Շաբաթ 17, Յունուար 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ՄԱՐԱԿՈՍԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան ղեկավար դեսպան Վասիլիս Մարակոսը, որ Իսթանպուլ փութացած էր կարգ մը շփումներու համար։ Ան փափաքած էր Պատրիարքարան այցելել՝ օգտուելով քաղաքիս մէջ կեցութեան հնարաւորութենէն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց եւրոպացի դիւանագէտը։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց թրքահայ ազգային-եկեղեցեակն կեանքի ընդհանուր դրուածքին, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան եւ գործունէութեան շուրջ։ (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)
Շաբաթ, Յունուար 17, 2026