Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին Ամանորի ճաշասեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի եւ ընկերներուն գլխաւորութեամբ բոլոր սեղանակիցները ունեցան հաճելի ժամանց՝ մինչ Ամանորի առթիւ հնչեցին բարեմաղթանքներ։