ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆՈՒՄԸ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը այս շաբաթավերջին ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ AKM-ի մէջ։ Համոյթի հիմնադրութեան 45-ամեակի յոբելեանին ձօնուած այս ձեռարկին համար այժմէն ժամադրուած են գեղարուեստասէրները։

Մինչ այդ, երեկոյթին մասնակցելիք նուագախումբի անդամները երէկ ժամանեցին քաղաքս, ուր կը հիւրընկալուին համոյթին կողմէ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2025