ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ
Ծնողներու կողմէ կատարուած կան սխալներ, որոնցմէ մեծագոյնը զաւկին հանդէպ ուշադրութեան պակասն է։ Բնական է, որ շատ անգամ ծնողքը կրնայ անտրամադիր հոգեվիճակ մը ունենալ, յոգնածութիւն զգալ, առանձնանալու եւ խոկալու, մեկուսանալու ցանկութիւնը ունենալ, շատեր կը կարծեն, որ մանուկը այդ փոփոխութիւնն ու տարբերութիւնը չի զգար, սակայն, իրականութեան մէջ, ամենէն աննշմար ուշադրութեան պակասը նոյնիսկ անոնց կողմէ զգալի կը դառնայ: Կը տեսնենք ծնողներ, որոնք իրենց զաւակներուն ուշադրութիւն կը դարձնեն այն ժամանակ, երբ անոնք «չարութիւն» ընեն եւ կամ սխալին. շատեր մօր կամ հօր «պարտականութիւն»ը կը կարծեն այդ մէկը, սակայն, իրականութեան մէջ, մանուկը ո՛չ միայն չարութեան կամ «անհնազանդութեան» պարագային, այլ մշտական ծնողական ուշադրութեան կարիքն ունի. եթէ այդ ուշադրութիւնը իր կողմ ըլլար, գուցէ այդ «չարութիւն»ը չի գործեր: Մասնագէտ ուսումնասիրողներու կողմէ փաստուած է, որ շատ անգամ մանուկներ չարութիւն կ՚ընեն՝ որպէսզի ուշադրութեան արժանանան։ Մանուկները լաւապէս կը զգան, որ զիրենք լսող, գնահատող եւ ուշադրութիւն դարձնող չկայ, հետեւաբար որոշ արարքներով կը յաջողին ծնողքին ուշադրութիւնը հրաւիրել՝ նոյնիսկ եթէ բացասական երեւոյթներով ի գործ դրուած ըլլայ այդ մէկը: Մանուկը՝ մինչեւ պատանեկութիւն չի կրնար իր ներքին զգացումները ազատ ձեւով արտայայտել եւ հետեւաբար իր արարքները, շարժումները իր լեզուն կը դառնան, որովհետեւ ուշադրութիւնը մանուկի մը համար այնքան կարեւոր է, որ նախընտրելի է պատժուիլ՝ քան ընդհանրապէս ուշադրութեան չարժանանալ:
Ծնողներ սխալի մը դիմաց մանուկը կը պատժեն, կը բարկանան՝ կարծելով, որ այդպիսով կը դաստիարակեն մանուկը, սակայն, դաստիարակութիւնը մանուկին մէջ կը դրոշմուի ո՛չ թէ սխալի ժամանակ եղած բարկութեամբ, այլ ուշադրութեան արժանանալով։ Այլ խօսքով՝ բարկութեան ժամանակ եղած դաստիարակութիւնը որպէս պատիժ, իսկ սովորական պահերու ստացած ուշադրութիւնն ու դաստիարակութիւնը որպէս պարգեւատրում կ՚ընդունի եւ այդ դրական մթնոլորտն է, որ զինք կը տպաւորէ:
Այս բոլորը աւելի յստակ բացատրելու համար տանք օրինակներ. մանուկ-պատանին դպրոցէն տուն կու գայ եւ իր պայուսակը տեղը կը դնէ. ծնողքը այդ արարքին համար ոչ մէկ գնահատական խօսք կը բարձրացնէ, որովհետեւ «բնական»ն ու «ճիշդ»ը այդ է. պայուսակը պէտք է տեղը դրուի: Սակայն, երբ մանուկ-պատանին պայուսակը տեղը չդնէ, «պայուսակդ տեղը դի՛ր» հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուի: Զաւկի մը համար շատ աւելի կարեւոր է պայուսակը դրած ժամանակ ստացած գնահատականը՝ քան չդնելու պարագային դէմ յանդիման գտնուած բարկութիւնը։ Մանուկը այդ պայուսակը շատ աւելի սիրով իր տեղը կը դնէ գնահատականի դիմաց՝ քան բարկութեան, որովհետեւ բարկութիւնը մանկական հոգիին համար հաւասար է պատիժ եւ պատիժը երբեք դրական ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ անոր ներաշխարհին մէջ:
Ծնողներ պէտք է այդ նրբութիւնը հասկնան. բարկութիւն եւ դաստիարակութիւն տարբեր բաներ են. բարկութիւնը ընդդիմադիր նկարագիր, կատաղութիւն ու յուզական բաց կը ստեղծէ անոնց մէջ. եթէ երբեք գնահատանք չկայ եւ կատարուած իւրաքանչիւր սխալի դիմաց կայ բարկութիւն, կայ ջղային ծնողք, զաւկին մօտ կը ստեղծուի ինքնավստահութեան պակաս եւ ճիշդ արարքները կը սկսի կատարել ո՛չ թէ որովհետեւ հասկցած ու հաւատացած է անոնց ճիշդ ըլլալուն, այլ ծնողքի բարկութենէն խուսափելու համար:
Նոյնը վերցուցէք մեծահասակներու պարագային. պատկերացուցէք, որ ընկերութեան մը մէջ աշխատող էք. բազմաթի՜ւ լաւ գործեր կը կատարէք, սակայն, այդ մէկը ձեր գործին բնական ընթացքն է եւ գնահատանքի չէք արժանանար, սակայն, փոքր սխալի մը դիմաց գործատէրը կը բարկանայ եւ կը ջղայնանայ։ Վստահաբար, նման միջավայրի մը մէջ աշխատիլ պիտի չուզէք։ Եւ կամ նիւթական բացերու պատճառով պիտի ստիպուիք նման միջավայրի մէջ աշխատիլ՝ առանց սիրելու կատարելու այն գործերը, որոնք ձեր գործին բնական մասն են:
Մարդկային կառուցուածքը այսպէս է. յառաջընթաց կարելի է ապահովել պարգեւատրելով։ Դրականն ու ճիշդը բացասականով ու սխալով կարելի չէ փոխանցել մանուկին:
Այս լոյսին տակ, պէտք է մանուկը գնահատել այն բաներուն համար, ոոնք չէ՛ կատարած եւ ո՛չ թէ բարկանալ այն բաներուն՝ որոնք կատարած է։ Օրինակի համար, ջուրը խմելէ ետք գաւաթը խոհանոց երբ տանի, այդ մէկը բնական ընթացք տեսնելու փոխարէն պէտք է գնահատել, որովհետեւ ուրիշ անգամ երբ ջուր խմէ, այդ գաւաթը շատ աւելի սիրով խոհանոց պիտի տանի՝ քան բարկութեան պարագային: Պէտք է գնահատել՝ որպէսզի ան ծնողքին կողմէ քննադատուելու, պատժուելու վախով չապրի. լաւը պէտք է լուսարձակի տակ առնել եւ անոր համար մեծագոյն պատիժը պիտի ըլլայ ո՛չ թէ մօր կամ հօր բարկութիւնը, այլ գնահատանքի բացակայութիւնը, որ զինք աւելիով լաւ ընթացքի պիտի մղէ՝ քան վախի եւ պատիժի զգացումը:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Պզտիկ եւ սակաւաթիւ ժողովուրդ մը կամ ազգ մըն ենք, սակայն պէտք է գիտնանք, թէ ազգերու մեծութիւնը թիւի եւ քանակի մէջ չի կայանար, ինչպէս կ՚ըսէ Հիւկօ, այլ առաքինութեանց եւ իմացականութեան որակին վրայ կը հիմնուի, եւ միակ չափանիշն ալ այդ է:
ՊՍԱԿ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԽՈՐԷՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան