ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ հիւրընկալուեցաւ հեծանուորդ Ռոնի Քոլուքըսաեան, որ Ամանորի ընդառաջ ջերմ զրոյց մը ունեցաւ աշակերտութեան հետ։ Հաւաքոյթին ներկայ էին Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ գործակից ընկերները, վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ այլ հիւրեր։ Ռոնի Քոլուքըսաեան, որ դպրոցին ի նպաստ զօրակցութեան շարժում մը իրականացուցած է, ներկայ տօնական շրջանի բարձր տրամադրութեան մթնոլորտին մէջ համախմբուեցաւ աշակերտներուն հետ։ Ան պատասխանեց նաեւ տղոց հարցումներուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025