անխոհեմ իրգործումէն, ո՛չ մէկ պտուղ, ո՛չ մէկ արդիւնք կրնայ ստանալ։

Աւելին՝ թիւր եւ անխոհեմ աղօթքը ենթակային վրայ կը հրաւիրէ Աստուծոյ արդար ցասումը. եւ այն՝ ինչ որ կոչուած է անձը փրկելու եւ նորոգելու կարող է դառնալ կորստեան առիթ։ Այս մասին Սուրբ Յակոբ Մծբնայ կ՚ըսէ.

«Մի՛ դատապարտեր անձդ քու աղօթքներով»։ Ուստի, հա՛րկ է հրաժարիլ աղօթքը խափանող սխալներէ եւ զգոյշ ըլլալ, երբ կ՚աղօթենք։ Լերան քարոզին մէջ կը տեսնենք լուրջ յանդիմանութիւն. (ՄԱՏԹ. Զ 5)։ Աղօթքի մէջ կեղծաւորութիւնը եւ ի ցոյց մարդկանց կատարուող աղօթքը ամենավտանգաւոր շեղումն է։ Ուրիշի աչքին բարեպաշտ երեւելու կեղծաւոր ձգտումը կ՚առաջնորդէ մարդը այս թիւր եւ անընդունելի աղօթքը կատարելու։ Ուստի, Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը նշած են աղօթքը որպէս ներքին իրողութիւն ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը։ Մարդ միշտ արտաքնապէս կը խորհի իր մասին եւ երբեք չ՚ուզեր ներքնապէս ներկայանալ Աստուծոյ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ​

Մարտ 13, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 14, 2026