ԱԿՆԱՐԿ - 144 - ՄՏԵՐՄՈՒԹԻՒՆ, ՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ԿԱՄ ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ

Հանդիպումներ կան, որոնք թէեւ ուշացած կու գան, բայց կարծէք ժամանակի այդ ուշացումը ոչինչ կ՚ազդէ այդ հանդիպումին վրայ, որովհետեւ թէեւ չհանդիպած, թէեւ աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու ապրած, բայց նոյն մտածումներով, նոյն սկզբունքայնութեամբ եւ նոյն գաղափարներով սնուած, ապրած ու գործած կ՚ըլլանք:

Այդ հանդիպումները մեզի կու տան այն զգացումը կամ ապրումը, թէ առաջին հանդիպումն ըլլալով, մտերմութիւնն ու զիրար ճանչնալը կարծէք տարիներու խորք ու արմատ ունի: Ինչպէս Պարոյր Սեւակը կ՚ըսէ. «Որոշ մարդոց ուշ կը հանդիպինք, բայց մէկ անգամէն կը ճանչնանք»:

Այդպիսի հանդիպումներէն մէկն էր տարիներ առաջ Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի շրջափակին մէջ ունեցած հանդիպումս Արժ. Տ. Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեանին հետ: 

Այդ հանդիպումին պարգեւած բարի տրամադրութիւնը միտքիս եւ հոգիիս մէջ, եկաւ նոր հանդիպումը, այս անգամ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեծ ընտանիքի արդէն իսկ սիրելի դարձած մէկ անդամին՝ Հրայր Տաղլեանին հետ:

Տէր Մաշտոցը սիրալիր, ժպիտը դէմքին եւ ջերմութեամբ ընդունեց մեզ: Այդ պարզ ու մարդկային ջերմութիւնը բաւարար էր հասկնալու (նախորդ մեր հանդիպումին արդէն հասկցած էի), թէ Տէր Մաշտոցին սիրտն ու հոգին լեցուն են լոյսով, բարութեամբ եւ աւետարանական հանդարտութեամբ։ Իր խօսքը, ձայնին մեղմութիւնը, աչքերուն հայեացքը այն վստահութիւնն ու խաղաղութիւնը կու տային, որ միայն առողջ եւ դրական արժեհամակարգ ունեցող մարդ մը կրնայ փոխանցել։

Երբ ներս մտանք Տէր Մաշտոցի յարկէն ներս եւ սկսանք զրուցել, շուտով՝ թէ՛ մեր խօսակցութիւնը եւ թէ մեր ներկայութիւնը դարձան ո՛չ թէ սովորական կամ քաղաքավարական այցելութիւն մը, այլ հանդիպում մը, որուն մէջ ժամանակը չէր հաշուուեր ժամերով կամ վայրկեաններով։ Այս այն վիճակն է, երբ մարդ կը զգայ, թէ կան մարդիկ, որոնց կողքին մեր հոգին կը հանգչի, կը բացուի եւ կ՚անկեղծանայ եւ կը թեթեւնայ առանց որեւէ մէկ ջանքի կամ զսպուածութեան։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը, որուն մէջ պայծառ անուններ ու անձնաւորութիւններ շատ եղած են, կարծէք ունի մնացորդութիւն մը տալու ուժը, որով նոյնանման հոգիները իրարու կը կապէ՝ յաճախ աւելի խոր եւ անըմբռնելի կապով մը, քան սովորական ընկերութիւնները։ Եւ Հրայրին հետ մեր հանդիպումը Տէր Մաշտոցին վերի տողերուն կենդանի վկայութիւնը եղան: ԺԱՄԱՆԱԿ-ն էր, որ մեր ճամբաները միացուցած էր կեանքի մէջ եղած բազմաթիւ ճամբաներուն մէջ, իրողութիւն մը, որ դարձեալ վկայութիւնն է այն ճշմարտութեան, թէ մտերմութիւններ կան, որոնք կը ծնին ո՛չ թէ երկար տարիներու ծանօթութենէն, այլ՝ հաւասար մտածողութենէ, բարոյական սկզբունքէ եւ ապրած փորձառութենէ մեկնելով։

Այդ օր Տէր Մաշտոցը յիշողութիւններու գիրկը իյնալով պատմեց մեզի տարբեր դէպքերու, իրադարձութիւններու, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ իր առաջին քայլերուն, հիւանդանոցի առօրեային, քահանայական ծառայութեան եւ մարդասիրական ունեցած իր պարտաւորութեան փորձառութիւններուն մասին։ Այդ ամէնը կը պատմէր ո՛չ թէ որպէս արարք մը, պարտականութիւն մը, ծառայութիւն մը, պարտաւորութիւն մը, որ կատարած է անցեալին, այլ՝ կարծէք այդ պահուն այդ բոլորը կը վերապրէր, կը զգար: Աւելին, անոր խօսքին մէջէն կը պարզուէր, որ այդ բոլորը ան ընկալած է որպէս շնորհուած առաքելութիւն, որոնց մէջ ան ինքզինք գտած է, իր հաւատքը ո՛չ միայն ապրած է, այլեւ ծաղկեցուցած ու աճեցուցած։ Տէր Մաշտոցին հետ զրուցելը ո՛չ միայն մտերմութեան դրսեւորումը է, այլ շատ աւելին՝ այն ուսուցում է, դպրոց է, կեանքի՛ դպրոց է։ Եւ Տէր Մաշտոց ձայնի իւրաքանչիւր ելեւէջը, ջերմութիւնն ու քաղցրութիւնը զգալով, մարդ չի՛ կրնար չմտածել, թէ ինչքա՜ն մեծ լոյս եւ ջերմութիւն կրնայ տալ մէկ հոգի մը, երբ իր ապրած կեանքը, իր խօսքը, իր գաղափարները կը համապատասխանեն իր հաւատքին։

Այս հանդիպումը, ինչպէս ըսի, սովորական հանդիպում մը չէր, աւելին, այն ներշնչաքի պահ մըն է: Տէր Մաշտոցին մնայուն հետաքրքրասիրութիւնը, գրելու անդադրում պահանջքը, ամէն օր արարելու իր փափաքը Հրայրին եւ ինծի համար ներշնչանքի առիթ էին, աւելին՝ իրաւունք չունենալու յուսահատելու կամ մտածելու, թէ ինչո՞ւ կը գրենք կամ որո՞ւ համար կը գրենք: Իւրաքանչիւր բառ, որ կը յայտնուէր Տէր Հօր շրթներէն, կը կրէր փորձառութեան, տարիներու աշխատանքի, տառապանքի ու յաղթութեան համը։ Իր պատմած դէպքերը՝ երբեմն նուրբ, երբեմն զգացմունքային, երբեմն ալ դառնութեամբ շաղախուած, դէպի իր հոգեւոր աշխարհը դուռ մը կը բանային, ուր կարելի էր մտնել եւ տեսնել ու համոզուիլ, թէ այնտեղ արժէքներն է, որ կը գերակշռեն ամէն բանէ աւելի։ Ան կը խօսէր ո՛չ միայն իր անցեալի մասին, այլ այն ներքին ճամբային մասին, որով անցած էր՝ հասնելու համար այսօրուան իր հեզութեան, հանդարտութեան ու լուսաւոր նայուածքին։ 

Այս կեանքի մէջ կան մարդիկ, որոնք իրենց ներկայութեամբ դպրոցի, համալսարանի կը վերածեն իւրաքանչիւր հանդիպում, որ կը պատահի իրենց հետ, եւ այդ ալ առանց պահանջելու, առանց պարտադրելու։ Անոնք իրենց էութեամբ, իրենց ապրած կեանքով ու ունեցած փորձառութեամբ կ՚ուսուցանեն, կը դաստիարակեն, կը խրատեն, ինչպէս նաեւ ուղղութիւն ցոյց կու տան։ Այդպիսիներէն մէկն է Տէր Մաշտոցը, որ ո՛չ միայն քահանայ է, այլեւ՝ հոգիներու դաստիարակ՝ յատկապէս իր գրութիւններով։

Մարդիկ յաճախ կը մտածեն, թէ մեծ ուսուցիչը անիկա է, որուն ձայնը հզօր է, խօսքը՝ բարձր, կերպարը՝ շքեղ։ Տէր Մաշտոցին հետ մէկ հանդիպում բաւարար է ջրելու համար այդ կարծրատիպը: Արդարեւ, ճշմարիտ ուսուցիչը անիկա է, որ կը մխիթարէ՝ առանց խօսելու, կը լուսաւորէ՝ առանց քարոզելու, կը բարձրացնէ՝ առանց հրամայելու։ Տէր Մաշտոցը այդպիսին է։ Անոր պատմած իւրաքանչիւր մանրուք, իւրաքանչիւր մանր դէպք, թերեւս շատերու համար սովորական թուացող, իրենց համար ամբողջ կեանք մըն է, իւրայատուկ արար մըն է կեանքի մը երկա՜ր թելին վրայ ամրացած: 

Ըսեմ, նաեւ, թէ մարդուն կեանքին բոլոր կարեւոր խաչմերուկները չե՛ն որոշուիր պատմական դէպքերով, գիրքերով, աշխատանքով, ձեռքբերումներով կամ ընտանեկան պատմութիւններով, այլ՝ ծովին նման խաղաղ եւ անաղմուկ հանդիպումներով։ Հանդիպումներ, որոնք կեանքի յորձանուտին մէջ խաղաղ նաւահանգիստ հասնելու փրկութեան լաստեր են, որոնք կու գան մեր ներաշխարհը ամբողջութեամբ վերափոխելու, ջերմացնելու, յոյսով ողողելու, սիրով առատացնելու եւ հաւատքով ամրապնդելու: Հանդիպումներ, որոնք մտածել կու տան մեզի, որ բազմաթիւ մութ ու խորթ երեւոյթներու կողքին, կան լուսաւոր եւ փայլուն կէտեր՝ թէեւ քիչ, որոնք իրենց բարութեամբ, պարզութեամբ, հեզութեամբ եւ խոնարհութեամբ այդ մութն ու խորթութիւնը կը վերացնեն, անոնց փոխարէն լոյս ու ջերմութիւն ջամբելով: Տէր Մաշտոցին հետ մեր հանդիպումը այդպիսին էր արդարեւ:

Տէր Մաշտոցին հետ այդ օրուան մեր ունեցած հանդիպումը դարձաւ յուշարան մը, որ անընդհատ կը բացուի հոգիիս մէջ՝ իբրեւ ապրուած օր մը, բայց նաեւ՝ իբրեւ ուղենիշ։ Երբ դուրս եկանք Տէր Մաշտոցի տունէն՝ շուրջ երեք ժամ տեւող հանդիպումէ մը ետք, դուրսը՝ նոյն քաղաքն էր, նոյն աղմուկը, նոյն եռուզեռը, նոյն հեւքոտ առօրեան, բայց մեր մէջ բան մը փոխուած էր, կարծէք կտրուած ըլլային այդ իրականութենէն եւ ուրիշ իրականութիւն մը սկսած էր բաբախել մեր ներաշխարհէն ներս։ Վստահ եմ, որ այդ հանդիպումէն մինչ այսօր եւ տակաւին երկա՜ր օրեր, մեր առօրեայ ընթացքին ունեցած ելեւէջներուն, մտատանջութիւններուն, ուրախութիւններուն կամ տխրութիւններուն ընթացքին պիտի վերյիշենք դրուագ մը, նշմար մը այդ հանդիպումէն, աւելին՝ այդ պահերուն պիտի յիշենք Տէր Մաշտոցին հայեացքը, ժպիտը, վստահութեան ու խաղաղութեան անհոգ շունչը, եւ այդ բոլորը պիտի դառնան նորոգող ուժ, ոգեկոչող յոյս եւ մխիթարութիւն այս մթագնած օրերուն մէջ։ Այդ օրուան մեր հանդիպումը սոսկ հոգեւորականի մը հետ չէր, այլ՝ հոգիի մը, որ կը լծորդէր մեզ իր ներաշխարհին, իր դրական տրամադրութեան հետ։

Եւ հիմա, երբ այս տողերը կ՚արձանագրեմ, կը գիտակցիմ, աւելին՝ կրկին անգամ կը համոզուիմ, թէ կեանքի մէջ երբեմն մարդուն տրուած ամենամեծ պարգեւը ո՛չ թէ առարկայական կան նիւթական նուէրն է, այլ՝ մարդկային հարազատ, անկեղծ եւ ջերմ ներկայութիւն մը. ներկայութիւն մը, որ կը դառնայ խորհրդանիշ, յուշ, ուղեցոյց եւ լո՜ւռ օրհնութիւն։ Այդպէս մնաց եւ պիտի մնայ մեր հանդիպումը Տէր Մաշտոցին հետ՝ իբրեւ լոյսի շող մը, որ կը շարունակէ իր ներազդեցութիւնը մեր հոգիներէն ներս։

Օրհնեցէ՛ք, Սիրելի Աւագ Եղբայր եւ Գրչեղբայր, Հոգեհարազատ Տէր Մաշտոց:

Սիրով եւ կարօտով՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

24 նոյեմբեր 2025, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2025