ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ՈԳԵՒՈՐ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ
Միջմիութենական 27-րդ գիտական մրցոյթը կը շարունակուի ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մրցոյթի արդէն երրորդ փուլը։ Նկատի ունենալով, որ նախօրէին Համաշխարհային կանանց օրն էր՝ մրցոյթի այս փուլը բնորոշուեցաւ համապատասխան ձեւով։ Այսինքն, ըստ էութեան, հարցումները կը վերաբերէին իգական սեռի ներդրումներուն եւ անոնց վերաբերեալ նիւթերու։ Երրորդ փուլի այս կարգադրութիւնը բոլորին կողմէ գնահատուեցաւ՝ մանաւանդ, որ նախորդ՝ երկրորդ փուլը զուգադիպած էր տխուր իրադարձութեան մը։ Այսպէս, մրցոյթի երկրորդ փուլը ձօնուեցաւ նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Թալին Չորթան-Կարիպկիւնի յիշատակին։
Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ այս մրցոյթի իւրաքանչիւր փուլը կ՚ընթանայ տօնախմբութեան համազօր մթնոլորտի մը մէջ։ Այս տարուան մրցոյթը կը կազմակերպէ «Մարալ» միութիւնը, որ անցեալ տարուան ախոյեանն էր։
Միջմիութենական գիտական մրցոյթի երրորդ փուլի աւարտին՝ աղիւսակի վրայ առաջին հորիզոնականները կը զբացնեն՝ Գարակէօզեան, Արամեան եւ Կեդրոնական սանուց միութիւններու խումբերը։
27-րդ մրցոյթը կազմակերպուած է՝ ի ոգեկոչումն ողբացեալք Տիանա Շէրիտճեանի եւ Ալէն Քալքի։