Երկուշաբթի 22, Դեկտեմբեր 2025
ԱԼԷՆ ՊԱՂ ԹԵԿՆԱԾՈՒ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց մեր համայնքի գործարարներէն Ալէն Պաղը, որ որդին է համայնքի բարերարներէն Էֆրիմ Պաղի։ Ալէն Պաղ եւ խումբ մը գործակից ընկերները որոշած են թեկնածութիւն առաջադրել՝ Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ղեկը ստանձնելու համար։ Ուստի, յառաջիկայ գարնան նախատեսուած ընդհանուր ժողովին ընդառաջ Ալէն Պաղ փութացած էր ստանալու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին ան տեղեկութիւններ ալ տուաւ իր մտադրութիւններուն շուրջ։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն յայտնեց Ալէն Պաղին եւ գործակից ընկերներուն։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2025