ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ՝ ՈՐՈՒՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՐԱՆԵԼԻ ԵՆ

Այն թուականներուն, երբ կինը լոկ որպէս տնային գործերու եւ զաւակներու խնամքի պատասխանատու կը նկատուէր, Մարի Պէյլէրեան կը բարձրաձայնէր, թէ կինը ի՛նք եւս տղամարդու կողքին պարտի աշխատիլ։ Ան չէր ուզեր, որ իր սանուհիները հասարակութեան որոշ սպասումներն ու ակնկալութիւնները գոհացնելու համար զոհ դառնային. հետեւաբար, իր սանուհիներուն յղած միւս նամակը կը կոչէ «Կամեցէ՛ք եւ աշխատեցէ՛ք»: Մարի իր սանուհիներուն կը բացատրէ, թէ տեղ մը հասնելու, յաջողելու եւ բարձրանալու միակ ճամբան կամքն է: Մարի դիտել կու տայ, թէ անոնց հայրերը ինչպէս օրն ի բուն կ՚աշխատին ու կը չարչարուին եւ անոնք պէտք է երախտապարտ ըլլան, սակայն, պէտք չէ տրուին կեանքի օրէնքին եւ ապրին լոկ պսակուելու եւ «հարս» երթալու համար ու անոնց մէջ կը սերմանէ կեանքի, աշխատանքի հանդէպ սէրը։ Կ՚ուզէ հասկցնել, թէ ինչպիսի երջանկութիւն է սեփական վաստակով սիրելիներու հանդէպ երախտագիտութիւն յայտնելը: 

Մարի այդ անուշ զգացողութիւնը մասամբ մը փոխանցելու համար կ՚ըսէ. «Գիտեմ, թէ ի՜նչ անհամբերութեամբ կը սպասէք այն երջանիկ օրուան, երբ դուք ալ ձեր կարգին, ձեր սեփական աշխատութեան առաջին քաղցր վաստակը պիտի կրնաք վերջապէս դնել ձեր ծերունի հօրը ձեռքերուն մէջ եւ ըսել անոր. ա՛լ հերիք է, հայրիկ, դուն շա՛տ յոգնեցար, դուն շա՛տ աշխատեցար»: Այս մէկը հպարտութիւն է թէ՛ զաւակի մը եւ թէ ծնողքի մը համար, որովհետեւ երախտապարտ ըլլալը առաքինութիւն է: Մարի յաջողած է այդ մէկը կատարել իր ծնողներուն հանդէպ եւ այդ զգացողութիւնը գրի առած է հետեւեալ ձեւով. «Եւ ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, ե՛ս իրական ու կատարեալ երջանկութիւն, գերազանցօրէն քաղցր ու սուրբ հաճոյք այն օրը միայն ճանչցած եմ, երբ առաջին անգամ զգացած եմ ինքզինքս անկախ. աշխատող ձեռքերէս եւ աշխատող միտքէս սպասելով միայն իմ ամէն նիւթական պէտքերուս գոհացումը»: 

Այն թուականներուն, երբ տակաւին կինը ազատուած չէ, Մարի կը յաջողէր անոնց մէջ սերմանել այդ ազատատենչ ու զօրաւոր նկարագիրը։ Պէյլէրեանի համար կեանքի ամենէն երջանիկ ու հպարտանալի պահը եղած է այն օրը, երբ հօրը կրցած է ըսել. «Ա՛լ հանգչէ՛, հայրի՛կ, դուն շա՜տ յոգնեցար...»:

Մարի կը հաւատայ, որ կեանքի անարդարութիւնները շատ են եւ այդ բոլորին մասին օրերով, ժամերով մտածելը ո՛չ մէկ լուծում կրնայ տալ. այդ իսկ պատճառով իր սանուհիներուն կ՚առաջարկէ, որ սփոփանքն ու մոռացութիւնը գտնեն աշխատանքին մէջ. «Եւ քանի որ երջանկութիւնը, մխիթարութիւնը, մոռացումը աշխատութեան մէջն է միայն»։ Անշուշտ, այս մէկը ի զօրու է այն ժամանակ, երբ մարդ իրապէս կը կատարէ իր սիրած աշխատանքն ու կը նուիրուի. օրինակի համար՝ Մարիի համար ուսուցչութիւնը աշխարհի լաւագոյն ու անկրկնելի ասպարէզն էր եւ ան երբեք չէր ուզեր այլ ասպարէզի մը մէջ գործ ունենալ, որովհետեւ անոր համար աշխարհի վրայ չկար աւելի բարձր ու սուրբ ասպարէզ՝ քան նոր սերունդը կրթելը: Մարի նուիրուած էր ուսուցչութեան, որովհետեւ սէր ունէր նոր սերունդին հանդէպ, սէր ունէր դաստիարակութեան հանդէպ, սակայն, միւս կողմէ, կեանքի դժուարութիւններուն պայքարելու ձեւ մըն էր, որովհետեւ նուիրուելով աշխատանքին՝ ան կը յաջողէր մոռնալ ժամանակաւորը, ինչ որ կամայ ակամայ զինք կը նեղէր: 

Մարիի այս խօսքերուն մէջ կայ նաեւ թախիծ. կայ յուսախաբութիւն. «Աշխատութեան մէջ հանգիստ ու խաղաղութիւն պիտի գտնեն ձեր փոթորկուած մտքերը եւ ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, երբ անցնիք ձեր գրասեղանին առջեւ, ձեր գրքերուն ու թուղթերուն հետ երես երեսի ու բերան բերնի, պիտի զգաք թէ՝ ձեր ճշմարիտ ու անկեղծ բարեկամներն են անոնք»։ Մարի Պէյլէրեան չ՚ուզեր իր աշակերտներուն կեանքի վատութիւններուն մասին խօսիլ, սակայն, սեփական փորձով գուցէ բազմաթիւ յուսախաբութիւններու հանդիպած լաւապէս գիտէր, որ աշխարհի երեսին անկեղծութիւն գոյութիւն չունի եւ հետեւաբար ամենէն անկեղծն ու հարազատը գիրքերն են: 

Աստուած ամէն մարդու տուած է տարբեր շնորհք եւ իրականութիւն է, որ կեանքի մէջ բոլորը չեն յաջողիր, յաճախ յաջողութիւնը կարողութեան եւ մէկ մէկ ալ բախտին կը նայի, սակայն, Մարի կ՚ուզէ, որ իւրաքանչիւրը ինչ կոչում ու շնորհք ալ ունենայ՝ զարգացնէ եւ ամէն բան դպրոցէն չսպասէ: Մարդ պէտք է ինքնակրթութեամբ զբաղի ի՛նչ տարիքի մէջ ալ գտնուի. դպրոցը որոշ գիտելիք կրնայ տալ աշակերտին, սակայն, աշակերտը ի՛նք իր հետաքրքրութեամբ, իր հետեւողականութեամբ պարտի սերտել, ուսումնասիրել եւ իւրացնել: Մարի կ՚ըսէ, որ ամէն մարդ պայման չէ՛ միտքի մարդ ըլլայ. այս աշխարհի վրայ ամէ՛ն տեսակ մարդ հարկաւոր է. ուսուցիչը իր դերը ունի, բանուորը՝ իր տեղը, բժիշկը, կօշկակարը, դերձակը եւ բոլորը ի մի գալով է, որ մեր կեանքը կը կազմեն. պահ մը պատկերացուցէք բոլորը մտաւորական ու գրող ըլլան... այլ ասպարէզով զբաղող մարդիկ չըլլան. ինչի՞ կը վերածուի աշխարհը: 

Այս բոլորով Մարի կ՚ուզէ, որ սանուհիները հասկանան, որ աշխարհի վրայ բախտ գոյութիւն չունի (այս մէկը կը գտնենք հարցական, որովհետեւ լուրջ ուսումնասիրութեան եւ վերլուծութեան կարօտ նիւթ մըն է)։ Մարի կ՚ուզէ, որ ձախողութեան պարագային սանուհիները իրենց բախտը չմեղադրեն. անոր խօսքերով՝ «բախտը բառ մըն է լոկ». մարդ պէտք է կամենայ ու աշխատի՝ հասնելու համար նպատակներուն:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Աշխարհի մէջ բախտ գոյութիւն ունի՞:

Պատասխան. Բախտը այն երեւոյթն է, որ մարդոց պատահականութեամբ կը հանդիպի՝ առանց ակնյայտ պատճառներու։ Շատեր կը կարծեն, որ բախտը գոյութիւն ունի. օրինակ՝ մարդ մէկէն ի մէկ անսպասելի յաջողութեան կը հասնի։ Միւս կողմէ, շատեր կը կարծեն, որ բախտը գոյութիւն չունի եւ յաջողութիւնը պայմանաւորուած է աշխատանքով, հմտութեամբ եւ կարողութիւններով: Բախտի գոյութիւն ունենալ-չունենալը կախեալ է անկէ, թէ մենք ինչպէ՛ս կ՚ընկալենք պատահականութիւնն ու յաջողութիւնը մեր կեանքին մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2025