ՏԱՔ ԿՐԱԿԻ ՎՐԱՅ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները հետամուտ է նոր Մերձաւոր Արեւելքի մը, ուր գործընթացները բաւականին լուրջ են Սուրիոյ տեսակէտէ: Հաշուի առնելով շրջանային վերջին իրադարձութիւնները՝ յստակ սկսած է դառնալ, որ յատկապէս՝ Սուրիոյ մէջ քաղաքական նոր փուլի մը սկզբնակէտը կը դրուի։
Հալէպէն մօտաւոր անցեալին ընթացք առած դէպքերը շարունակուեցան՝ հասնելով մինչեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները, ուր երկրի բանակը կարողացաւ շատ արագ կերպով իր տիրապետութիւնը հաստատել ո՛չ միայն նաւթահորերով հարուստ Տէր Զօրի եւ Ռաքքայի մէջ, այլեւ հասաւ նոյնիսկ այն շրջանները, որոնք վերջին տարիներուն կը համարուէին քիւրտերու «ապահով գօտի»ները։ Յարափոփոխ իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ շաբաթավերջին նոր համաձայնութիւն մըն ալ ստորագրուեցաւ Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ:
Այս բոլորը, անշուշտ, կը կատարուին ԱՄՆ-ի անմիջական ճիգերով: Այդ առումով ալ, երեւելի է, անշուշտ, որ Ուաշինկթըն ո՛չ միայն գործի կը դնէ ամեհի ճիգեր, այլեւ ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով ճնշումներ կը բանեցնէ՝ տակաւին մինչեւ երէկ Սուրիայէն ներս իրեն համար «ամենահաւատարիմ» նկատուած քիւրտ տարրին վրայ։ ԱՄՆ՝ ունենալով Թուրքիոյ համաձայնութիւնը, կը փորձէ Իսրայէլն ալ համոզել, թէ Սուրիոյ մէջ «քիւրտերու պատմութիւն»ը վերջացած է։ Այս անպայման չի նշանակեր, որ Սուրիոյ քիւրտերը բռնագաղթի պիտի ենթարկուին կամ նեղ կացութիւններու հետեւանքով պիտի հեռանան իրենց բնակավայրերէն, սակայն, կը նշանակէ, որ տարբեր առիթներով քիւրտերու համար պատրաստուած կամ ենթադրաբար եփուած ապուրը այլեւս տաք կրակի վրայ չէ։ Սուրիոյ քիւրտերը շատ լաւ հասկցած են այս մէկը ու այդ առումով ալ անոնց (մանաւանդ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը) առաջնորդը՝ Մազլում Ապտի ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որպէսզի ապագային՝ նախագահ Ահմէտ Շարայի հետ կնքած համաձայնութիւնը գործէ վերջնականօրէն: Այդ համաձայնութեան կնքումը, անշուշտ, շատ պարզ է, որ ԱՄՆ-ի սրտով է։ Այսինքն, Սուրիոյ մէջ գլխաւոր ուժը պիտի դառնայ երկրի բանակը՝ ղեկավարութեամբ անցումային շրջանի ղեկավար՝ Ահմէտ Շարայի, որ պիտի կարողանայ համոզիչ պայմաններ ստեղծելով՝ իր կառավարութեան ներգրաւել Սուրիոյ քրտական տարրին հիմնական բաղկացուցիչները։
Այս բոլորին մասին, անկասկած, տակաւին առիթներ կ՚ըլլան գրելու, սակայն, այս փուլին կարեւորը այն է, որ Սուրիոյ մէջ կը խմորուին նոր ընթացքներ, որոնք ամբողջական խաղաղութեամբ կրնան հասնիլ իրենց աւարտին: Այստեղ լաւատես ակնկալութիւն մըն ալ կրնայ սկսիլ, որպէսզի Սուրիոյ օրինակը վարակիչ դառնայ Լիբանանի, Իրաքի եւ Պաղեստինի պարագային։
Ամերիկեան ծրագրի գործընթացները դրուած են տաք կրակի մը վրայ եւ այդ առումով ալ մօտակայ ժամանակները յղի են կարեւորագոյն իրադարձութիւններու։ Այս ծրագրի հիմնական կէտերը դիտարկելու եւ հասկնալու համար, հարկ է դանդաղ ու լայնախոհ հայեացքով մը կարդալ Անգարայի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Թոմ Պարաքի յօդուածը: Ան, միեւնոյն ժամանակ, Սուրիոյ գծով ԱՄՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչն է: X հարթակին վրայ բարձրաստիճան դիւանագէտը մանրամասն ներկայացուցած է իր կառավարութեան կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կայուն իրավիճակ մը ստեղծելու ուղղեալ հիմնարար կէտերն ու պատկերացումները։
ԿԱԶԶԷՆ…
Անցեալ 13 հոկտեմբեր 2025-ը պիտի յիշուի՝ որպէս ժամանակակից Միջին Արեւելքի դիւանագիտական պատմութեան շրջադարձային պահերէն մին։ Շարմ էլ Շէյխի մէջ, աշխարհի առաջնորդները ո՛չ միայն նշեցին պատանդներու ազատագրութիւնը, հրադադարը եւ խաղաղութեան բանակցութիւններու սկիզբը, այլեւ համախմբուեցան նախագահ Տանըլտ Թրամփի քաջ ու հեռատես՝ քսան կէտերէ կազմուած տեսլականին շուրջ, որ միտուած էր նորոգման, վերակառուցման եւ համատեղ բարգաւաճման։ Նախագահ Թրամփի ծրագրին շնորհիւ, տասնամեակներու վախն ու անշարժութիւնը սկսան տեղ տալ նպատակաուղղուածութեան եւ յոյսի։ Արաբական, մահմետական եւ արեւմտեան երկիրները միացան նոյն ձգտումով՝ փոխարինելով անդամալուծութիւնը յառաջընթացով եւ մեկուսացումը՝ ներգրաւմամբ։
Վերջին հարիւր տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ ձեւաւորուեցաւ իսկական համախոհութիւն մը՝ հասկնալու համար, որ Միջին Արեւելքը երկար տարիներ ցեղային եւ կրօնական բաժանումներով պատռուած եւ գաղութատիրական ժառանգութեամբ խոցուած, այժմ կրնայ հիւսել համագործակցութեան նոր վարդապետութիւն։ Այն ինչ սկսաւ՝ որպէս հրադադար Կազզէի մէջ, վերածուեցաւ աւելի մեծ երեւոյթի մը՝ նոր գործընկերութեան խճանկարի։ Նախագահ Թրամփի հովանաւորութեամբ, կայունութիւնը այլեւս չի՛ պարտադրուիր վախով, այլ կը տեսլականացուի համատեղ հնարաւորութիւններով: Խաղաղութիւնը այլեւս ո՛չ թէ ընդմիջում մըն է բռնութեան, այլ բեմ՝ բարգաւաճման համար։ Չկայ կասկած, թէ Կազզէի մէջ տակաւին պիտի պատահին խախտումներ եւ անբարեյաջող դէպքեր, սակայն, տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամն է, որ տարածաշրջանի պետութիւնները միաձայն կը դատապարտեն ահաբեկչական գործելակերպերը։
ՓԼԱՏԱԿՆԵՐԸ
Այստեղ պարզ է, որ Սուրիա դուրս պէտք է գայ փլատակներէ: Խաղաղութեան այս ճարտարապետութեան երկու կարեւոր բաժինները տակաւին անկատար են։ Առաջինը՝ Սուրիան։ Տարիներու պատերազմէն յոգնած ու բեկորուած Սուրիան կը մնայ թէ՛ խորհրդանշան եւ թէ փորձաքար։ Կարելի՞ է արդեօք իսկապէս ամրապնդել այս նոր կարգը։ Խաղաղութեան խճանկար մը ամբողջական չի կրնար ըլլալ՝ մինչեւ այն պահը, երբ աշխարհի ամենահին քաղաքակրթութիւններէն մէկը դուրս չգայ փլատակներու տակէն։
ԱՄՆ-ի Ծերակոյտը արդէն ցուցաբերած է իր հեռատեսութիւնը՝ քուէարկելով «Կեսար» օրէնքը չեղարկելու ի նպաստ։ Այս պատժամիջոցները երբեմն բարոյական զէնք են ընդդէմ նախկին բռնատիրական վարչակարգին եւ այսօր շնչահեղձ կ՚ընեն ժողովուրդ մը, որ կը փափաքի վերականգնել իր կեանքը։ Ներկայ Սուրիան այլեւս այն Սուրիան չէ, որ կը կառավարուէր 2019-ին։ Նոր կառավարութիւնը բռնած է հաշտութեան ուղի մը՝ վերականգնելով կապերը Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի եւ Եւրոպայի հետ ու նոյնիսկ սահմանային քննարկումներ վարելով Իսրայէլի հետ։
Ռիատի մէջ, 13 մայիս 2025-ին, նախագահ Թրամփ յայտարարեց իր որոշումը դադրեցնելու Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները եւ այս խոստումը վերածուեցաւ իրական քաղաքականութեան՝ անցեալ յուլիսի 1-ին ուժի մէջ մտնելով։ Այս քայլերը փոխեցին ամերիկեան քաղաքականութիւնը՝ պատժելէ դէպի գործընկերութիւն։ Պատժամիջոցներու վերացումը բարեգործութիւն չէ, այլ ռազմավարութիւն։ Ան կը բանայ դռները ներդրումներու, ենթակառուցուածքներու վերակառուցման եւ տնտեսական զարթօնքի համար։ Տնտեսական աշխուժութիւնը կը մնայ ամենաարդիւնաւէտ միջոցը ծայրայեղականութեան դէմ։ Պատժամիջոցները որոնք երբեմն կը թիրախաւորէին բռնապետեր, այսօր կը պատժեն ուսուցիչներ, հողագործներ ու վաճառականներ։ «Կեսար» օրէնքին չեղարկումը չի՛ նշանակեր պատմութիւնը մոռնալ, այլ նորովի ձեւաւորել զայն՝ վրէժխնդրութեան բառապաշարը փոխարինելով վերականգնման լեզուով։ Շարմ էլ Շէյխի խաղաղութեան գագաթաժողովը խորհրդանշական թատրոն մը չէր, այլ նոր համանուագ մը՝ հիմնուած ուժանիւթի փոխկապակցման, տնտեսական փոխադարձութեան եւ մարդկային բեկանուած յոյսերու վրայ։ Այժմ այդ երկխօսութեան թափը պէտք է շարունակուի դէպի հիւսիս՝ դէպի Սուրիա եւ վերջապէս Լիբանան։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾԸ
Երբ Սուրիան կը վերագտնէ իր կայունութիւնը հարեւաններու հետ, ան կը կազմէ Իսրայէլի հիւսիսի անվտանգութեան համակարգին առաջին սիւնը։ Երկրորդը պէտք է ըլլայ «Հիզպուլլահ»ի զինաթափումը եւ սահմանային բանակցութիւններու սկիզբը Իսրայէլի հետ։ 2024-ի հրադադարի համաձայնութիւնը, որ հովանաւորուած էր ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պայտընի վարչակազմին կողմէ, չկրցաւ կայուն խաղաղութիւն բերել, որովհետեւ Լիբանանը տակաւին չունի ուղղակի շփում Իսրայէլի հետ։ «Հիզպուլլահ» կը շարունակէ ստանալ Իրանի աջակցութիւնը՝ մինչ կառավարութիւնը կը մնայ կաթուածահար՝ բանակով մը առանց լիազօրութիւններու, երկրով մը առանց հսկողութեան։ Եթէ Լիբանանը չազատի «Հիզպուլլահ»ի զինուած թեւէն, ապա վտանգը հսկայական է։ Իսրայէլը կրնայ միակողմանիօրէն արձագանգել, ինչ որ կ՚ունենայ ծանր հետեւանքներ։ «Հիզպուլլահ»ի զինաթափումը միայն Իսրայէլի անվտանգութեան համար չէ, այլեւ Լիբանանի վերականգնումի իսկական հնարաւորութիւն մը կը ստեղծէ։
ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Ծոցի երկիրները պատրաստ են օժանդակելու՝ պայմանով, որ Լիբանան վերագտնէ իր ինքնիշխանութիւնը։ Եթէ Պէյրութ չգործէ արագ, ապա «Հիզպուլլահ» կրնայ առերեսուիլ ուժեղ ռազմական հակահարուածով, որուն կրնան հետեւիլ քաղաքական մեկուսացումն ու սպասուած ընտրութիւններու յետաձգումը։ Այդպիսի քայլ մը պիտի խորացնէ երկրին անկայունութիւնը եւ կրկին թէժացնէ միջհամայնքային անվստահութիւնը։ Լիբանան կանգնած է ճակատագրական ընտրութեան մը դիմաց՝ կա՛մ նորոգման ճանապարհ, կա՛մ շարունակական խարխափում։
ՆՈՐ ԽՃԱՆԿԱՐ
Ըստ դեսպան Պարաքի՝ նախագահ Թրամփի 20 կէտերէ բաղկացած ծրագիրը եւ ընդլայնեալ Աբրահամեան համաձայնութիւնները կը բանան խաղաղութեան նոր հորիզոններ։ Իրան այսօր բարոյական եւ քաղաքականօրէն տկարացած է՝ մինչ Սէուտական Արաբիան պատրաստ է միանալու։ Եթէ Ռիատ շարժի, ուրիշներն ալ պիտի հետեւին։
Տարածաշրջանի երկիրները կը գտնուին պատմական շեմի մը առջեւ՝ հին թշնամանքը փոխարինելու համագործակցութեամբ։ Սակայն, հարկ է յիշել՝ համագործակցութիւնը ճանապարհ մըն է դէպի խաղաղութիւն, այլ ո՛չ թէ երաշխիք։ Խաղաղութիւնը պէտք է սնուի անդադար ջանքերով եւ փոխըմբռնմամբ, որպէսզի խճանկարի այս նուրբ կտորները վերջապէս գտնեն իրենց տեղը մէկզմէկու կողքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան