ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Եշիլգիւղի մէջ, ուր Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան եւ թաղի վարժարանի հանգանակութեան առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ։ Եկեղեցին լեցուած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցան հանդիսութիւնները, որոնք ընթացան բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։
Օրուան պատարագիչն էր Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Միքայէլ Աբրահամեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւն։
Ս. Պատարագի աւարտին, սիրոյ սեղանէն առաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրուցեց Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Այշէկիւլ Օվալըօղլուի հետ։ Ներկայ էին նաեւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արա Էրոլ Չընար եւ գործակից ընկերները եւ համայնքային շրջանակներէն այլ դէմքեր։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից վարժարանի սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը, բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, համայնքային վարիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Տեղւոյն թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Գարին Աքալի։ Ելոյթներով հանդէս եկան ատենապետ Արա Էրոլ Չընար եւ վարժարանի տնօրէնուհի Տիլարա Շապճեան։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան դպրոցի աշակերտները։
Թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացը 11 միլիոն լիրա էր։ Նուիրատուութիւններու արդիւնքով հանգանակուեցաւ 7 միլիոն լիրա։ Ներկաները ողջունելի եւ յուսադրիչ համարեցին, որ վարժարանի ծնողները կարեւոր համեմատութեամբ իրենց նուիրատուութիւններով կը զօրակցին դպրոցին։ Կալուածական հարցերու պարագային ալ մատուցուած պատկերը ընդհանուր առմամբ դրական էր։ Այս տուեալներու հաւասարակշռութեան մէջ սիրոյ սեղանը հասաւ աւարտին։
Հուսկ բանքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նշեց, որ անցեալ տարի ալ Եշիլգիւղի սիրոյ սեղանի արդիւնքը տոկոսային համեմատութիւններու տեսակէտէ նման պատկեր մը պարզած էր եւ կարելի եղած էր տարուայ աւարտին ունենալ ընդհանուր հաւասարակշռութիւն մը։
Միաբերան արտասանուած Տէրունական աղօթքէն վերջ, սիրոյ սեղանի մասնակիցները հրաժեշտ առին՝ զօրակցութիւն յայտնելով եւ յաջողութիւն մաղթելով թաղային խորհուրդին։