ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի աշակերտները մասնաւոր հանդէսի մը առթիւ համախմբուեցան՝ Բարեկենդանի ընդառաջ, Ս. Վարդանանց տօնի շրջանին։ Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդէսը, որու մթնոլորտը համազօր էր խրախճանքի։ Տղաքը բոլորի գնահատանքին եւ հետաքրքրութեան արժանացան՝ իրենց տարազներով եւ դիմակներով։

Վարժարանի բոլոր մակարդակի աշակերտները մասնակցութիւն բերին ծրագրին՝ իրենց ուսուցիչներու հսկողութեան տակ պատրաստուած բաժիններով։

Բարեկենդանի խրախճանքի աւարտին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, որ եւս մատնանշեց Բարեկենդանի նման աւանդութիւնները կենսունակ պահելու կարեւորութիւնը։ Տնօրէնուհին գնահատեց նաեւ հանդէսի պատրաստութեան ուղղութեամբ դեր ստանձնած կրթական մշակները եւ աշակերտները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026