ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԱՅՑԸ՝ ԴԷՊԻ ԱՆԳԱՐԱ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ներկայ շաբթուայ սկիզբին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ է։ Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպումներ կ՚ունենայ պետական աւագանիէն կարգ մը դէմքերու եւ բարձրաստիճան դիւանակալներու հետ։ Իրեն կ՚ընկերանան Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, Հանրապետութեան նախագահի առընթեր Մշակոյթի քաղաքականութիւններու խորհուրդի կազմէն Արամ Գուրան, Պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքէն Կարօ Վռամ Պապայեան, նաեւ գաւազանակիրը՝ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։ Ան այսօր եւ վաղը նախատեսուած շփումներուն ժամանակ կ՚արծարծէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի շարք մը հրատապ հարցերը՝ ներառեալ լուծման հեռանկարներու վերաբերեալ մօտեցումներ։

Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ ամրան Գումգաբուի մէջ համայնքային մամուլին համար սարքած ասուլիսին ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնած էր, որ կը ծրագրէր նման այցելութիւն մը իրականացնել դէպի Անգարա։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2025