ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՔԷՐՄԷՍ
Մխիթարեան վարժարանի մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած Ամանորի քէրմէսը մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Հաստատութեան հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպած այս ձեռնարկը վաղահաս տօնակատարութեան մը մթնոլորտը ունէր։ Ծնողաց միութիւնը ամէն ինչ կազմակերպած էր բծախնդրօրէն։
Քէրմէսը պատուեց նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, որ տաղաւարները շրջեցաւ՝ ուղեկցութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէնի եւ Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեանի։
Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուցին՝ ծնողաց միութեան ատենապետուհի Վերժին Էրոլն ու գործակիցները, որոնք իսկապէս անթերի գործ մը տեսած էին։
Օրուան տեւողութեան դպրոցի բազում համակիրներ այցելեցին քէրմէսը՝ զօրակցելով կրթօճախին։