ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՓՈԽՈՒԱԾ ԿԵՐՊԱՐԸ

Կիրակի օր Մարտի 8-ն էր՝ Միջազգային կանանց օրը։ Այնպէս ինչպէս աշխարհը, նոյնպէս հայ ժողովուրդը բաւականին ուշ անդրադարձաւ, որ հայ կինը հասարակութեան համար կարեւոր է այնքա՛ն՝ ինչքան հայ տղամարդը։ Հակառակ անոր, որ շատ մը հայ մանկավարժներ ու մտածողներ առաջին իսկ օրէն, հակառակ հասարակութեան ունեցած կարծիքին՝ շեշտեցին, որ կնոջ միջոցով կը կերտուի քաղաքակրթութիւնը։ Անցեալին հայ կնոջ վիճակը՝ մա՛նաւանդ գաւառներու մէջ, շատ դժբախտ իրավիճակ կը ներկայացնէր։ Մեր գրողներէն Րաֆֆի իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձնելով հայ կնոջ՝ գրած է իր «Հայ կին» աշխատութիւնը, որուն մէջ ներկայացուցած է այն դաժան վերաբերումը, որ գաւառացի հայը ունեցած է հայ կնոջ նկատմամբ։

Րաֆֆի «Հայ կին» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Անցեալին երբ ընտանիքին մէջ լոյս աշխարհ եկող զաւակը իգական սեռի պատկանէր, հարազատները շնորհաւորելու եւ ուրախութեան չէին գար եւ այդ մէկը ընտանիքին մէջ «խուլ դժգոհութիւն» կ՚առաջացնէր. լոյս աշխարհ եկած աղջիկ մանուկը շատ աւելի քիչ խնամքի եւ ուշադրութեան արժանի կ՚ըլլար՝ քան տան մէջ գտնուող արու զաւակը»։ Րաֆֆի կը գրէ նաեւ, որ նոյնիսկ շատ անգամ աղջիկ զաւակի մահը տան մէջ «ներքին ուրախութիւն» կը ստեղծէր, որովհետեւ աղջիկը կը դիտուէր որպէս «աւելորդ բեռ». կը մէջբերենք Րաֆֆիի բառերը. «աղջկայ մահը, ինչ կերպով եւ հասնելու ըլլար, կը պատճառէ ծնողներուն ներքին բաւականութիւն: Աւելորդ բեռը կը հեռացնէ ընտանիքէն»: 

Այն աղջիկները, որոնք «բախտաւորութիւն» պահելով չէին մահանար, կը դիտուէին որպէս տնային աշխատանքի օգնական՝ ծառայող. հազիւ հասակ առած կը ղրկուէին «ուստա» կոչուող վարպետուհիին մօտ, որպէսզի կարել, հիւսել եւ ձեռագործ սորվին։ Աղջիկ զաւակին հարկաւոր չէր գրել, կարդալ սորվիլը։ Ի դէպ, աղջիկները այդ «ուստա»յին մօտ կը յաճախէին մինչեւ 12-13 տարեկան, որովհետեւ կը հաւատային, որ դպրոցին մէջ 13 տարեկանէն ետք աղջիկ զաւակներուն անբարոյականութիւն կը սորվեցնեն։ Գաւառացին այդ ժամանակ դպրոցի իսկական արժէքը տակաւին հասկցած չէր եւ Րաֆֆիի բառերով՝ դպրոցը կը դիտէր որպէս «անբարոյականացնող հաստատութիւն»: 

Անցեալին ապրող հայ կինը ունէր հիմնական մի քանի օրէնքներ. հնազանդութիւն, լռութիւն, ամօթխածութիւն եւ պարկերշտութիւն. առաքինութիւն էր դժուարին պայմաններու մէջ՝ նոյնիսկ անտեսուած ժամանակ լուռ ու խոնարհ մնալը։ Այս մէկը, անշուշտ, այնքան տարածուած եղած է, որ անցած է ասոյթներու մէջ. հայկական հին խօսք մը կ՚ըսէ. «Այնքան լաւ աղջիկ է, որ երեսին միսը կտրես՝ ձայն չի հաներ»: Այս մէկը արդիւնքն էր այն դժբախտ երեւոյթին, որ աղջիկը իրաւունք չունէր իր ապագայ ամուսինը ընտրել կամ սիրել։ Ամուսնութեան մէջ սէրն ու զգացումը դեր չունէին։ Գաւառացի աղջիկը պարտէր 15 տարեկանը չլրացուցած պսակուէր, այլապէս 18 տարեկանին եթէ պսակուելու ըլլար, այդ մէկը որպէս թերութիւն կը դիտուէր շրջապատին կողմէ: 

Կայ համոզում, որ անցեալին կինը չէր աշխատեր։ Իրականութիւնը, սակայն, այդպէս չէ. պարզապէս այդ ժամանակ աշխատանքի պայմաններն ու հասկացողութիւնը ուրիշ էր։ Գաւառի մէջ ապրող հայ կինը պարտաւոր էր ամբողջ օրը աշխատէր՝ բամպակի մշակութիւն ընէր, անասնապահութեամբ զբաղէր. հիւանդութեան պարագային նոյնիսկ հանգստանալը կրնար դիտուիլ որպէս ծուլութիւն։ Րաֆֆի իր աշխատութեան մէջ աշխատանքի այդ տեսարանը կը ներկայացնէ հետեւեալ ծանր խօսքով. «Հայ ամուսինը իր կնոջ հետ կը վարուէր ա՛յն անգթութեամբ՝ ինչ իր գոմէշին…»: Այդ աշխատանքները այնքան ծանր ու մեքենայական կ՚ըլլային, որ Րաֆֆի կը նկարագրէ, թէ անոնք կ՚ըլլային մեքենայ, ողորմելի կրաւորական էակներ։ Երեսուն տարեկան հասակին արդէն անոնք աւելի քան տասնհինգ տարի տաժանաբար աշխատած, ծերուկներ կը դառնային։ Րաֆֆի ուսումնասիրելով այդ երիտասարդ կնոջ դէմքերը՝ կ՚ըսէ. «Երեսնին վրայ ծիծաղ չ՚երեւիր. միշտ տխուր են»:

Այդ ժամանակ մարդոց համար կարեւոր էր պատիւը։ Կնոջ անհաւատարմութիւնը նոյնիսկ կրնար սպանութեամբ վերջ գտնել եւ այդ մէկը կրնար արդարանալ՝ որովհետեւ հասարակութեան մէջ կնոջ դաւաճանութիւնը մահուան արժանի պատիժ էր եւ ո՛չ ոճրագործութիւն։ Կինը պարտաւոր էր միայն ու միայն իր ամուսնոյն ըլլալ՝ նոյնիսկ եթէ ամուսինը երկար տարիներ պանդխտութեան մէջ գտնուէր: 

Իմաստուններէն մէկն էր նաեւ Րաֆֆի, որ իր գրութեան մէջ այս երեւոյթներուն դէմ ձայն բարձրացնելով կ՚ըսէ, որ պէտք է կանայք դպրոցներու մէջ ուսուցիչ դառնան, որովհետեւ այս վատ վերաբերումը, որ ցոյց կը տրուէր իրենց հանդէպ, այդ ծանր ու դժուարին պայմաններն ու աշխատանքները Րաֆֆիի վերլուծութեամբ՝ հայ կինը աւելի ազատ ու «քաջ» կը դարձնէին՝ քան տղամարդը։ Րաֆֆի կը գրէ. «Կանանց մօտ գիւղացի աղջիկները աւելի լաւ կը սորվին, աւելի ազատ կը զգան իրենց, քան տղամարդիկ, որ սեղմուած են եւ անհամարձակ»: 

Իգական ու արական սեռի յարաբերութիւնը բարելաւելու համար Րաֆֆի կը խօսի երկսեռ դպրոցներու կարեւորութեան մասին. «Աղջիկները եւ տղաները միասին սորվելով կ՚ընտելանան միմեան, այդպիսով անոնց միջեւ կը կազմուի քոյր-եղբայրութիւն. միայն այդ մէկը կրնայ փշրել մեր մէջ տեղ գտած հին նախապաշարումը»:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ձգտումներ ունեցող մարդը ժամանակ չ՚ունենար ունայն բաներու մասին մտածելու, հետեւաբար անոր մէջ ունայնութեան գիտակցութեան ճնշում չի կրնար գոյութիւն ունենալ: 

ՆԱՐ-ԴՈՍ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026