ԸՆՏԱՆԻՔԸ՝ ՄԱՀՈՒԱՆ ԴԷՄ
Ընտանիքը առտնին Եկեղեցի է. ընտանիքը սուրբ միութիւն է եւ նուիրակա՛ն։ Ընտանեկան կեանքը ուրախութեան միջավայր մըն է։ Բայց երբեմն ընտանեկան կեանքը կը ցնցուի սիրելիի մը մահով։ Բայց ընտանիքի կենդանի անդամներ պէտք չէ՛ դադրին սիրելէ եւ հաւատքին լոյսը ընծայելէ։ Մահուան պատճառով սգաւոր ընտանիք մը լքելը՝ անգթութիւն է. հովուական օժանդակութիւն ընծայելու առիթ մը կորսնցնել է եւ այս վարուելակերպը կրնայ մարդուս դռները փակել ուրիշ նախաձեռնութեան մը դիմաց։ Հասկնալի է տագնապը անոր՝ որ կորսնցուցած է շատ սիրելի անձ մը, կողակից մը՝ ամուսին մը՝ որուն հետ շատ բաներու մէջ բաժնեկից եղաւ եւ ամենէն կարեւորը՝ կեա՛նքը։ Արդարեւ, Յիսուս անգամ լացաւ իր մահացած բարեկամին համար. (ՅՈՎՀ. ԺԱ 33-35)։
Ուրեմն, ի՜նչպէս չհասկնալ լացերը անոր՝ որ սիրելի մը կորսնցուցած է։ Կարծէք թէ անոր առջեւ ժամանակը կանգ առած ըլլայ, վիհ մը, խորխորատ մը բացուած, որուն մէջ կու լան անցեալը եւ ապագան։ Երբեմն մարդիկ այս ցաւը նոյնիսկ կը վերագրեն Աստուծոյ։ Քանինե՜ր դէմ կը կանգնին Աստուծոյ… բայց պէտք է հասկնալ անոնք. սէրը եւ ճշմարիտ գթասրտութիւնը ա՛յս կը պահանջէ. հաւատալ եւ հասկնալ՝ հասկնալ եւ հաւատալ, քանի որ ճշմարիտ սէրը՝ հանդուրժողութիւն, հասկացողութիւն եւ իրերօգնութիւն կ՚ենթադրէ։ Եւ խաղաղութիւնը կը վերհաստատուի շնորհիւ աղօթքին եւ ներքին ազատագրումին անկեղծ եւ համբերատար ապրումի մը։
Մարդ կը մխիթարուի գիտնալով, որ հանգուցեալներուն ամբողջական քայքայումը գոյութիւն չունի, իսկ մեր հաւատքը մեզի կ՚ապահովէ, թէ Յարուցեալը մեզ երբեք պիտի չլքէ, ուստի կրնանք այսպէս թոյլ չտալ, որ մահը մեր կեանքը թունաւորէ, մեր սիրոյ կապերը ոչնչացնէ, մեզ խաւար ամենամութ դատարկութեան մէջ նետէ։ Սուրբ Գիրքը մեզի կը խօսի Աստուծոյ մասին՝ որ մեզ սիրելուն պատճառով մեզ ստեղծեց եւ չ՚ուզեր, որ մենք կորսուինք եւ մեզ ա՛յնպէս կազմաւորեց եւ ձեւաւորեց, որ մեր կեանքը մահով վերջ չգտնէ. (ԻՄԱՍՏ. Գ 2-3)։ Պօղոս առաքեալ կը խօսի Յիսուսի հետ մահէն անմիջապէս ետք հանդիպումի մը մասին եւ մեզի կ՚ըսէ. «Փափաքը ունիմ մեկնելու եւ Քրիստոսին հետ ըլլալու». (ՓԻԼԻՊ. Ա 23)։ Մահէն ետք մեզի Անոր հետ կը սպասէ՝ ի՛նչ որ «Աստուած Իր սիրելիներուն համար պատրաստեց». (Ա ԿՈՐՆԹ. Բ 9)։ Արդարեւ, Սուրբ Գիրքը կը խօսի Աստուծոյ մասին՝ որ ՍԷ՛Ր է։ Արդարեւ, եթէ մահուան օրէնքը մեզ կը տխրեցնէ, անմահութեան խոստումը մեզ կը մխիթարէ։ Տէրոջ մէջը մեռնողներուն՝ հանգուցեալներուն կեանքը չի՛ փճանար, այլ կը կերպարանափոխուի։ Արդարեւ, «մեր մերձաւորները չկորսուեցան ոչինչի մթութեան մէջ, այլ յոյսը մեզ կ՚ապահովէ, թէ անոնք Աստուծոյ բարի եւ հզօր ձեռքերու մէջ կը հանգչին»։
Իւրաքանչիւր մերձաւոր Աստուծոյ ամենատես աչքերով դիտելը եւ անոր մէջ Քրիստոսը տեսնել եւ ճանչնալը՝ հոգեւոր խորունկ փորձառութիւն կը պահանջէ, եւ ասիկա կ՚ենթադրէ ձրի տրամադրելիութիւնը՝ որ կը ծառայէ իր արժանապատուութիւնը արժեւորելու։ Կարելի է ուրիշին լրիւ մօտիկ ըլլալ, եթէ մարդ ինքզինք տայ առանց յետին նպատակի՝ անկեղծութեամբ եւ մոռնալով իր շուրջ գտնուող ամէն ինչ։ Եւ մեզի մերձաւոր հանգուցեալներուն հետ հաղորդակցելու մէկ կերպը՝ անոնց համար աղօթելն է։ Սուրբ Գիրքը կը հաստատէ, թէ «ննջեցեալներուն համար աղօթելը, սուրբ եւ բարեպաշտ գաղափար մըն է»։
Եթէ մահը կ՚ընդունինք, կրնանք նաեւ անոր պատրաստուիլ։ Անոր ուղին՝ մեզի հետ ընթացողներուն հանդէպ սիրոյ մէջ աճիլն է, մինչեւ այն օրը «ուր ո՛չ մահ, ո՛չ արցունք, ս՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի մնայ». (ՅԱՅՏ. ԻԱ 4)։ Այսպէս, պիտի պատրաստուինք մեր մերձաւոր հանգուցեալներուն հետ հանդիպումին։ Ինչպէս որ Յիսուս մեռած զաւակը անոր մօր յանձնեց. (ՂՈՒԿ. Է 15), եւ նոյնը պիտի պատահի նաեւ մեզի։ Մեր ուժը չսպառենք անցեալ երկար տարիներուն կառչած մնալով։ Այս աշխարհի վրայ որքան բարի ապրինք, ա՛յնքան մեծ պիտի ըլլայ այն երջանկութիւնը՝ զոր մեր մերձաւորներուն հետ պիտի բաժնենք, երկինքի մէջ, եւ որքան կարենանք աճիլ եւ հասուննալ, այնքան պիտի կարենանք անոնց քաղցր բաներ տանիլ երկինքի խնջոյքին համար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 13, 2025, Իսթանպուլ