ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ
«Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը եւ այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։ Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։ Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ եւ կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ, որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով եւ գթութիւնով, որ կը լեցնէ քու ծերութիւնդ բարութիւնով եւ քու մանկութիւնդ արծիւի պէս կը նորոգուի». (ՍԱՂՄ. ՃԳ 1-5)։
Երախտագիտութի՜ւն… առաքինութիւն մը՝ որ կը բխի անկեղծ եւ ճշմարիտ սէրէն։ Առաքինութիւն՝ խօսքով եւ գործնականապէս վերադարձնել ի՛նչ որ ստացած ենք ուրիշէն։ Մեր ստացածը կրնայ նիւթական կամ բարոյական բնոյթ ունենալ եւ այդ «ուրիշ»ը՝ մեր ընտանիքն է, մեր բարեկամն է, մեր ընկերն է, մեր դրացին է, մեր ապրած երկիրն է, մեր ազգն է, մեր եկեղեցին է, եւ ամենէն էականը եւ ամենէն կարեւորը Աստուա՛ծ է։
Աստուծոյ անհո՜ւն սիրոյ դէմ մեզմէ ո՛չ մէկը պիտի ուզէր ապերախտ ըլլալ եւ ապերախտ կոչուիլ։ Որքա՜ն ցաւալի է, որ բոլորս ալ մեր կեանքի փորձառութեան մէջ, դժբախտաբար, հանդիպած ենք ապերախտ մարդոց, եւ զգացած մեր սրտին մէջ անոնց ձգած խոր վիշտը։
Երանի՜ երախտապարտներու…
Երանի բոլոր անոնց՝ որոնք երախտապարտ մարդոց հետ դիմաւորուած են իրենց ամբողջ կեանքին մէջ։
Ուստի երախտապարտ ըլլանք մեր ընտանիքին, մեր ծնողներուն՝ որոնք ամենայն համբերութեամբ եւ զոհողութեամբ օգնած են, որպէսզի նա՛խ քալենք, յետոյ վազենք, ուսանինք, ընտանիք կազմենք եւ համբերութեամբ սպասած են իրենց առաջին թոռնիկին…
Բայց ամենէն շատ երախտապարտ ըլլանք Աստուծոյ՝ որ ամէն ինչի նախապատճա՛ռն է։
Երախտապարտ մեր զաւակներուն՝ որոնք կը սիրեն եւ կը յարգեն մեզ։ Կը սիրեն մօր եփած ճաշը, հօր քշած ինքնաշարժը եւ կ՚ուրախանան, երբ իրենց ծնողները կը հոգան, կը խնամեն զիրենք եւ գոհացում կը զգան, երբ իրենց պահանջները կատարուին։
Երախտապարտ ենք մեր ճշմարիտ անկեղծ բարեկամներուն, բոլոր անոնց՝ որոնք կաթիլ մը սէր նուիրած են մեզի, տուած են ժպիտ մը, օգնութեան ձեռք երկարած, յոյս ներշնչած են՝ որպէսզի դիմանանք կեանքի պայքարին։
Երբ հիւանդացած ենք՝ մեր սնարին քով հսկած, երբ անօթեցած՝ իրենց հացի պատառը մեզի հետ կիսած, բարեկամ եղած են մեզի, անկե՛ղծ ճշմարիտ բարեկամ…
Նայինք մեր չորս դին եւ գտնենք մէկը, որ մեր կեանքը քաղցրացուցած է, մեր տխրութիւնը փարատած եւ մեր լացը՝ ուրախութեան փոխած։ Երախտապարտ ենք անոնց եւ երախտապարտ՝ Աստուծոյ, որ մեզի տուած է նման բարեկամներ… երախտապարտ ենք անոնց նոյնիսկ՝ որոնք ցաւ պատճառած են մեզի. խղճանք անոնց վրայ եւ երախտապարտ ըլլանք՝ անոնց չարիքը բարիքով փոխադարձենք, քանի որ բարիքի փոխարէն բարիք ընելը մարդկային է, չարիքի փոխարէն բարիք ընելը՝ գերմարդկայի՛ն։ Պարզ բան է նուէր ստանալէ ետք այդ նուէր տուողին նուէրով մը փոխադարձելը։ Ազնիւ արարքը նուէր տալ է անոր՝ որ մեզի նուէր տալ չէ՛ փափաքած, կամ կարողութիւն չունի նուէր տալու։
Երախտապարտ ըլլանք այն երկրին՝ որուն մէջ կ՚ապրինք։ Որուն բարիքները առատօրէն կը վայելենք, նիւթական բարիքները, ազատութիւնը, ապահովութիւնը, խաղաղութիւնը, բնութեան գեղեցկութիւնը, հիւանդանոցներու եւ դպրոցներու հոգատարութիւնը, ծերերու եւ մանուկներու չափազանցուած խնամքը։
Եւ վերջապէս, անպայման երախտապարտ ենք Աստուծոյ։ Աստուած կ՚ախորժի, երբ շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրեն։ Նոյնիսկ կ՚ակնկալէ, որ շնորհակալութիւն յայտնենք, փառք տանք իրեն Իր բոլոր շնորհներուն, պարգեւներուն եւ բարիքներուն համար։
Երբեմն կը գանգատինք՝ երբ տխուր փորձառութիւններ կ՚ունենանք. հիւանդութիւն, մահ, անգործութիւն, ընտանեկան հարցեր, եւ չենք անդրադառնար, որ ի՛նչ որ մեզի կը պատահի՝ Աստուծոյ կամքով կը պատահի, եւ որովհետեւ Աստուած սխալ բան չ՚ընե՛ր, այդ բոլորը ի վերջոյ մեր բարիքին համար կը պատահին։
Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Ամէն բաները բարի հետեւանք կ՚ունենան՝ անոնց որ զԱստուած կը սիրեն». (ՀՌՈՎՄ. Ը 28)։ Ուրեմն, փառք տանք, շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ նոյնիսկ ամպոտ օրերուն համար՝ նեղութիւններու մէջ։ Եւ այս շնորհակալութեան տիպարն է Յոբ…
Այսօր եւ միշտ Աստուծոյ երախտապարտ ըլլանք՝ թէ՛ բարիքին եւ թէ չարիքին համար։ Թէ՛ առողջութեան եւ թէ հիւանդութեան ատեն։ Թէ՛ յաջողութեան, թէ՛ ձախողութեան մէջ։ Մեր մանկութենէն մինչեւ մեր ալեւորութիւնը երախտապարտ ենք Իրեն։
Կը վստահինք Իր որոշումներուն՝ որոնք բարի են մեզի համար, նոյնիսկ երբ երբեմն անոնք մեզի ցաւ կը պատճառեն, բարի են մեզի համար՝ եթէ մենք ալ սիրենք եւ պաշտենք զԻնք մեր մտքով, հոգիով եւ զօրութեամբ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 2, 2026, Իսթանպուլ