Չորեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2025
«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուները՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները, որոնց հետ էին տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան եւ Լուսինէ Յարութիւնեան։ Յառաջիկայ տարի նախատեսուած հանգանակութեան ընդառաջ դպրոցի պատասխանատուները փութացած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին դրուատիքով արտայայտուեցաւ այս վարժարանի գործունէութեան մասին՝ ընդգծելով անոր առաքելութեան առանձնայատուկ բնոյթը։ Ան տարեկան սիրոյ սեղանին համար մաղթեց յաջողութիւն եւ Ամանորի ընդառաջ յղեց իր օրհնութիւնը բոլորին։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025