ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ «ՅՈՅՍ» ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «Յոյս»ի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեանի։ Կամաւորներու այս միաւորը վերջին շրջանին ձեւաւորուած է համայնքէն ներս՝ ընկերային զօրակցութեան հետամուտ։ «Յոյս»ը ձեռք բերած է նաեւ պաշտօնական կարգավիճակ՝ դառնալով միութիւն։ Վարչութիւնը ձեւաւորուած է՝ Յովհաննէս Սիւլիւնօղլուի գլխաւորութեամբ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուշադրութեամբ լսեց իր նկատառման յանձնուած տեղեկութիւնները եւ խորհուրդներ տուաւ՝ յատկապէս խրախուսելով երիտասարդներու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղեալ ջանքերը։ Ան մաղթեց, որ ներկայ դժուարին ժամանակաշրջանին համայնքը կարողանայ հնարաւորինս հասնիլ՝ իր խնամքի կարօտ անդամներուն։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրերուն տուաւ իր օրհնութիւնը։