ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՅԱՐԱԿԻՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երէկ երեկոյեան, Ս. Ծնունդի առթիւ, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան Ս. Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Պատարագիչն էր Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։ Ներկայ էր նաեւ Հ. Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ տեղի ունեցաւ մշակութային հանդիսութիւն, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։ Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ գործակից ընկերներն ալ ներկայ էին տօնական հաւաքոյթին, որու ընթացքին փոխանակուեցան ջերմ բարեմաղթանքներ։